Պաղեստինեան Համաս շարժումի 7 հոկտեմբերին շղթայազերծած «Աքսայի ջրհեղեղ» յանդուգն գործողութենէն ետք ծայր առած Համաս-Իսրայէլ պատերազմը կը շարունակէ բազմաթիւ զոհեր պատճառել եւ ահաւոր մեծ թիւով անմեղ պաղեստինցի կիներու, մանուկներու եւ տարեցներու կեանքեր խլել:
Իսրայէլեան բանակի միակ «ձեռքբերումը» անխտիր աւեր ու մահ սփռելն է: Իսրայէլեան ուժերը 7 հոկտեմբերէն ի վեր յաջողած են միայն մէկ գերի մը` կին զինուոր մը ազատագրել: Բացի ատկէ, անոնք յայտնաբերած են իրենց կողմէ սպաննուած իսրայէլացի գերիներու դիակներ: Այդ առումով ամէնէն զգայացունց ու սկանտալային դէպքը պատահեցաւ 15 դեկտեմբերին, երբ իսրայէլացի զինուորներ երեք իսրայէլացի գերիներ սպաննեցին:
«Աքսայի ջրհեղեղ» գործողութեան շղթայազերծման նպատակը թերեւս գերիներու փոխանակման ճամբով իսրայէլեան բանտերու մէջ առանց դատավարութեան եւ յստակ ամբաստանութեան երկար ժամանակէ ի վեր արգելափակուած պաղեստինցի կիներու, մանուկներու ազատագրումն էր: Այդ իմաստով գործողութիւնը յաջող ընթացքի մէջ է:
«Աքսայի ջրհեղեղ»-ը նաեւ վերջ տուաւ պաղեստինեան դատի լուսանցքայնացման, եւ փլուզեց անոր շուրջ կառուցուած լռութեան պատն ու զայն վերածեց միջազգային թիւ մէկ օրակարգի, առաջնահերթ ու գլխաւոր լուրի` շուքի մատնելով նոյնիսկ համաշխարհային պատերազմի ոչ պաշտօնական կարգավիճակ ունեցող Ուքրանիոյ հակամարտութիւնը:
Պատերազմը նաեւ քարոզչական ու քաղաքական մեծ վնաս հասցուց Իսրայէլի, որուն նկատմամբ միջազգային հանրային, քարոզչական ու քաղաքական ժխտական տրամադրութիւնները օրէ օր կը մեծնան եւ իրենց կարգին կը մեծցնեն Իսրայէլի գլխաւոր աջակից Միացեալ Նահանգներու վրայ քաղաքական ու քարոզչական ճնշումը`
հետզհետէ մեկուսացնելով Ուաշինկթընը, ինչպէս ցոյց տուաւ յստակօրէն 9 նոյեմբերին ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի մէջ Կազայի հարցով քուէարկութեան պատկերը: Արդարեւ, միայն Իսրայէլն ու Միացեալ Նահանգները այդ որոշումին դէմ քուէարկեցին: Միացեալ Նահանգներու ամէնէն սերտ դաշնակիցներէն Բրիտանիան ու Քանատան նոյնիսկ բաւարարուեցան ձեռնպահ քուէարկելով: Ուստի զարմանալի են այն տեղեկութիւնները, թէ Ուաշինկթըն Թել Աւիւին մինչեւ տարեվերջ պայմանաժամ ճշդած է` աւարտելու Կազայի մէջ իր զինուորական գործողութիւնը:
Ճիշդ է, որ Կազայի պատերազմը իր ահաւորութեամբ մեծ վնաս կը հասցնէ երեք տարի առաջ` իբրեւ պատմութեան մէջ արտաքին քաղաքականութեան առումով մեծագոյն փորձառութիւնը ունեցող քաղաքական գործիչ, Միացեալ Նահանգներու նախագահ ընտրուած Ճօ Պայտընի հեղինակութեան: Ան խոստացած էր նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփի մեկուսացումի քաղաքականութենէն ետք վերականգնել Միացեալ Նահանգներու հեղինակութիւնը` իբրեւ խաղաղութեան, յառաջդիմութեան եւ անվտանգութեան հաւաստի եւ ուժեղ գործընկեր:
Տուեալ կացութեան մէջ, սակայն, ամէնէն շատ «վտանգուած» քաղաքական գործիչները Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն եւ Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասն են: Անոնք են ամէնէն հաւանական թեկնածուները, որոնք ստեղծուած կացութեան իբրեւ հետեւանք քաղաքական ամէնէն սուղ գինը պիտի վճարեն:
Պայտըն 12 դեկտեմբերին զգուշացուց, որ Կազայի մէջ «անկանոն ռմբակոծում կատարելուն պատճառով» Իսրայէլ կը կորսնցնէ միջազգային զօրակցութիւնը, Նեթանիահուն պէտք է փոխէ երկու պետութիւններու ստեղծման հիմամբ պաղեստինեւիսրայէլեան հակամարտութեան լուծումին իր ընդդիմութիւնը: Ան նաեւ նշեց, թէ «Իսրայէլի պատմութեան մէջ ամէնէն պահպանողականը եղող» ծայրայեղ աջակողմեան կառավարութիւնը հարցերը կը բարդացնէ եւ Նեթանիահուի գործը շատ կը դժուարացնէ: Ան այդպիսով Իսրայէլի վարչապետին անուղղակի կերպով կոչ ուղղեց` իսրայէլեան կառավարութեան մէջ փոփոխութիւններ կատարելու:
Իսրայէլեան հասարակութեան, մասնաւորաբար իսրայէլացի գերիներու հարազատներուն կողմէ իրեն նկատմամբ դրսեւորուած ժխտական տրամադրութիւններուն կողքին, Նեթանիահուն նաեւ ընդդիմութեան մարտահրաւէրը կը դիմագրաւէ:
Իսրայէլեան ընդդիմութեան ղեկավար Եայիր Լափիտ յայտարարեց. «Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն 7 հոկտեմբերէն ի վեր ոչինչ սորվեցաւ եւ չի կրնար շարունակել ղեկավարել: Մինչ մեր զինուորները դառն պատերազմի մէջ ամէն օր կը սպաննուին, ան սուտի, սադրանքի եւ ատելութեան ստեղծման ուղղութեամբ կ՛աշխատի»:
Իսրայէլի մէջ արդէն կ՛արծարծուի, հակառակ ընթացող պատերազմին, խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւններ կատարելու գաղափարը: Նկատի ունենալով Նեթանիահուի ժողովրդականութեան մեծ անկումը, անոր քաղաքականութեան նկատմամբ մեծ դժգոհութիւնը, ան վստահաբար պիտի դառնայ Կազայի պատերազմի քաղաքական զոհը:
Այդ պատերազմի երկրորդ քաղաքական զոհը ըլլալու թեկնածուն Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասն է, որ կորսնցուցած է իրեն նկատմամբ Ուաշինկթընի վստահութիւնը, եւ ամերիկեան կողմի յետպատերազմեան ծրագիրներուն կամ այդ փուլի պատկերացումին մէջ տեղ կամ դերակատարութիւն չունի:
Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի, ամերիկեան վարչակազմը Ապպասին կոչ ուղղած է` իր լիազօրութիւնները Պաղեստինեան իշխանութեան վարչապետ Մուհամետ Աշթիէին զիջելու եւ փոխնախագահ մը նշանակելու, նաեւ` այդ պաշտօնին եւ Ապպասի իբրեւ ապագայ յաջորդ առաջարկած է Ֆաթհ շարժումի Կեդրոնական կոմիտէի ընդհանուր քարտուղար Հիւսէյն Շէյխի անունը:
Ապպաս նաեւ ներպաղեստինեան գետնի վրայ տկար դիրքի վրայ է: Կազայի պատերազմը առաւել եւս բարձրացուցած է Համասի ժողովրդականութիւնը, եւ ատոր զուգահեռ կիրարկած կրաւորական քաղաքականութեան պատճառով` Ապպասի նկատմամբ դժգոհութիւնը:
Ներպաղեստինեան ընտրութիւններու պարագային Ֆաթհ շարժումը մեծ վնաս պիտի կրէ, եթէ Ապպաս շարունակէ մնալ անոր ղեկավարը, իսկ ղեկավարութեան փոփոխութիւն մը կրնայ մեղմացնել կրաւորականութեան համար վճարուելիք սուղ գինը:
Ապպասի եւ Նեթանիահուի քաղաքական կեանքերու օրերը կարծէք համրուած ըլլան: Վերջալոյսը մօտ կը թուի ըլլալ:



