Կար ժամանակ, երբ աւանդապահ ժողովուրդ էինք: Տօն եւ աւանդութիւն կը յարգէինք: Ամէն ինչին չափն ու սահմանը գիտէինք: Օտարինը օտարին կը վերապահէինք, մերինը` մեզի:
Եկան ժամանակներ, երբ համաշխարհայնացումի հոսանքով, ապա ընկերային ցանցերով ընկերութիւնները բացուեցան իրարու եւ աւելի շատ ազդուեցան իրարմէ: Այսպէս, անոնք տօները բաժնեկցեցան իրարու հետ (օրինակ «Վալընթայն»-ը), նոր տօներ ստեղծեցին` «Հայրերու տօն», «Մեծ մայրերու տօն», «Մեծ հայրերու տօն»… միաժամանակ, սակայն, պահելով իրենց իւրայատուկ տօները:
Իբրեւ հայեր` մենք եւս ազդուեցանք արեւելքէն թէ արեւմուտքէն փչող հովերէն: Տեղ մը օտարին Աստուածածնայ տօնը գերադաս նկատեցինք մեր Աստուածածնայ տօնէն, այլ տեղ Բարեկենդանը զոհեցինք «Հալոուին»-ի հաշուոյն:
Այս բոլորը կատարուեցան «արդիականութեան» անունով եւ «ժամանակին հետ քայլ պահելու» սիրոյն, մինչեւ որ «արդիականութիւնը» հասաւ հո՛ն, երբ հայ մարդիկ սկսան օտարին «Քրիսմըս»-ը նախապատիւ նկատել հայուն «Խորհուրդ խորին»-էն…
Երեւոյթը նոր չէ. ժամանակէ մը ի վեր անիկա տարածում գտած էր Արեւմուտքի մէջ, սակայն չէր թափանցած միջինարեւելեան համեմատաբար աւանդապահ համայնքներու կեանքէն ներս, ուր «Խաղաղութեան Իշխան»-ին Ս. Ծննդեան փառաբանանքը կը կատարուէր յունուար 6-ին:
Սխալ չհասկցուինք:
Բնական է, որ կաթողիկէ բարեկամներ կամ օտար ծանօթներ ունեցողներ շնորհաւորեն անոնց Ս. Ծնունդը:
Հասկնալի է նաեւ, որ խառն ամուսնութեամբ տուներու մէջ նշուին թէ՛ կաթողիկէ եւ թէ՛ հայկական Ս. Ծնունդները:
Խօսքը անոնց մասին չէ: Խօսքը մասին է անոնց, որոնք առաքելական եկեղեցւոյ զաւակներ ըլլալով հանդերձ, «Քրիսմըս» կը տօնեն, իրենց առաքելական բարեկամներուն «Քրիսմըս»-ը կը շնորհաւորեն: Որո՞ւ ինչ ըսելու համար:
Իսկ երանի շնորհաւորողները ըլլային սովորական անձեր, անտեղեակ հայորդիներ: «Խորհուրդ մեծ եւ սքանչելի»-ն այս տարի անհասկնալի կերպով 25 դեկտեմբերին նշեցին շատեր:
Եկեղեցասէր միութիւն մը «Քրիսմըս»-ի օրը ընկերային ցանցերով բաշխեց 2024 թուականի իր բարեմաղթութիւնները:
Կիրակնօրեայ վարժարան մը «Քրիսմըս»-ի օրը կազմակերպեց Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան իր տօնակատարութիւնը:
Ազգային-եկեղեցական մարմինի անդամ մը «Քրիսմըս»-ի օրը շնորհաւորական WhatsApp-ներ ղրկեց առաքելական իր բարեկամներուն:
Եւ այսպէս, բազմաթիւ միութիւններ, հաստատութիւններ եւ ազգայիններ «Քրիսմըս»-ին շնորհաւորեցին իրենց հարազատները եւ յայտնեցին իրենց բարեմաղթութիւնները` անգիտանալով, որ, իբրեւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ զաւակներ, ազգային-կրօնական պարտաւորութեամբ, այդ բոլորը պէտք է կատարեն 6 յունուարին` հայկական Ս. Ծնունդին:
Հոսանքին դէմ դնելը դժուար է, այո՛: Սակայն եթէ իրապէս որոշած ենք հայ մնալ եւ իբրեւ հայ ապրիլ, այլընտրանք չունինք. պարտաւոր ենք պահել-պահպանել մեր տօները, որոնք լաւագոյն արտայայտութիւններն են հայ մարդու դարաւոր հաւատքին, խառնուածքին, նկարագիրին ու երազին:
«Քրիսմըս»-ը օտարինն է: Մերը Ս. Ծնունդն է: Հայո՛ւն ծնունդը, հա՛յ կեանքին վերածնունդը, որուն այնքա՜ն կարիքը ունինք այսօր, բոլոր ժամանակներէ աւելի: