Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Օրդ. Մազմանեանը*

October 15, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԹԱՄԱՐ ՏՕՆԱՊԵՏԵԱՆ

Պէյրութէն հասած էր բօթը. փոխանցողը իր սիրելի աշակերտներէն Վերա Բարսեղեանն էր:  Մեր հայոց լեզուի ուսուցիչներէն օրդ. Մազմանեան ոչ եւս է: Թորոնթոյի Սուրբ Աստուածածին Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ մէջ խունկ ու մոմով շրջապատուած իր անկենդան մարմինը Թորոնթոյի անհաղորդ հողին յանձնուեցաւ:

Ծաղկեպսակ ու ծաղկեփունջ, հայոց լեզուի ուսուցիչի իր վեհ առաքելութեան լուռ վկաներ որպէս, իրենց գլուխները խոնարհած են: Արտասուաթոր աչքերով հարազատներ, Սուրէն Խանամիրեան ազգային քոլեճի աշակերտներ, ուսուցիչ` հաւաքուած են իրենց վերջին հրաժեշտը տալու վաստակաւոր կրթական մշակին:

Անոր վերջին հրաժեշտ տալու համար երբ եկեղեցի մտայ, ակնթարթ մը կարծեցի, որ կը գտնուիմ  Պէյրութ, Սուրէն Խանամիրեան ազգային քոլեճ,  դպրոցական զգեստիս մէջ, մանկութեան ջերմ գիրկը: Աղօթք, զանգ, դաս ու խաղ վերակենդանացան մտապատկերիս մէջ, ու ահա` օրդ. Մազմանեանը:

Մտածկոտ գլուխը առջեւ ձգած, սրճագոյն կոկիկ մազերը ճակատէն հեռու, սեւ կաշիէ պայուսակը թեւին տակ, հազի շաքարը բերնին, յամրաքայլ ու ինքնամփոփ` դասարան կը մտնէ: Չնստած` աչք մը կը նետէ աշակերտութեան վրայ, տեսածէն գոհ կամ դժգոհ ըլլալը դէմքին արտայայտութենէն կը հասկնանք:

Բակին մէջ, աշակերտութեան շարքին մօտ կը տեսնեմ զինք. «Առաւօտ լուսոյ»-էն ետք կը սկսինք ուղղուիլ դէպի դասարան, բայց աղջիկներէն ոմանք ճամբան կը բռնուին. օրդ. Մազմանեան շարքէն կամացուկ մը կը հանէ զիրենք` անոնց ճակտին մազերը մէկ կողմ հրելու եւ ծամակալ մըն ալ իր քովէն անոնց գլխուն տեղաւորելու համար:

«Ձեր անուշիկ դէմքերը տեսնեմ, բացէ՜ք ձեր ճակատները», կ՛ըսէ մեղմ ձայնով ու ժպտերես:

Պատերազմի տարիներն էին. անիծեա՜լ տարիներ:

Երբեմն նկուղէ մը կ՛ելլէինք դպրոց երթալու համար. երբեմն դպրոցէն չէինք վերադառնար տուն եւ ստիպուած կ՛ըլլայինք գիշերել մեր տուներէն հեռու, այլ շրջանի մը մէջ, որ աւելի ապահով կը նկատուէր այդ պահուն: Երբեմն պարտականութիւնները օրին չէին հասներ, երբեմն ընթերցումները սահուն չէին ըլլար: Այդ բոլորը կը հասկնային մեր ուսուցիչները, ներառեալ` օրդ. Մազմանեանը:

Բոլորին առիթ տուող, կմկմացողին ալ` «Յայտնի է, որ դասդ լաւ չես սորված»-ը համբոյրի պէս փակցնող ուսուցիչը համբերատար էր, միաժամանակ բծախնդիր` թէ՛ հայերէնի ուսուցման, թէ՛ մեր` իբրեւ հայ աշակերտներու, վարք ու բարքին ուշադրութիւն դարձնող: Հայոց լեզուի եւ մատենագրութեան ուսուցչուհին նաեւ հայ սերունդ դաստիարակողն էր:

Եկեղեցւոյ մէջ տեղի կամ անտեղի խօսակցութիւնը իր անընդունելիներու շարքին էր. թարմ է յիշողութեանս մէջ այդ օրը, երբ Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ աննկատ մօտեցաւ ինծի, քնքշութեամբ ձեռքս բռնեց ու զիս առաջնորդեց  տաճարին ետեւի մասը, ուր ոտքի մնացի մինչեւ արարողութեան աւարտը: Կարծես երէկ էր, երբ իր տան մէջ զիս դիմացը նստեցուցած` լուռ կը հետեւէր արտասանութեանս ու դէմքս կը կարդար իր բարեգութ աչքերով,  երբ տարեշրջանի սկիզբը իր աշակերտներուն ցանկը կը դնէր դիմացս` պատուիրելով, որ նիշերու տետրակին մէջ գրեմ այդ անունները:

Անկասկած բոլորս ունինք մեր յուշերը, եւ երբ այդ յուշերը կեանքի կը կոչուին դարձեալ, կը գիտակցինք, որ ուսուցիչը` հայ ուսուցիչը, հայոց լեզուի ուսուցիչը, սիրելի օրդ. Մազմանեանը իր հոգիէն կաթիլ առ կաթիլ սերմանեց իւրաքանչիւրիս մէջ: Անհուն երախտագիտութեան զգացումներով կը լեցուինք. անիծեալ տարիներն ալ կը վերածուին կարօտալի, երանելի տարիներու:

Օրդ. Մազմանեան անոնցմէ էր, որ չդադրեցաւ իր աշակերտներով հետաքրքրուելէ. ինչպէս մեզմէ ոմանք կը վկայեն, իր յառաջացած տարիքին ընկերային ցանցերու վրայ էր իրենց հետ կապ պահելու համար:

Ահա հատուած մը` մեր նամակագրութենէն, տարին` 2016:

«ՍԻՐԵԼԻ Թամար Տօնապետեան-Գուզուեան, կը գրեմ քեզի` շնորհաւորութիւններս յայտնելու եւ ըսելու, որ հպարտ եմ Խանամիրեան քոլեճի ուսանողուհի եղած ըլլալուդ եւ այսքան հայութեամբ տոգորուած կեանք ապրելուդ: Հարազատներուդ բարեւներս հաղորդէ: ՍՈՆԱ ՄԱԶՄԱՆԵԱՆ»:

«Սիրելի՛ ուսուցչուհիս, բարի՛ եկաք Թորոնթօ… Շատ շնորհակալ եմ ձեր ազնիւ, հարազատ խօսքերուն համար. անչափ երախտապարտ եմ` ձեզի, սիրելի դպրոցիս, ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուս», եղաւ պատասխանս:

Բնաւ չէի պատկերացներ, որ օր մը պիտի կենամ իր անկենդան մարմնին առջեւ իր մասին խօսելու եւ ոչ` իրեն հետ, եւ յուզումը կոկորդս պիտի ճմլէր: Ինք եւ մայրս յաճախ կը խօսէին իրենց պաշտօնավարութեան տարիներուն մասին. օրդ. Մազմանեան անվերջ իր թաղը, իր դրացիները, իր միջավայրը, իր քաղաքը` Պէյրութը, կը փնտռէր. թէեւ ոմանց զարմանալի կրնայ թուիլ, որ Քանատայի նման համեմատաբար հանգստաւէտ պայմաններով օժտուած երկիր մը մէկ կողմ հրելով` Պէյրութը կը փնտռէր ան:

Սակայն այդ Պէյրութը, որ ինք կը փնտռէր չկար այլեւս: Ու արդէն չկայ նաեւ ինք: Երկրաւոր կեանքի մէջ ամէն ինչ անցողակի է, սակայն ուսուցիչը կ՛ապրի իր աշակերտներուն իւրաքանչիւր քայլին, գիրին ու խօսքին հետ:  Օրդ. Մազմանեան իր սիրտը ձգեց Պէյրութի մէջ, հոգին բաշխեց բոլորիս: Յարգա՜նք իր վաստակին:

Թորոնթօ

* Դամբանական`  Սոնա Մազմանեան-Նաճարեանի յուղարկաւորութեան ընթացքին արտասանուած:

Նախորդը

Կազմակերպուած Սփիւռքը Կրնայ Նպաստել Հայաստանի Վերականգման

Յաջորդը

Ցտեսութիւն Տիկ. Սոնա

RelatedPosts

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի. Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը

November 7, 2026
Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է
Անդրադարձ

Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է

November 7, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Համազգային Համախմբում

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.