ՆԱՆՕՐ ԳՈՉՈՒՆԵԱՆ-ԹԱՇՃԵԱՆ
Սուգը կապեց հայոց երկինք,
Անէծք տեղաց հայոց գլխին,
Գորդեան հանգոյց մնաց դատը,
Չլսուեցաւ հայոց ջայլը:
Հնադարեայ վեհափառ ազգ,
Գլխագիրով գրեց մահազդ,
Անդարձ գնաց խրոխտ Արցախ,
Ազգս մնաց իբրեւ կմախք:
Սուրբ խօսքերով մեզ կրթեցիր,
Զէնքով է փրկութիւն ըսիր,
Բայց փոխանակ զէնք-զրահի`
Թանաքով թուղթին մակագրեցիր…
Յաղթանակներ դուն շատ տեսար,
Բայց արժէքը սուրբ չիմացար,
Ստեղծագործ միտք ունեցար,
Բայց բաշխեցիր առանց համար:
Արարեցիր դուն քուկինդ,
Բայց սիրեցիր օտարինը,
Անտեսեցիր ունեցածդ,
Մեծարեցիր ուրիշինը:
Եղբայր եղար օտարազգին,
Մոռցար մօտիկ հարազատիդ,
Միասնութիւն քարոզեցիր,
Բայց դաւեցիր ազգակիցիդ:
Անծանօթին մեղր ու կարագ`
Ամբողջ սիրտդ նուիրեցիր,
Մինչդեռ թշուառ հայրենակցիդ
Անսրտօրէն հարուածեցիր:
Առտու իրիկուն Քրիստոսիդ աղօթեցիր,
Տաս պատուիրանները չարաչար գործադրեցիր,
«Առաւօտ լուսոյ»-ով աչքդ բացիր,
Բայց պատասխան չլսեցիր…
Սեւ ճակատագրիդ դէմ ոռնացիր.
Երկիր-երկինք անտեսեցին.
Ողջ աշխարհը անիծեցիր,
Դարձեալ քեզ թիրախաւորեցին:
Թէ կաս արդեօք իրաւ, ի՛մ Տէր,
Միայն մե՞զ ես դուն մահ գրեր,
Խուլ ու համր ու աներեր,
Ի՞նչ սրտով դեռ քեզ պաշտեմ…
Անյողդողդ մեր հաւատքին
Պինդ սիւները սասանեցիր,
Քու առաջին հետեւորդիդ
Դուն անխնայ նզովեցիր:
Հպարտ եղայ հայ ըլլալուս,
Ուրիշներէն վեր դասուելուս,
Հին արմատներ ունենալուս,
Գիր-մշակոյթ արարելուս,
Հերոսներէն ժառանգելուս,
Զուտ ու բիւրեղ ծին կրելուս,
Նարեկացի դաւանելուս,
Կոմիտասներ փայփայելուս,
Ոսկեղնիկին տիրապետելուս,
Մասիսներէն ներշնչուելուս,
Անկախ հայրենիքով ապրելուս…
Բայց ի՜նչ մեղք է ազգս խղճալի,
Աչքերը արտասուքի հեղեղով լի.
Վիշապաքաղ Վահագնին կանչենք,
Գուցէ իրմէ վրէժ լսենք…
Պայքար, պայքար գոռալ կ՛ուզեմ,
Բարոյալիք ու անյոյս եմ…
Ես համոզուած եմ մէկ բանի,
Որ իմ ազգս անէծք ունի…:


