Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Արցախը Հայաստան Չէ Եւ Վերջ»

Հոկտեմբեր 19, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ա. Ա.

Օրէ օր աւելի յստակ կը դառնայ, որ Արցախը բանակցութիւններու սակարկութեան նիւթի իսկ պիտի չվերածուի, որովհետեւ բոլոր տուեալները եւ երեւոյթները ցոյց կու տան, որ Երեւանի իշխանութիւնները առաւելաբար տրամադրուած են Ազրպէյճանի հետ բանակցութիւններու սեղանին շուրջ նստելու եւ քննարկելու Հայաստան- Ազրպէյճան խաղաղութեան համաձայնագիր մը, որ չ՛ընդգրկեր Արցախն ու Արցախի վերջնական կարգավիճակի խնդիրը:

Այս ենթադրութեան առաջին յղումը կ՛երթայ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի այն յայտարարութեան, որ Արցախի հարցով հիմնական միջնորդները` Միացեալ Նահանգներ, Ռուսիա եւ Եւրոպական Միութիւն, պատրաստ չեն ճանչնալու Արցախի անկախութիւնը կամ Արցախը` Հայաստանի մէկ մասը:

«Յանուն ճշմարտութեան» կատարուած Փաշինեանի այս յայտարարութիւնը տարբեր ձեւով դրսեւորուեցաւ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեանի կողմէ, երբ ան նշեց, որ իր կարծիքով, Արցախ բառը Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ կնքուելիք խաղաղութեան համաձայնագրին բնագիրին մէջ տեղ պէտք չէ գտնէ, որովհետեւ անկախութենէն ի վեր Հայաստան տարածքային պահանջներ չէ ունեցած դրացի պետութիւններէ եւ ճանչցած է Ազրպէյճանի հողային ամբողջականութիւնը: Սակայն հոս Սիմոնեանին պէտք է յիշեցնել եւ հարց տալ, թէ 2019-ին Փաշինեան Ստեփանակերտի մայր հրապարակին վրայ արտասանած իր խօսքին ընթացքին ի՞նչ կը պատկերացնէր, երբ յայտարարեց, որ` «Արցախը Հայաստան է եւ վերջ»: Ամբոխավարութեան դրսեւորո՞ւմ էր, թէ՞ հանրութիւնը շփոթի մատնելու, կամ թշնամին պատերազմի առաջնորդելու փորձ մը:

Հոս պէտք է նկատի ունենալ նաեւ Ստեփանակերտի իշխանութիւններուն տեսակէտը, մանաւանդ` Երեւանի իշխանութիւններուն այն պնդման վերաբերեալ, որ Արցախի հարցով բանակցող կողմը պէտք է արցախցիները ըլլան: Այլ խօսքով, Երեւանի իշխանութիւններուն չի վերաբերիր Արցախի խնդիրը, որ առաւելաբար արցախցիներուն կը պատկանի: Ստեփանակերտ, հակադարձելով Երեւանի իշխանութիւններուն այս տրամաբանութեան, որ անշուշտ իր ետին ունի շատ վտանգաւոր ծալքեր, յայտարարեց, թէ այնքան ատեն որ Ստեփանակերտը` իբրեւ բանակցող կողմ, նկատի չէ առնուած, Երեւան կը գտնուի արցախցիներուն իրաւունքներուն պաշտպանութեան պարտաւորութեան եւ լիազօրութեան տակ: Փաշինեանի այս մասին կատարած յայտարարութիւնը, որ Ղարաբաղի հարցով հիմնական բանակցողը պէտք է Արցախը ըլլայ, Ստեփանակերտի իշխանութիւնները մղեց յիշեցնելու, թէ Արցախի խնդրով զբաղելու Երեւանի իշխանութիւններուն պարտաւորութիւնը եւ լիազօրութիւնը ամրագրուած է Հայաստանի ներքին պետական եւ միջազգային փաստաթուղթերուն մէջ:

Ալեն Սիմոնեան սակայն կը պնդէ, որ Արցախի խնդիրը արցախցիներուն ինքնորոշման իրաւունքի խնդիր է եւ ըստ այնմ պէտք է քննարկուի: Հետեւաբար ոչ մէկ առնչութիւն կրնայ ունենալ Հայաստան-Ազրպէյճան խաղաղութեան համաձայնագրին հետ: Սիմոնեանի պնդումը նաեւ կը յուշէ, որ Երեւանի իշխանութիւններուն համար Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման խնդիրը վերածուած է իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցի մը:

Դիւանագիտական բառամթերքին տրամաբանութիւնը Ալեն Սիմոնեանի խօսքին մէջ շատ յստակ է: Արցախի անկախութեան եւ պետութեան գաղափարէն Երեւանի իշխանութիւնները հրաժարած են: Ընդամէնը խօսքը կը վերաբերի Արցախի մէջ տակաւին ապրող արցախցիներուն իրաւունքներուն, որոնցմէ մին ճիշդ է, որ ինքնորոշման իրաւունքն է, սակայն ներկայիս արդէն իսկ յստակացած է, թէ այս մասին ոչ մէկ դիտաւորութիւն գոյութիւն ունի: Թէ ո՞ւր, ո՞վ եւ ինչպէ՞ս պիտի քննարկուի արցախցիներուն ինքնորոշման խնդիրը, Երեւանի իշխանութիւնները չեն գիտեր: Կամ արդէն համոզուած են, որ նման խնդիր նոյնիսկ քննարկման առարկայ չէ: Հետեւաբար դարձեալ հարցումը ինքզինք կը պարտադրէ: Փաշինեան 5 օգոստոս 2019-ին Ստեփանակերտի մէջ ինչո՞ւ յայտարարեց, որ` «Արցախը Հայաստան է եւ վերջ»: Հիմա աւելի քան յստակ է, որ Փաշինեան ըսել կ՛ուզէր, որ «Արցախը Հայաստան չէ եւ վերջ»:

 

 

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Ինկած Արհեստի Իշխանը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?