ՎԵՐԱ
Խանամիրեան քոլեճ յաճախած աշակերտներուն եւ շրջանաւարտներուն համար կայ փաղանգ մը ուսուցիչ-ուսուցչուհիներու, որոնք որպէս տիտաններ` դաստիարակած են իրերայաջորդ սերունդներ: Գէորգ Միքայէլեան, Մարօ Գանտահարեան, Շաքէ Եագուպեան, Քնար Աբրահամեան, որոնք անվերադարձ մեկնած են արդէն մեր աշխարհէն, բայց միշտ կը յիշուին իրենց աշակերտներուն կողմէ:
Խանամիրեան քոլեճի աշակերտներուն վերջին կորուստը այդ տիտաններէն մէկն էր` տիկ. Սոնա Մազմանեան-Նաճարեանը:
Խանամիրեանի նախակրթարանի տարիներուս, երբ կարգապահ շարքերով կը բարձրանայինք դասարան, ակնածանքով ու նաեւ վախով կը հետեւէինք օրդ. Մազմանեանին, որ աստիճաններուն սկիզբը կանգնած` «կ՛որսար» դպրոցին մէջ արգիլուած որեւէ երեւոյթով ներկայացած աշակերտները եւ յաջորդ օր չկրկնելու խիստ թելադրանքով կ՛արտօնէր, որ դասարան ուղղուին:
Միջնակարգի առաջին օրը նոյն վախով ու ակնածանքով ընդունեցինք տիկ. Նաճարեանը, որ իր պարզութեամբ եւ համեստութեամբ անմիջապէս անհետացուց մեր տարակուսանքները: Իսկ իմ պարագայիս, հայոց լեզուի եւ գրականութեան պաշտամունքիս միացաւ տիկ. Սոնան, որ ոչ միայն կը խրախուսէր եւ կը քաջալերէր գիրքերու հանդէպ իմ «մոլութիւնս», այլ նաեւ իր ներդրումը կ՛ունենար այդ «մոլութեան» զարգացման մէջ: Անակնկալ ուղղագրութիւնները, երկարաշունչ կենսագրական գիծերը, քերականական կանոնները եւ տիկ.
Նաճարեանը մեր ամէնօրեայ դպրոցական կեանքին մաս կազմեցին միջնակարգի տարիներուն: Տիկ. Սոնան ոչ միայն ուսուցչուհի էր, այլ նաեւ դաստիարակ: Հայեցի դաստիարակութիւնը եւ շունչը կը փոխանցէր իր աշակերտներուն` անոնց մէջ զարգացնելով նաեւ իրենց անհատականութիւնը: Յիշատակներու շարան մը կը տողանցէ հիմա, եւ իւրաքանչիւրը աւելի քաղցր ու աւելի հասկնալի է այսօր արդէն:
Տիկ. Սոնային ներկայութիւնը շարունակած եմ վայելել Խանամիրեան քոլեճը աւարտելէս ետք ալ` որպէս պաշտօնակից թէ՛ Խանամիրեանի եւ թէ՛ Սոֆիա Յակոբեան ազգային վարժարաններուն մէջ: Կը յիշեմ զինք` նստած Խանամիրեան քոլեճի ուսուցչարանը, անբաժան ծխախոտը ձեռքին, ճիշդ պատուհանին քով, տիկ. Սոնային անկիւնը, սուրճ խմած եւ «Ազդակ»-ը թերթատած ամէնօրեայ առաքելութեան մէջ: Թէեւ իր աշակերտն էի, բայց ինք ոչ մէկ օր եւ ոչ մէկ առիթով որպէս աշակերտի կը վարուէր հետս, այլ կը քաջալերէր, որ աշակերտի հոգեբանութենէն անցնիմ պաշտօնակիցի հոգեբանութեան:
Տարբեր առիթներ, դէպքեր, յուշեր, խօսակցութիւններ կը տողանցեն մտքիս մէջ, երբ կը յիշեմ քեզ, շա՛տ սիրելի տիկ. Սոնա:
Լուռ, անշշունչ մեկնեցար այս աշխարհէն, Քանատայի ափեր վերադառնալէդ քանի մը օր ետք: Քեզի համար հարազատ Լիբանանը իր տաքուկ բոյնը ըլլալու կարելիութիւնները կորսնցուցած էր, եւ դժբախտաբար դուն ալ բոլորիս հետ վայելեցիր Լիբանանի ցուրտ օրերն ու գիշերները` առանց ջեռուցումի, առանց ելեկտրականութեան:
Քու առյաւէտ մեկնումովդ կորսնցուցի հարազատ մը, որուն հետ կապս անցած էր ուսուցչուհի-աշակերտ սահմանները: Կեանքիդ զանազան փուլերուն մասնակից եղայ, բայց դժբախտաբար կեանքիդ վերջին փուլը քեզ տարաւ հեռաւոր Քանատա, եւ ես չկրցայ վերջին հրաժեշտս տալ քեզի:
Վերջին հրաժեշտիդ պահուն քեզի սիրելի աշակերտուհիդ` Թամար Տօնապետեանը, մեր բոլորին զգացումները ամփոփելով, դամբանական խօսք արտասանելու ծանր պարտականութիւնը կատարեց: Միշտ կը կրկնէիր, որ երբեք առանձին չես: Ունիս քրոջ զաւակներ, որոնք հարազատ զաւակի նման կը սիրեն եւ կը հոգան քեզ: Ունիս պաշտօնակիցներ, որոնք միշտ կողքիդ են: Ունիս աշակերտներ, որոնք բնաւ չեն մոռնար քեզ: Յուղարկաւորութեանդ պահուն, հեռուէն, մղոններ հեռու, մենք բոլորս վերջին հրաժեշտ տուինք քեզի:
Հաստատեմ, որ մեծ թիւով աշակերտներ, զորս փնտռած ու գտած ես Դիմատետրով, քու կորուստդ սգացին: Զմայլած եմ քու կարողութեանդ վրայ, որ կեանքիդ յառաջացած տարիներուն դարձար Դիմատետրի մնայուն այցելու: Զմայլած եմ, որ կապ հաստատած ես բոլորին հետ: Քու գուրգուրանքդ ընդլայնած եւ հասած ես աշխարհի բոլոր անկիւնները տարածուած քու աշակերտներուդ: Յարգանքի կողքին, սէր բաշխած ես բոլորին: Եւ այսօր չկաս: Լուռ է քու Դիմատետրի էջդ, եւ այդ կը ցաւցնէ:
Արցախեան վերջին պատերազմը եւ անոր կորուստները շատ խոր ազդած էին վրադ: Իւրաքանչիւր խօսակցութեան` ցաւով կը յիշէիր պատահածները, զանազան աշակերտներու կապուելով` քեզի անծանօթ արցախցիներուն օժանդակութիւններ ապահովեցիր, որովհետեւ վէրքդ խոր էր, եւ անկարելի էր, որ դուն անտարբեր մնայիր քու հարազատ ժողովուրդիդ ցաւերուն նկատմամբ:
Վերջին ուսուցչաց տօնի նախօրեակին աղաչեցի, որ «Վանայ ձայն»-էն հարցազրոյց մը արտօնէիր: Մերժեցիր` «Դրական ըսելիք չունիմ, ժխտական խօսքեր չեմ ուզեր ըսել» պատրուակով: Ափսո՜ս, որ կարելի չեղաւ քեզ համոզել: Ուսուցչաց վերջին տօնի բարեմաղթութիւններուս պատասխանած ես, որ` «Լաւ ուսուցիչ ըլլալս կը պարտիմ լաւ աշակերտներուս, բարի աչքերուն, ուր յարգանք եւ սէր կար ուսուցիչներուն ու ընկերներուն հանդէպ: Միշտ հպարտ զգացած եմ, որ հայ վարժարանի եւ հայ լեզուի ուսուցչուհի եմ»:
«Ցտեսութի՛ւն, տիկ. Սոնա:
Ի ՔԱՂՑՐ ՏԵՍՈՒԹԻՒՆ»:
ՎԵՐԱ


