Անդրադարձ

Ապրիլ 24, Պարզ Խօսքեր. Պարզ Մարդիկ. Յասմիկին Կրպակը Բաց Էր, Կը Վաճառէր Ջերմուկ, Կոլա Եւ Հաց

Տարուան Աւարտին Եւ Նորի Սեմին. Կը Մտածե՞նք Ուշացման Աւերի Մասին

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Ո՞վ կրնայ անգիտանալ, որ սփիւռքի բազմամիլիոն հայութիւնը ազգի հատուած եւ շարունակութիւն ըլլալու եւ մնալու համար պէտք է ապրի` հայրենատիրութիւնը ունենալով որպէս հիմնական քաղաքական առաջադրանք: Տիրութիւն` հանրապետութեան, առանց մտահան ընելու նաեւ այն հայրենիքը, ուրկէ հայրենահանուած է ազգը` դատապարտուելով  ըլլալու սփիւռք:     Հայրենատիրութիւնը սոսկ ցանկութիւն չէ, վաղուան համար չէ, գրականութիւն չէ, բանաստեղծութիւն եւ երգ չէ: Ան ամէն օր ապրուող իրաւ յանձնառութիւն...

Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)

Մշտադալար Ծառերու Պատգամը` Կաղանդ Պապուկին (Հեքիաթներու Աշխարհէն)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ Ի՞նչ է պատահեր տիեզերական շունչով եւ ուժով օժտեալ Կաղանդ պապուկին, որուն տխրութիւնն է պատեր վերջին ամիսներուն:  Չէ՞ որ հրաշալիքներու ծնունդն է ան եւ կը խորհրդանշէ մարդկային խաղաղութիւնն ու բարօրութիւնը: Միթէ կարելի՞ է հաւատալ, որ ամբողջ մարդկութեան երջանկութիւն ու սէր ջամբողը այսօր ի՛նք կը տառապի ներքին ցաւէ, մելամաղձոտութենէ: Ահաւասիկ վերոնշեալ մտորումներով տարուած էին Կաղանդ պապուկին հետ ապրող ու անոր...

Հաշուեփակ

Հաշուեփակ

Ա. Ա. 2023 տարին հայոց ժամանակակից պատմութեան մէջ կը ձգէ սեւ էջ մը` Արցախի ամբողջական հայաթափմամբ: Նախ ինը ամիս շրջափակման ենթարկուելէ ետք, Արցախի բնիկ ժողովուրդը քանի մը շաբթուան ընթացքին տեղահան եղաւ իր հայրենիքէն` ազրպէյճանական կարճատեւ զինուորական գործողութենէ մը ետք: Արցախցիները մազապուրծ փրկուեցան ստոյգ մահէ եւ ապաստան գտան Հայաստանի մէջ, ուր տեղաւորուեցան, եւ այսօր կացութիւնը այնպիսին է, որ արցախցիները կը գտնուին...

Պահը Մեղայի…Պահը Հատուցման

Նոր Տարի` Անթեղուած Յոյսին Ընդառաջ

ԽԱՉԻԿ ՏԷՏԷԵԱՆ Սրընթաց ժամանակներու ստուերները գրկած, Տարին կ’աւարտի, մռայլ յանգերով դրոշմուած. Վշտի շշուկներ, ցաւի դաժան գրկախառնութիւն, Կորուստի օրագիր, օրերու պաստառին փորագրուած: Կորսուած ակնթարթները կը յամենան, Արձագանգի նման, մշուշին մէջ թանձրապատ. Յոյսի զարկեր, վիշտերով համբուրուած, Օրերու կտակին մէջ, մոխրագոյն ներկապնակ, Մինչ տարին կ’աւարտի, ողբի հանդիսութեամբ: Փորձութիւններու մէջէն յարատեւող, տոկուն սիրտն իմ, Կը կրէ բզկտուած աշխարհի մը բեռը ահաւոր, Եւ ցաւը` կորսուած...

Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը

Նուէրներէն Լաւագոյնը` Հայերէն Գիրքը

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ Նոր տարին արդէն մեր դռներուն սեմին է: Իբրեւ ծնողք, համաձայն գեղեցիկ սովորութեան, անկասկած կը մտածենք ուրախացնել մեր զաւակը կամ թոռը պատշաճ նուէրով: Գեղեցիկ աւանդութիւն, նաեւ` սէր եւ գուրգուրանք արտացոլացնող: Իմ կարգիս, երբ տարիներէ ի վեր զաւակներս արդէն իսկ ծնողք դարձած են, ես ալ կը մտածեմ, ամէն տարուան նման, թոռնիկս` Հայկը, տարբեր «բանով» մը ուրախացնել: Անոր համար հիմա մտածումներու...

Անդրադարձ.  Քիչ Մը Գիտութիւն՝ «Անհրաժեշտ Բայց Ոչ Բաւարար»-ի եւ «Ներազդող»-ի Մասին, Որ Հաւանաբար Կը Լուսաբանէ Հայաստանի Ներկայ Իրավիճակը

Հայկական Ազգային Գիտակցութեան Մէջ Ինքնաբերաբար Ոչինչ Տեղի Կ՛ունենայ. Ազգային Դաստիարակութեան Կարեւորութիւնը

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Կար ժամանակ, հաւանաբար` մինչեւ 1990-ական թուականները, երբ գոնէ Լիբանանի հայկական ազգային կեանքին մէջ, ընդհանուր առմամբ, որոշ երեւոյթներ, վիճակներ, դրուածքներ, հանգամանքներ, կեցուածքներ, հասկացողութիւններ, վարուելակերպեր եւ այլն, մեծին ու պզտիկին համար բացատրութեան չէր կարօտէր, ինքնաբերաբար տեղի կ՛ունենային, կամ` կ՛ընկալուէին, իբրեւ տուեալ իրողութիւն` բնական կը համարուէին, պարզապէս` բոլորին կողմէ կ՛ակնկալուէին: Օրինակի համար, մեր թշնամիները բոլորիս համար յստակ էին, Հայ դատը բոլորս...

Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը

Նոր Տարուան Խոհեր

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ Ահա իր կարգին, իր նախորդներուն նման, սահեցաւ ու անցաւ 2023 տարին ու հին դարձաւ: Տարի մըն ալ անցաւ մարդոց կեանքէն: Եթէ կը յիշէք, անցեալ տարուան ընթացքին, գրեթէ ամէն ամսուան վերջին, մարդիկ ակամայ,  իրարու երես նայելով, շատ հաւանաբար ըսին. «Տե՛ս` այս ամիսն ալ ի՜նչ արագ անցաւ»,  կամ` «Մեղա՜յ ... արդէն տարին կէ՛ս ալ եղաւ», ու տակաւին` «Ահա՛, աչքդ գոցէ,...

Տեսակէտ.  Հայոց Ցեղասպանութիւնը Անսակարկելի Յանձնառութիւն` Սփիւռքի Թէ Հայաստանի Վերակազմակերպման Մէջ

Ազգային Միասնականութիւնը` Հրամայական Եւ Ոչ Ցնորաբանութիւն

ՍԵԴԱ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ-ԽՏԸՇԵԱՆ «Մի աշխարհ մնաց այնտեղ, բարտիներով, գետերով, Լեռներն ի վար ծալ-ծալ իջնող անիրական եթերով» ՎԱՀԱԳՆ ԴԱՒԹԵԱՆ Հազարներ էին, որոնք գիշերուան մը մէջ հաւաքուեցան եւ նետուեցան ճամբայ: Շատեր այրեցին իրենց տուները, ուրիշներ  իջեցուցին վանքի զանգերը, իրենց ինքնաշարժերուն մէջ տեղաւորեցին ու փոխադրեցին ապահով տեղեր: Եւ տակաւին ուրիշներ, խաչքարերը իրենց կռնակին` շալկած, տարին հետերնին, որպէսզի չքանդուին, ինչպէս Նախիջեւանի խաչքարերն ու  մեր մշակութային...

Ռազմիկ  Դաւոյեան

Մասիս

ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ Ո՛չ տեղը փոխեց, ո՛չ խոպան դարձաւ, դարերը հրեց` ինքը հոն մնաց, Ո՛չ մարտնչեցաւ, ո՛չ կակուղցաւ, ո՛չ իսկ իր Նոյան տապանը բացաւ. Սպիտակ աչքերը միշտ բաց պահեց Եւ ցաւեցաւ: Պաշտպանեց ու պաշտելի դարձաւ. Կարօտով կծկուած հայ ցեղին դիմաց Առտուան` աղօթք, իրիկուան` տեսիլք Յոյսի յարութիւն, սրտախոց խարիսխ Դարն անցա՜ւ, իսկ ինք Անցաւ ցաւ չեղաւ: Բանը Առանց Ը-ի Երեւանի գիշերներն են...

Տխուր Էր Յարութեան Տօնը…

Սլաք. Օտարին «Քրիսմը՞ս»-ը… Թէ՞ Հայուն Սուրբ Ծնունդը

Վ. ԱՒԱԳԵԱՆ Կար ժամանակ, երբ աւանդապահ ժողովուրդ էինք: Տօն եւ աւանդութիւն կը յարգէինք: Ամէն ինչին չափն ու սահմանը գիտէինք: Օտարինը օտարին կը վերապահէինք, մերինը` մեզի: Եկան ժամանակներ, երբ համաշխարհայնացումի հոսանքով, ապա ընկերային ցանցերով ընկերութիւնները բացուեցան իրարու եւ աւելի շատ ազդուեցան իրարմէ: Այսպէս, անոնք տօները բաժնեկցեցան իրարու հետ (օրինակ «Վալընթայն»-ը), նոր տօներ ստեղծեցին` «Հայրերու տօն», «Մեծ մայրերու տօն», «Մեծ հայրերու տօն»......

Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր

Սպասելով Ամանոր Եւ Հրաշք` Հոգեմաշ Զրոյց` Անցեալի, Ներկայի Եւ Յոյսի Մասին

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Ի՞նչ մնացած է հայրենիք կորսնցուցած արեւմտահայ ժողովուրդէն: Պահ մը կը մոռնամ  սպառողական ընկերութեան պարտադրանքները, որոնք առաջնորդած են ազգային պատկանելիութեան գիտակցութեան նուազուրդի: Ընդունած ենք ուրացման իր անունը չըսող պարտութիւնը, բանտարկուած են մեզմէ դուրս: Կար ժամանակ, երբ հայրենահանուած արեւմտահայութիւնը ինքզինք կը պահէր որպէս ինքնուրոյն ազգ` մեծ եւ մանաւանդ փոքրիկ կառոյցներով, պարտութիւնները չէր ընդունած, զանոնք չէր համարած յաղթանակ եւ յաջողութիւն: Այսօր,...

Սլաք. Յաղթանակը Մե՛րն Է

Սլաք. Յաղթանակը Մե՛րն Է

ԼՈՒՍԻԿ ՍՈՄՈՒՆՃԵԱՆ-ԱՖԱՐԵԱՆ Շաբաթ յետմիջօրէին, գործէն տուն վերադառնալէս ետք, ազատ ժամանակէս օգտուելով, Ամանորի աւանդութեան համաձայն, որոշեցի ձեռնարկել տօնածառ շտկելու ինծի համար հաճելի եւ հոգեշահ աշխատանքին: Երեկոյեան գոհունակ սրտով աշխատանքս աւարտին հասցուցի եւ հոգեկան բաւարարութեամբ մը տօնածառը եւ Ամանորը դիմաւորելու հաճոյքը պիտի ըմբոշխնէի, երբ տան դուռը զարնուեցաւ եւ մտաւ Կարէնը: ՀՄԸՄ¬ի ակումբէն վերադառնալով` գեղեցկօրէն զարդարուած տօնածառը տեսնելէ եւ ջանասիրութիւնս ու յոգնութիւնս դրականօրէն...

Կարսից` Արցախ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Արցախով Տառապիլ

ԱՆԻ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ Սկսան տօնական ուրախ օրերը, ամէն մարդ զբաղած է նուէրներով, զարդարանքով,  ուտեստեղէնով  եւ մոռցած է Արցախ հայրենիքը  եւ տառապող արցախցի ժողովուրդը, յատկապէս` արցախցի փոքրիկները: Այն տպաւորութիւնը ունիմ, որ ամէն մարդ արդէն իսկ սկսած են յարմարիլ  այն կացութեան, որ Արցախը մերը չէ այլեւս: Արցախը եղած է հայկական տարածք, սակայն նկատի ունենալով, որ շրջապատուած է Ազրպէյճանով, անիկա միշտ աչք տնկած է...

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Սան Ֆրանսիսքոյի Ձայնը

(Ընկեր Նուպար Տեմիրճեանի Յիշատակին) Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ - Բարե՛ւ, ընկեր, ինչպէ՞ս ես. ի՞նչ նորութիւններ ունիս... Այսպէ՛ս պիտի սկսէր ընկեր Նուպար Տեմիրճեանին հետ մեր հերթական զրոյցը` հեռաձայնի ճամբով, պսակաւորին բերած համաճարակէն շատ առաջ ալ, որովհետեւ ինք էր Սան Ֆրանսիսքոյի բնակիչ, իսկ ես` Լոս Անճելըսի: Կարծէք թէ լուռ համաձայնութիւն մը կար. նոյն հարցումները կ՛ուղղուէին` ո՛վ որ ալ ըլլար հեռաձայնողը: Իսկ փնտռուած նորութիւննե՞րը... Բազմագոյն...

«Ս. Ծննդեան Աւետիսը Կը Փոխանցենք  Աշխարհի Մէջ Տիրող Տագնապալից  Իրողութիւններու Պայմաններուն Մէջ»

«Ս. Ծննդեան Աւետիսը Կը Փոխանցենք Աշխարհի Մէջ Տիրող Տագնապալից Իրողութիւններու Պայմաններուն Մէջ»

Հայրապետական Պատգամ Սուրբ Ծննդեան Եւ Ամանորի Ողջոյն եւ աստուածաւանդ օրհնութիւն պատուական եղբարց մերոց` արհի. արքեպիսկոպոսաց, եպիսկոպոսաց, գերյ. ու գերպտ. վարդապետաց եւ արժնպտ. քահանայից, բարեշնորհ սարկաւագաց, առաքինազարդ մայրապետաց ու հաւատացեալ ժողովրդեանս: Պատուակա՛ն եղբարք եւ սիրեցեալ զաւակք ի Քրիստոս, Մեր Տիրոջ ու Փրկչին` Յիսուս Քրիստոսի Ծննդեան փրկարար աւետիսը պիտի փոխանցենք իրարու Միջին Արեւելքի անկայուն կացութեան, Ս. Երկրին ողբերգական եւ ռազմական իրավիճակին, արցախահայութեան...

Ապպասի Եւ Նեթանիահուի Քաղաքական Կեանքերու Վերջալոյսը

Ապպասի Եւ Նեթանիահուի Քաղաքական Կեանքերու Վերջալոյսը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Պաղեստինեան Համաս շարժումի 7 հոկտեմբերին շղթայազերծած «Աքսայի ջրհեղեղ» յանդուգն գործողութենէն ետք ծայր առած Համաս-Իսրայէլ պատերազմը կը շարունակէ բազմաթիւ զոհեր պատճառել եւ ահաւոր մեծ թիւով անմեղ պաղեստինցի կիներու, մանուկներու եւ տարեցներու կեանքեր խլել: Իսրայէլեան բանակի միակ «ձեռքբերումը» անխտիր աւեր ու մահ սփռելն է: Իսրայէլեան ուժերը 7 հոկտեմբերէն ի վեր յաջողած են միայն մէկ գերի մը` կին զինուոր մը ազատագրել:...

Նուիրեալ Գոհարիկ Գալայճեան-Սասունեանի Յիշատակին

Նուիրեալ Գոհարիկ Գալայճեան-Սասունեանի Յիշատակին

ԱՐՇԱԿՈՒՀԻ ՏԷՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ Սիրելի՛ Գոհարիկ, 1950 թուականին մատղաշ հասակիդ եղար Հայաշէնի Ազգ. Թորգոմեան մանկապարտէզի ուսուցչուհի, ապա իբրեւ մանկապարտիզպանուհի`  ծառայելով ամբողջ 26 տարի Հայաշէնի  վարժարանին: Հետագային ես ալ միացայ ձեզի` իբրեւ պաշտօնակից, այդպիսով այդ շրջանին անկեղծ եւ անքակտելի մտերմութիւն մը ծաւալեցաւ մեր միջեւ: Մեծ քրոջ նման միշտ հոգածու էիր ինծի, ես շատ բան սորված եմ քեզմէ եւ ատոր համար շատ շնորհակալ...

Մինչեւ Ե՞րբ

Կաղանդ Պապային Հաւատացողները

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ   Ժամանակին, երբ փոքր էինք, անհամբեր Կաղանդ պապային կը սպասէինք: Դեկտեմբերի սկիզբէն դպրոցը «Նամակ Կաղանդ պապային» նիւթով շարադրութիւններ կը գրէինք: Տունը` Կաղանդի ծառ ու զարդարանքներ: Ամէն առտու կը ստուգէինք` նուէր եկա՞ծ է, թէ՞ ոչ: Նոր տարուան ժամը 12:00-ին կը սպասէինք անհամբեր: Կաղանդ պապուկը կու գար, կ՛երգէինք, կ՛ասմունքէինք, կը պարէինք, կը կատակէինք, կը զուարճանայինք, եւ շարքը երկար է... Տարիներու ընթացքին...

Նոր Օսմանականութեան Սպառնալիք` Հայ-Իրանական Համատեղ Շահերին

Հայաստանի Ու Հայութեան Փրկարար Օրակարգը…

ԴԵՐԵՆԻԿ ՄԵԼԻՔԵԱՆ Պատմական գիտութիւնների թեկնածու Վերջին մէկ-երկու շաբաթուայ ընթացքում հայաստանեան որոշ լրատուակայքերի համար օրախնդիր հարցադրումներ են դարձել հետեւեալները.   Ա.- Իշխանութիւնը ունի իր յստակ օրակարգը` «խաղաղութի՜ւն», «հաշտութեա՜ն պայմանագրերի կնքում` թուրք-ազրպէյճանական հարեւանների հետ», «հայոց հին երազանքներից հրաժարում» (օրինակ` ԱՐԱՐԱՏԵԱՆ հայ լինելու արժեհամակարգի փոխարինումը` ԱՐԱԳԱԾԵԱՆ... արժեհամակարգով: Ի դէպ, օրերս յայտնի դարձաւ, որ Նիկոլ Փաշինեանի գրասենեակի պատերին փակցուած է Արագած լերան նկարը, որպէսզի...

Դամբանի Մրուրով

Դամբանի Մրուրով

ՆԱՆՕՐ ԳՈՉՈՒՆԵԱՆ-ԹԱՇՃԵԱՆ Սուգը կապեց հայոց երկինք, Անէծք տեղաց հայոց գլխին, Գորդեան հանգոյց մնաց դատը, Չլսուեցաւ հայոց ջայլը: Հնադարեայ վեհափառ ազգ, Գլխագիրով գրեց մահազդ, Անդարձ գնաց խրոխտ Արցախ, Ազգս մնաց իբրեւ կմախք: Սուրբ խօսքերով մեզ կրթեցիր, Զէնքով է փրկութիւն ըսիր, Բայց փոխանակ զէնք-զրահի` Թանաքով թուղթին մակագրեցիր... Յաղթանակներ դուն շատ տեսար, Բայց արժէքը սուրբ չիմացար, Ստեղծագործ միտք ունեցար, Բայց բաշխեցիր առանց համար:...

Page 168 of 807 1 … 167 168 169 … 807

Արխիւներ