Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայկական Ազգային Գիտակցութեան Մէջ Ինքնաբերաբար Ոչինչ Տեղի Կ՛ունենայ. Ազգային Դաստիարակութեան Կարեւորութիւնը

Դեկտեմբեր 29, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Կար ժամանակ, հաւանաբար` մինչեւ 1990-ական թուականները, երբ գոնէ Լիբանանի հայկական ազգային կեանքին մէջ, ընդհանուր առմամբ, որոշ երեւոյթներ, վիճակներ, դրուածքներ, հանգամանքներ, կեցուածքներ, հասկացողութիւններ, վարուելակերպեր եւ այլն, մեծին ու պզտիկին համար բացատրութեան չէր կարօտէր, ինքնաբերաբար տեղի կ՛ունենային, կամ` կ՛ընկալուէին, իբրեւ տուեալ իրողութիւն` բնական կը համարուէին, պարզապէս` բոլորին կողմէ կ՛ակնկալուէին: Օրինակի համար, մեր թշնամիները բոլորիս համար յստակ էին, Հայ դատը բոլորս կը միաւորէր, դաւաճանին դաւաճան ըլլալը շատ պարզ էր, բացատրութեան չէր կարօտեր, երբե՛ք տեսակէտի հարց չէր, եւ այսպիսի համայնական կարծիք եւ մթնոլորտ կը տիրէին:

1.- Հայ դատի մեր նուազագոյն պահանջներու քարտէսը`  ըստ Սեւրի դաշնագիրին: 2.- Սարգիս Կուկունեան` զինեալ պայքարի ռահվիրաներէն:

Ազգային հարցերու մասին ընդհանուրին կարծիքներուն հասարակ յայտարարը հիմնուած էր նո՛յն ազգային գիտակցութեան եւ ընդհանուր տոհմիկ դաստիարակութեան վրայ: Դպրոց տեսածներ, կամ` ոչ, առանց յատուկ, մասնաւոր ազգային դաստիարակութեան կարիքի իսկ` նոյնն էր պարագան: Թուրքիոյ կողմէ Ցեղասպանութեան ենթարկուած, մեր հողերէն, տուներէն եւ կալուածներէն բռնի տեղահանուած եւ մէկուկէս միլիոն զոհ տուած, իրաւազրկուած ազգին վրէժխնդիր զաւակներն էինք բոլորս: Յաւելեալ համոզումի կամ բացատրութեան կարիք չկար: Զարտուղի հակաճառողներ` «տարբեր մտածողներ», միշտ գտնուած են եւ պիտի գտնուին, որոնց վարմունքը ընդհանրապէս եւ մեծ մասով նկարագրային է` հակաճառելու սիրոյն եւ ո՛չ թէ իբրեւ համոզումի, կամ տուեալներու վրայ հիմնուած:

Վերոնշեալ ազգային գիտակցութեան եւ ապրումներուն հակասող առաջին զարմանք պատճառող եւ ցնցիչ փորձառութիւնս տեղի ունեցաւ 1976-ին, երբ արդէն գործով Յորդանան էի եւ ՀՄԸՄ-ի Ամմանի ակումբին մէջ շաբաթը երկու ժամ երիտասարդական դաստիարակչական աշխատանք կը կատարէի, շուրջ 20 երկսեռ, 15-18 տարեկան, մեծամասնութեամբ տղոց եւ քանի մը պարմանուհիներու: Այստեղ պէտք է նշեմ, որ Ամմանի ազգային վարժարանը միջնակարգ ըլլալով`  աշակերտութիւնը հայոց պատմութեան նորագոյն շրջանին մասին, դէպի անկախութիւն եւ Հայաստանի Հանրապետութեան կերտում, տեղեկութիւն չունէր, եւ այս հանդիպումներուն նպատակը մի՛այն այդ բացը գոցելն էր, ուրիշ ոչ մէկ նպատակ կը հետապնդէր: Պատրաստուած ծրագիրը կ՛ընդգրկէր 18-րդ դարէն սկսեալ հակիրճ հայոց պատմութիւն` մասնաւորապէս կեդրոնանալով հայ ազգային ազատագրական շարժումին եւ զինեալ պայքարին վրայ, որուն արգասիքը եղաւ մայիս 28-ով Հայաստանի Հանրապետութեան կերտումը:

Առաջին երկու նիստերուն անդրադարձած էինք հայ ժողովուրդին կրած տառապանքին ու անիրաւութեան, որ ենթահողը դարձաւ զինեալ պայքարին եւ հայուն արժանապատուութիւնը վերականգնելու ազատագրական շարժումին ու ինքնապաշտպանութեան կարեւորութեան:

Երրորդ կամ չորրորդ մեր հանդիպումին նիւթն էր հայ ազատագրական շարժումի ռահվիրաներէն Սարգիս Կուկունեանի արշաւանքը, որ վրիժառու զինեալ կամաւորներու խումբ մը կազմելով` Թուրքիոյ սահմանը պիտի անցնէր: Թուրք իշխանութիւնը եւ քիւրտ ցեղախումբերը պատժելու նպատակով առաջին փորձն էր այս: Կուկունեան, որ 107 հոգի հաշուող կամաւոր արշաւախումբով 23 սեպտեմբեր 1890-ին անցաւ Արեւելեան Հայաստանի ռուս-թրքական սահմանէն դէպի դաժանօրէն բռնագրաւուած Արեւմտեան Հայաստան, ուր հայ ժողովուրդը իր սեփական հողին վրայ բռնագրաւող թուրքին եւ քիւրտին հլու հնազանդ ստրուկին վերածուած էր, անոնց ծառայելու համար կը տքնէր, անհամեմատ տուրքեր կը վճարէր եւ այս բոլորին վրայ թուրքեր եւ քիւրտեր հայ աղջիկներ կ՛առեւանգէին ու կը խոշտանգէին: Արշաւին նպատակն էր մահապատիժի ենթարկել հայութիւնը կեղեքող կարելի եղածին չափ մեծ թիւով երեւելի թուրքեր եւ քիւրտեր (1), (2), (3):

Միջանկեալ քանի մը դրուագներ` այս արշաւի պատրաստութեան վերաբերեալ (4). «Երբ նորաստեղծ  յեղափոխութեան այս անդրանիկ ձեռնարկը` Կուկունեանի արշաւանքը, կը կազմակերպուէր, Տրապիզոնի Աղաջա-Քեատիքլար գիւղէն կին մը իր երիտասարդ տղուն` Մկրտիչին ձեռքէն բռնած, բերաւ եւ յանձնեց Կուկունեանին, որպէսզի իր զաւակին ազգի փրկութեան ծառայելու արժանացնէ: Իսկ էրզրումցի կին մը իր տղուն` Ստեփանին Կուկունեանին յանձնեց, որպէսզի երթայ եւ իր հայ քոյրերուն վրէժը լուծէ:

Կուկունեանի արշաւախումբին հետ կապուած է այլ յուզիչ դրուագ մը, որ կ՛արտացոլացնէ ժողովուրդին հոգեբանութիւնը եւ հայ կնոջ ազատութեան ձգտումն ու նուիրումը: Կարսի մարզէն օրթաքեատիքլարցի կին մը` Մաքօ անունով, զինուոր ուղարկելու զաւակ չունէր. անոր զաւակը 8-9 տարեկան էր: Ուստի խնդրեց Կուկունեանէն, որ զինք տանի իբրեւ զինուոր, քանի որ լաւ ձի վարել եւ կրակել գիտէր: Համագիւղացիներն ալ միջամտեցին, որպէսզի իրենց գիւղին պարծանք բերող կնոջ խնդրանքը չմերժուի»:

Կուկունեան արշաւանքը սկսելէն առաջ իր կամաւոր մարտիկներուն հետեւեալ պատգամը ճառեց. «Մենք շուտով կը մտնենք Թուրքաց Հայաստան (Արեւմտահայաստան*). լաւ մտածեցէք, այնտեղէն վերադարձ չկայ: Մենք կ՛երթանք մեռնելու, որպէսզի ճանապարհ հարթենք գալիք կռուող շարքերուն համար: Թո՛ղ ոչ ոք ձեզմէ յոյս ունենայ, թէ կարող է ողջ մնալ: Ո՛վ որ ատկէ կը վհատի, թող այժմէն վերադառնայ… »: Երբ այս տողերը կարդացի,  տղոցմէ մէկը ուղղակի ապշած ու ընդվզումով ըսաւ.  «Ասոնք խե՞նթ են, ինչո՞ւ գիտնալով պիտի երթան մեռնելու»… Անշուշտ ինք «Սրբազան խենթեր»-ու մասին չէ, որ կ՛ակնարկէր, այլ` յիմարներու մասին:

Եթէ այս հանդիպումը այդ օրերուն Լիբանանի մէջ տեղի ունենար, վստահ եմ, որ ներկաներուն մեծամասնութիւնը անվերապահօրէն, առանց իսկ մտածելու, պիտի փափաքէր Կուկունեանի վրիժառու, Մաքոյին նման, պատժիչ այս խումբին մարտիկներուն մաս կազմել: Պահ մը անակնկալի եկած` պապանձեցայ, շուարած մնացի, քանի որ ենթագիտակիցիս մէջ անվիճելի` տուեալ իրողութիւն կը համարէի «Մահ կամ ազատութիւն» եւ «Մահ իմացեալ անմահութիւն է» գիտակից հայուն գաղափարը, մտապատկերն ու կենսակերպը:

Արագ մը դիտեցի մնացեալ տղոց դէմքերը եւ գոհունակութեամբ նկատեցի, որ անոնց մէջ ալ ինծի նման քանի մը զարմացողներ կային: Ի զուր փորձեցի բացատրել, որ ազգային ազատագրական պայքարին մէջ ազգին եւ հայրենիքին համար զոհուիլն ու նահատակուիլը մի՛շտ մարտիկի մը, կամ ոեւէ զինուորի ապրելակերպին ու մտածելակերպին անհերքելի ու անբաժան մասն է: Սակայն ինք պարզ ու չոր տրամաբանութեամբ կը պնդէր, որ գիտնալով թշնամիին գերազանցող թիւն ու զինամթերքը` խենթութիւն էր անոր վրայ յարձակիլը, եւ ինք երբե՛ք այդ խումբին մաս պիտի չկազմէր: Վերջին փորձով մը ըսի, որ եթէ խումբ մը աւազակներ մօրդ եւ քրոջդ վրայ յարձակին, գիտնալով, որ անոնք քեզմէ աւելի զօրաւոր են եւ զինուած, թոյլ կու տա՞ս, որ անոնք բռնաբարեն ու խոշտանգեն զանոնք, չե՞ս դիմադրեր պաշտպանելու համար ընտանիքդ, «Եթէ գիտնամ, որ պիտի մեռնիմ, ո՛չ, չեմ դիմադրեր», ըսաւ ան…

Շուրջ յիսուն տարիներ առաջ նշեալ պատահարին` ինծի համար բացասական այդ մտածելակերպին յայտնութենէն ետք, արդէն որոշեցի ոչի՛նչ տրուած իրողութիւն համարել, յատկապէս` ազգային եւ հանրային աշխատանքներու միջավայրին մէջ: Այլ փորձառութիւններ նաե՛ւ հաստատած են այս պարագան: Ի՞նչ ընել: Ի՞նչ միջոցներով ազգային դաստիարակութիւն, կամ, աւելի ճիշդը, ազգային զգայնութիւն` արժանապատուութեան զգացողութիւն գոյացնել ժողովուրդիդ մէջ, եթէ նոյնիսկ ձեւակա՛ն ըլլայ այդ:

Զուգահեռով մը պիտի բացատրեմ, թէ ինչո՞ւ ժամանակին ինքնաբերաբար, առանց յատուկ դասաւանդութեան, գոնէ սփիւռքահայ մեծամասնութեան մէջ տուեալ իրողութիւն էր ազգային պահանջատիրութեան միատեսակ ու անզիջող կեցուածքը եւ հասարակ յայտարար մը ունենալը:

Այսպէս, բաղդատենք, թէ ինչպէ՞ս Այնճար ծնած ու մեծցած հայը, առանց Մուսա լերան բարբառի յատուկ դպրոց յաճախելու, ցարդ կը տիրապետէ բարբառին, նոյնպէս` քեսապցին, հաճընցին եւ այլն: Անոնք տան ու շրջապատին մէջ մանուկ տարիքէն սկսեալ, լսելով բարբառը, սորված եւ իւրացուցած են զայն, եւ տակաւին մինչեւ օրերս կը շարունակուի սորվելու այս կերպը` առնուազն Այնճարի եւ Քեսապի մէջ: Նոյնն էր պարագան տոհմիկ ազգային դաստիարակութեան, որ յաճախ այդ մասին լսելով մեծ հայրերէն ու մայրերէն, ծնողքէն եւ ազգականներէն, ինքնաբերաբար, մանկութենէն սկսեալ, մաս կազմած է հայուն ենթագիտակցութեան: Այդ դաստիարակութիւնը անհատին մէջ խոր համոզում դրոշմած է հայ ժողովուրդին բոլոր իրաւունքներուն վերատիրանալու, արդարութիւն հետապնդելու եւ հատուցումի պահանջատիրութեան: Կարիքը չկար յատուկ դպրոցի, կամ`  դաստիարակութեան: Այժմ, երկու սերունդ ետք այդ տոհմիկ դաստիարակութիւնը գրեթէ չկայ, ուրեմն զայն փոխարինող ազգային դաստիարակութեան միջոցի մը կարիքը ունինք:

Երբ յատկապէս ամերիկեան արտադրութեան ելեկտրական գործիք մը գնենք, բազմաթիւ էջերով գրքոյկ մը կ՛ընկերանայ ատոր, որ կարծես թէ գրուած է տկարամիտներու համար: Նախ` նոյնիսկ կը բացատրէ գործիքին տուփն ու կերպընկալէ ծածկոցները ի՛նչ ընելը, կամ` չընելը… Ապա մանրամասն թուագրուած կը բացատրէ, թէ ինչպէ՛ս պէտք է աշխատցնել զայն, որուն շարքին նաեւ բոլորին յայտնի ու պարզ քայլը` ելեկտրականութեան խրոցը (ֆիշը) միացնելը ելեկտրականութեան: Նոյն մօտեցումը պէտք է ունենալ ազգային դաստիարակութիւն ծրագրելու պարագային, այսինքն` համարել, որ անհատը այդ մասին ոչինչ գիտէ:

Մինչ մեր հողերը գրաւած ու մեր կալուածներուն մէջ ապրող ցեղասպան Թուրքիոյ աշակերտը մինչեւ 2021, ամէն առաւօտ դասարան մտնելէն առաջ փառք կու տար Աստուծոյ, որ թուրք է (5), իսկ Միացեալ Նահանգներուն մէջ 1892-ին օրէնք դարձած ու 1954-ին բարեփոխուած, ցարդ գրեթէ բոլոր նահանգներուն պետական վարժարաններուն մէջ Ամերիկայի հաւատարմութեան խոստում կը կատարէ աշակերտը (6): Իսկ Հայաստանի մէջ` ճիշդ հակառակը, այժմու իշխանութիւնները ապազգայնացման քաղաքականութիւն կը վարեն, աշակերտական, ուսանողական եւ զինուորներու յատուկ «Հայ ասպետ» ազգային գիտելիքներու հիանալի մրցում-յայտագիրը կը դադրեցնեն եւ հայոց պատմութեան դասագիրքերը կը նենգափոխեն` ի շահ թուրքին եւ ի վնաս հայութեան:

Անյապաղ սփիւռքահայութեան յատուկ եւ թէ ալ Հայաստանի յատուկ ազգային դաստիարակութեան եւ ազգային զգայնութեան` արժանապատուութեան զգացողութիւն գոյացնող ծրագիրներ պէտք է մշակուին մասնագէտներու կողմէ: Կը հաւատամ, թէ ինչպէս յիսուն տարի առաջ, այժմ նաեւ ամէնուրեք կը գտնուին ազգային գիտակցութեամբ անհատներ, սակայն պէտք է բազմապատկենք անոնց նմանները կազմաւորելու միջոցները:

20 դեկտեմբեր 2023

haroutchekijian.wordpress.com

———–

  1. https://old.arfd.am/?p=12509
  2. https://hy.wikipedia.org/wiki/Սարգիս_Կուկունեանի_արշաւանք
  3. «Սարգիս Կուկունեանի արշաւանքը», Կարինէ Ալբերտի Եղիազարեան, ԵՊՀ հրատարակչութիւն, Երեւան, 180 էջ, 2016:
  4. «Հայ կանայք 19-րդ դարավերջի եւ 20-րդ դարասկզբի հերոսամարտի տարիներին», Էդիկ Գարեգինի Մինասեան եւ Տաթեւիկ Էդիկի Մինասեան, Երեւան, ԵՊՀ հրատարակչութիւն, 2016:
  5. https://en.wikipedia.org/wiki/Student_Oath_(Turkey)
  6. https://en.wikipedia.org/wiki/Pledge_of_Allegiance
Նախորդը

Նոր Տարուան Խոհեր

Յաջորդը

«Փրեմիըր Լիկ». Սիթի 3-1 Արդիւնքով Յաղթեց Էվըրթընի

RelatedPosts

Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր
Անդրադարձ

Սփիւռքի Անելիքը Եւ Կարողականութիւնը

Հոկտեմբեր 28, 2025
Պատմութեան Դասերին Կառչելու Հրամայականը…
Անդրադարձ

Վախւորած Իշխանութեան Տեռորի Մարտավարութիւնը…

Հոկտեմբեր 28, 2025
Ծառը
Անդրադարձ

Յուշդ… Երբեք Չի՛ Մահանար…

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?