Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Փրակայի Աշունը

October 17, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատմութեան մէջ անջնջելիօրէն արձանագրուած են 1968-ին 5 յունուարէն 21 օգոստոս երկարող ամիսները, երբ չեխոսլովաք (այդ օրերուն Չեխիան եւ Սլովաքիան միասնաբար մէկ երկիր կը կազմէին) ժողովուրդը ցասում ու զայրոյթ արտայայտեց Խորհրդային Միութեան դէմ: Այդ շարժումը ծանօթ է իբրեւ «Փրակայի գարուն»: Տեղի ունեցան ցոյցեր, բողոք եւ ընդհարումներ, որոնք աւարտեցան կարմիր Մոսկուայի եւ իր արբանեակ երկիրներու զինուորական միջամտութեամբ:

Վլթաւա գետի ափին, Չեխիոյ գեղեցիկ մայրաքաղաքին` Փրակայի մէջ, այս տարուան աշնան օրերուն` 6 հոկտեմբերին, տեղի ունեցաւ նորաստեղծ «Եւրոպական քաղաքական համայնք»-ի վեհաժողովը: Չեխ ժողովուրդին համար իւրայատուկ եւ գերտպաւորիչ է Փրակայի աշունը, որ հաւանաբար նոյնքան տպաւորեց այդ ժողովին մասնակցող քաղաքական ընտրանին:

Աշունը որքան ներգրաւէ այցելողը` իր բնական տեսարաններով, նոյնքան ալ կը ստեղծէ մելամաղձոտութիւն, տրտմութիւն, «ժամանակին…», «էր երբեմն»-ի յուշեր դարբնող տխրութիւն եւ անշուշտ նաեւ տերեւաթափ` իր տարբեր իմաստներով եւ ըմբռնումով:

Հայորդիին համար շատ աւելի տխուր եւ թախծոտ էր Չեխիոյ մայրաքաղաքին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումներուն արդիւնքը, որ պարզ ու մեկին կարելի է բնութագրել իբրեւ «Փրակայի աշուն»:

Աշուն մը, ուր ակներեւ կերպով բացակայ էր հայկական կողմի դիւանագիտութիւնը, որ կոչուած էր ըլլալու թշնամիին անօդաչու սարքին չափ ազդու եւ կործանիչ: Հայրենի դիւանագիտութիւն մը, որուն նշաձողը արդէն այնքան վար իջած է, որ գետնին հաւասար դարձած է, եթէ ոչ` մառան մը իջած…

Թէեւ մանրամասնութիւններ չեն հրապարակուած, սակայն ահազանգային են Պաքուի բռնապետին խօսքերը, թէ` երկու երկիրներուն միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիր մը ստորագրելու գործընթացը արագացած է, եւ թէ` հայկական կողմն ու Եւրոպայի խորհուրդը հարցեր չունին ազրպէյճանական կողմի առաջադրած հինգ սկզբունքներու առնչութեամբ: Թուրքիոյ նախագահը նոյնքա՜ն «վեհանձն» է եւ «առատաձեռն»: Ան Հայաստանի հետ համաձայնագիր կնքելու եւ սահմանները (նախ եւ առաջ երրորդ երկիրներու ժողովուրդներու առջեւ) բանալու համար ո՛չ մէկ նախապայման ունի, բացի այն, որ… Հայաստան ընդունի Պաքուի բոլոր պարտադրանքները:

Ազերիական հինգ կէտերը շատո՜նց յստակ են.

– Արցախի Պաշտպանութեան բանակի լուծարում:

–  Առանց որեւէ ինքնավարութեան կարգավիճակի` Արցախի միացումը Ազրպէյճանին եւ այդ «կարգավիճակին» ճանաչումը: Աւելի մանրամասնելով` Ազրպէյճանի կառավարութիւնը պիտի առաջադրէ ներկայացուցիչ, որ պիտի աշխատի Լեռնային Ղարաբաղի ծագումով հայ համայնքին նշանակած ներկայացուցչին հետ` քննելու Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչներու իրաւունքները եւ ապահովութիւնը:

– Նախիջեւանի հետ կապ հաստատելու համար Հայաստանի տարածքով միջանցքի ստեղծում:

– 1919-1920 տարիներու անյայտ քարտէսներով սահմանազատման եւ սահմանագծման գործընթաց: (Ի դէպ, միայն քարտէսները անյայտ չեն, այլ այդ տարիներուն շատ բան անորոշ էր ու անյայտ, իսկ եթէ փնտռող ըլլայ, կրնայ շատ բան ի նպաստ հայութեան գտնել):

– Անհետ կորած ազրպէյճանցիներու ճակատագրի յստակացում: Հրապարակ նետուած են «աստղաբաշխական» թիւեր:

Հաւանաբար վերջին կէտը ստեղծէ ամբողջականօրէն անձնատուր ըլլալու կարգավիճակ մը, թէեւ մնացեալ կէտերը անակնկալ չեն: Այս ընթացքով, ու եթէ այսպէս շարունակուին խօսակցութիւններն ու պարտուողական համաձայնագրերու ստորագրումը, մօտիկ ապագային Հայաստան պիտի մեղադրուի` իբրեւ… պատերազմական յանցագործ:

Այս պատկերին դիմաց ինչպէ՞ս չզայրանալ, չըմբոստանալ եւ չընդվզիլ , երբ յիշենք «դիմացին»-ին կատարածները` անցեալ 13 սեպտեմբերին գերեվարուած անմեղ զինուորներու դաժան գնդակահարումէն, կին զինուորի մը տանջահար սպանութենէն` մինչեւ 19 փետրուար 2004, Պուտափեշտի մէջ Գուրգէն Մարգարեանի կացինով գլխահատումը «հերոս» Ռամիլ Սաֆարովի ձեռամբ, սահմանագիծէն եւ ռազմադաշտերէն շատ հեռու: Իսկ անոնց միջեւ կան բազմաթիւ դաժան փուլեր` ահաբեկիչներու օգտագործումով պատերա՜զմ, յաճախակի կրակոցներու զոհե՜ր, նիւթական անհաշիւ կորուստնե՜ր: Այսօր ո՞վ կը յիշէ Ստեփանակերտի եւ այլ աւաններու, շրջակայ անտառածածկ բարձունքներու արգիլեալ` ֆոսֆորային ռումբերով ռմբակոծումը… Ահա թէ ի՛նչ ունէինք ի մտի, երբ ակնարկութիւն կ՛ընէինք Երեւանի դիւանագիտական բազուկին ինքնաանդամալուծման:

Սուլթանամէտ Էրտողանի հետ վարչապետ Փաշինեան ունեցաւ երկար ձեռքսեղմումներ, ապա` Ս. Փեթերսպուրկ այցելութենէն ետք, ձեռնունայն վերադարձաւ Երեւան, երկար ձեռք սեղմումներ ունենալով իր հլու կամակատարներուն հետ:

Արդեօք դեռ ժամանակ կա՞յ սպասելու, որ վարչապետն ու իր (թշնամիին կամակատար) ընտրանին ետդարձ ընեն իրենց ստեղծած ահաւոր եւ գահավէժ ընթացքէն: Այլապէս, Հայաստան եւ հայութիւնը «Փրակայի աշուն»-էն ետք ահաւոր, սաստիկ եւ նոր կորուստներ խոստացող ձմրան սեմին պիտի կանգնին, իշխանաւորներուն համակիրները պիտի շարունակեն գովերգել իրենց պաշտելին եւ հաւատարիմ պիտի մնան «մեզի ի՛նչ» վարմունքին:

Յովհաննէս Շիրազը պիտի ըսէր. «Ալ բաւակա՛ն է, չպէ՛տք է լռել»: Պէտք է սթափիլ եւ գտնել ՎԵՐԱԴԱՐՁԻ ՈՒՂԻՆ:

Նախորդը

16 Հոկտեմբեր` Հայ Մամուլի Օրուան Առիթով. Շնորհաւոր Հայ Մամուլի Օր

Յաջորդը

Ռուսիա Թէ Արեւմուտք Երկընտրանքը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Համազգային Համախմբում

November 6, 2026
Ապրուած Օրեր. ԺԲ.- Քոպանիէն Երեւան
Անդրադարձ

Ապրուած Օրեր. ԺԲ.- Քոպանիէն Երեւան

November 6, 2026
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

«Եւ Ինչպէ՞ս Չհպարտանալ…» 67 Տարիներու Հաւատքի, Ծառայութեան Եւ Նուիրումի Լուսաւոր Ճամբայ

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.