Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մարմնակրթութեան Ախոյեան Հուրի Կէպեշեանի Այցելութիւնը Այնճար

October 20, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԶԱՒԷՆ Գ. ՂԱՐԻՊԵԱՆ

Յակոբ Կէպեշեանի եւ Քրիստինէ Աբրահամեանի զաւակ, մարմնամարզուհի Հուրի Կէպեշեան ծնողներու ծննդավայր Այնճար այցելեց սեպտեմբեր 2022-ին, Մուսա Լերան քառասուն օրերու հերոսամարտի 107-րդ տարեդարձին առիթով:

Ո՞վ է Հուրի Կէպեշեան:

Յակոբ եւ Քրիստինէ եօթանասունական թուականներուն ձգելով Այնճարը` կը գաղթեն Միացեալ Նահանգներ, հոն կ՛ամուսնանան եւ կ՛ունենան զաւակներ, որոնց երկրորդը` Հուրին, կը ծնի 27 յուլիս 1989 թուականին, Մասաչուսեց, Քեմպրիճ:

Ան 2007-ին կ՛աւարտէ Հիւսթընի Հիւսիսային աւագ դպրոցը: Ապա 2011-ին կ՛աւարտէ Այովայի համալսարանը եւ կը ստանայ մարմնակրթութեան վերապատրաստման պաքալորէայի վկայական:

Հուրի Կէպեշեան այդ շրջանին կ՛ունենայ կրկնակի քաղաքացիութիւն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի:

Հոկտեմբեր 2011-ին ան Հայաստանը կը ներկայացնէ Ճափոնի մայրաքաղաք Թոքիոյի մէջ` մասնակցելով աշխարհի մարմնակրթութեան ախոյեանական մրցումներուն, կը ստանայ 45.899 թիւ` դառնալով 128-րդ մարզիկուհին:

2012 թուականին մարմնի վնասուածք ստանալով` չի կրնար մասնակցիլ Ողիմպիական մրցումներուն: Ապա բժիշկ դառնալու մտադրութեամբ կ՛ընդունուի Ուէյք բժշկական դպրոց ու զայն կ՛աւարտէ 2014 թուին` ստանալով գիտութիւններու պսակաւորի աստիճան:

Հուրի Կէպեշեան չորս տարի մարմնակրթական մրցումներէ բացակայելէ ետք, 2015-ի ապրիլին կը մասնակցի Եւրոպայի մարմնակրթական ախոյեանութեան մրցումներուն, Ֆրանսա Մոնփելիէ քաղաքին մէջ` հասնելով աւարտական մրցումին, դառնալով 19-րդ, ունենալով 51.198 թիւ:

Սկովտիոյ Կլասքօ քաղաքին մէջ 2015-ին ան կը մասնակցի մարմնակրթութեան ախոյեանութեան մրցումներուն եւ իր շահած կէտերով ան իրաւունք կ՛ունենայ մասնակցելու Պրազիլի Ռիօ տէ Ժաներօ քաղաքին մէջ 7 օգոստոս 2016-ին տեղի ունեցող Ողիմպիական մարմնակրթական մրցումներուն, ներկայացնելով Հայաստանը: Հուրին իր ելոյթները գագաթնակէտի կը հասցնէ մարմնակրթութեան մէջ նոր շարժում մը կատարելով: Մրցումի աւարտին շարժումը կը ստանայ «Gebeshian Skills» անունը:

Հուրի Կէպեշեան ներկայիս կ՛աշխատի Օհայոյի Քլիվընտի հիւանդանոցին մէջ:

 

 

 

Նախորդը

Անժամանակ Կորուստ Մը

Յաջորդը

Տոմս. Աղբը` Աղբամանին Մէջ

RelatedPosts

Դիմակայելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Դիմակայելու Ժամանակը

September 18, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Եմէն. Երբ Աշխարհագրութիւնը Զէնքի Կը Վերածուի

September 18, 2026
Ապրուած Օրեր.  Գ.- Կիւզել Պոլիսն Ու Մեծ Մայրս
Անդրադարձ

Ապրուած Օրեր. Գ.- Կիւզել Պոլիսն Ու Մեծ Մայրս

September 18, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.