Ստացուած Գիրքեր. «Արեւմտեան Հայաստանի Պիթլիսի Նահանգի Հայ Բնակչութեան Թիւը Մեծ Եղեռնի Նախօրեակին»(Հեղինակ` Ռոբերտ Թաթոյեան)
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Պէյրութի «Շիրակ» հրատարակչատունէն 2022-ին լոյս տեսաւ Ռոբերտ Թաթոյեանի «Արեւմտեան Հայաստանի Պիթլիսի նահանգի հայ բնակչութեան թիւը Մեծ եղեռնի նախօրեակին» գիրքը, բաղկացած` 208 էջերէ: Հեղինակը գիրքը ձօնած է մօր` Անժելա Ղուշչեանի յիշատակին: Գիրքը հրատարակուած է ՀԲԸ Միութեան «Վահրամ Ապտալեան» մշակութային հիմնադրամի միջոցներով: Հեղինակը կ՛ըսէ, որ աշխատանքին նպատակն է վիճակագրական աղբիւրներու տուեալներու համեմատական վերլուծութեան միջոցով եւ անոր հիման վրայ կատարել Հայոց...




















