Սկսան տօնական ուրախ օրերը, ամէն մարդ զբաղած է նուէրներով, զարդարանքով, ուտեստեղէնով եւ մոռցած է Արցախ հայրենիքը եւ տառապող արցախցի ժողովուրդը, յատկապէս` արցախցի փոքրիկները: Այն տպաւորութիւնը ունիմ, որ ամէն մարդ արդէն իսկ սկսած են յարմարիլ այն կացութեան, որ Արցախը մերը չէ այլեւս:
Արցախը եղած է հայկական տարածք, սակայն նկատի ունենալով, որ շրջապատուած է Ազրպէյճանով, անիկա միշտ աչք տնկած է մեր տարածքներուն վրայ: Այս պատճառով ալ Արցախն ու Ազրպէյճանը պատմութեան ընթացքին միշտ բախումի մէջ եղած են:
2 սեպտեմբեր 1991-ին հռչակուեցաւ Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը:
Սակայն այս անկախութիւնը մարսելի չէր Ազրպէյճանին: Պատերազմները շարունակուեցան:
1992-ին հայկական կամաւորական ջոկատներ ազատագրեցին` Շուշին, Խոջալուն, Բերձորը, Շահումեանը, Լաչինը եւ այլն…
1993-ին ազատագրեցին` Քարվաճառի շրջանը, Մարտակերտը, Ֆիզուլին, Զանգելանը եւ տակաւին շատ մը այլ շրջաններ, այս կռիւներու ընթացքին տուինք բազմաթիւ նահատակներ:
1994-ին Ազրպէյճանը դարձեալ յարձակեցաւ: Ծանր մարտերէ ետք թշնամիին բանակը պարտութեան մատնուեցաւ:
2016-ին անգամ մը եւս փորձ կատարուեցաւ Արցախը գրաւելու, սակայն մեր քաջարի ՀԵՐՈՍՆԵՐԸ դարձեալ պարտութեան մատնեցին Ազրպէյճանի գազան բանակը:
Սիրելինե՛ր, ինչպէս գիտենք, Ազրպէյճանը միշտ աչք ունեցած է Արցախ հայրենիքին վրայ, բայց ան երբեք չէ կրցած հասնիլ իր նպատակին, մինչեւ եկաւ այն պահը, երբ սկսաւ 2020-ին համաձայնուած եւ ծախուած պատերազմը, եւ հազարաւոր զոհեր տուաւ հայութիւնը` ամբողջ աշխարհէն, բայց ափսո՜ս, որ երկրին վարչապետը ծախելով Արցախը Ազրպէյճանին` իրականացուց անոր տարիներու իղձը:
Սիրելի՛ հայ ժողովուրդ, շատ խօսեցանք… այժմ հասաւ պահը գործելու, բոլորս միասին խորհրդակցինք, թէ ի՛նչ ընթացք պէտք է որդեգրենք Արցախը ազատելու այս դժուար պայմաններէն, արդեօք անհրաժե՞շտ է բարձրացնել մեր ձայնը ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւունքի յանձնախումբին մօտ, որպէսզի իրենք ալ, իրենց կարգին, աշխատին փրկելու Արցախը գազանին ճանկերէն:
Ընդունելի չէ Հայաստան` առանց Արցախի:
Ժամանակին Տիգրան Մեծը կառուցած է Տիգրանակերտ քաղաքը, ուրիշներ` Ստեփանակերտ, Բերձոր, Շուշին, այդ օրերուն շատ էին շինարարութիւնները, իսկ այս օրերուն շինելու, կառուցելու տեղ ծախող դաւաճան մը կայ, ԱՓՍՈ՜Ս…
Հայրենի իշխանութիւնը միշտ գործած է հայ ժողովուրդի ազգային ազատագրական պայքարին համար եւ ձգտած է հայ ժողովուրդի շահերու իրականացման:
Պէտք է պայքարիլ, որպէսզի յաջողինք Արցախը միացնել Հայաստանին եւ Ազրպէյճանը ընդմիշտ հեռացնել Արցախէն:
Սիրելինե՛ր, ո՛ւր ալ գտնուիք, միշտ ըսէք` Արցախը մերն է, ոխերիմ թշնամին գրաւեց:
Երբե՛ք չյանձնուիք:
Թող հայը ըլլայ իր ազատութեան տէրը:
Արցախը կը տոկայ մինչեւ իր յաղթանակը:
Ամենակարող Աստուած փրկէ Արցախը:
Կը խնդրեմ բոլորէն` տօնական այս օրերուն յիշենք Արցախի փոքրիկները: