Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ստացուած Գիրքեր. «Հասկ Հայագիտական Տարեգիրք» (Նոր Շրջան, Ժգ. Տարի 2011-2023)

July 18, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի տպարանէն 2024-ին լոյս տեսաւ «Հասկ հայագիտական տարեգիրք. նոր շրջան ԺԳ. տարի. 2011-2023» հատորը, որ ձօնուած է Սուրբ Ներսէս Շնորհալի հայրապետին` անոր վախճանման 850-ամեակին առիթով: Հատորը հրատարակուած է Մհեր Տէր Յովհաննէսեանին եւ ընտանիքին կողմէ` ի յիշատակ Սաթենիկ Տէր Յովհաննէսեանի:

Հատորը կը բացուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառին սրբատառ կոնդակով, որուն մէջ ան կը նշէ, թէ սուրբ Ներսէս Շնորհալի եղած է հայ եկեղեցւոյ մեծագոյն ու բազմաշնորհ հայրապետներէն մէկը: Շնորհալին առանցքային ներկայութիւն դարձած է յատկապէս մեր եկեղեցւոյ ծիսական, աստուածաբանական, դաւանաբանական միջ-եկեղեցական ու երաժշտական մարզերուն մէջ իր անջնջելի դրոշմը ձգելով մեր ազգին ու եկեղեցւոյ պատմութեան վրայ:

«Սուրբ Ներսէս Շնորհալի տիեզերական սուրբ» անգլերէն յօդուածին մէջ Արամ Ա. վեհափառ կ՛անդրադառնայ եկեղեցւոյ միութեան, Քաղկեդոնի 451-ի ժողովէն ետք հայ եւ յոյն եկեղեցիներու բաժանման, միութենական նոր փորձերուն ԺԲ. դարուն, շեշտելով, որ Շնորհալի ջատագով եղած է եկեղեցական միութեան: Սակայն եկեղեցիներու միութիւնը հաստատուած պէտք է ըլլայ, հաւասարութեան սկզբունքին վրայ, ինչպէս որ հասկցած է հայ եկեղեցին եւ Շնորհալի հայրապետ:

«Սուրբ Ներսէս Շնորհալի բարեկարգիչ հայ եկեղեցւոյ ծէսին եւ հոգեւոր երգին ու յօդուածին մէջ Կոմիտաս արք. Օհանեան կը նշէ, որ Սուրբ Ներսէս Շնորհալի իր բարեկարգութեան շնորհիւ յառաջացուց հայ եկեղեցւոյ նոր ժամանակագրութիւնը:

Ան ստեղծագործեց ճառ, տաղ, երգ, աղօթք, շարական, առակ, հանելուկ, հոգեւոր բանաստեղծութիւն, աստուածաբանութիւն, մեկնաբանութիւն, նամակագրութիւն, վիպասանութիւն եւ ողբերգութիւն, Շնորհալիի յօրինած շարականները ունին հարուստ հոգեւոր երաժշտութիւն:

«Սուրբ Ներսէս Շնորհալի եւ հայ յունական յարաբերութիւնները ԺԲ. դարուն» յօդուածին մէջ Օշական աբեղայ (այժմ` արքեպիսկոպոս) Չոլոյեան կը ներկայացնէ ԺԲ. դարուն տեղի ունեցած հայ-յունական յարաբերութեանց ընթացքը եւ անոր մէջ սուրբ Ներսէս Շնորհալիի կարեւոր դերը:

«Սուրբ Ներսէս Դ. Կլայեցի Շնորհալի կաթողիկոս եկեղեցիներու միութեան ջատագով հայրապետը: Յօդուածին մէջ Նարեկ արք. Ալեէմէզեան կը գրէ, որ Շնորհալի եկեղեցական միութեան անկեղծ եւ նուիրեալ սպասաւորն է: Ան քաջ գիտէ, թէ այս միութիւնը աստուածապարգեւ է եւ կ՛անդրանցի աստուածաբանական, քրիստոսաբանական, դաւանաբանական եւ եկեղեցաբանական ամէն սահմանում ու բանաձեւ:

«Սուրբ Ներսէս Շնորհալի հայրապետի մեկնողական արուեստը» յօդուածին մէջ Շահան արք. Սարգիսեան կը գրէ, որ Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի բազմակողմանի ու բազմերես գործունէութեան մէջ զուտ մեկնողական բնոյթի երկերը երեւութապէս փոքրաքանակ են, սակայն խորքային քննարկում մը ցոյց  կու տայ, որ անոր ստեղծագործական կենսագրութիւնը ինքնին մեկնութիւն մըն է:

«Սուրբ Ներսէս Շնորհալի հեռատես հայրապետը» յօդուածին մէջ Պարոյր վարդապետ Շերնէզեան կ՛ըսէ, թէ Շնորհալին լաւապէս ըմբռնած էր, որ հայ եկեղեցւոյ զաւակները պէտք է միասնականութեան ոգիին տակ համախմբուէին, որպէսզի օտարութեան շուքը բոյն չդնէր հայութեան մէջ եւ զայն ձուլումի չառաջնորդէր:

«Սուրբ Ներսէս Դ. Շնորհալի դիւանագէտը» յօդուածին մէջ դոկտ. Սեդա Պարսումեան¬Տատոյեան կը գրէ, որ Շնորհալիի քաղաքական ասպարէզը կարեւոր մաս մըն է իր ընդհանուր աւանդէն: Ան իր արտակարգ կարողութիւններով երեւան կու գայ յոյն եւ հայ եկեղեցական միութեան բանակցութեանց գործընթացին մէջ:

«Բերիոյ թեմի կիրակնօրեայ դպրոցի ծնունդն ու կազմակերպումը» յօդուածին մէջ Անի Ֆիշէնկճեան կը գրէ, որ հայ դպրոցի կողքին, մեծ էր դերը կիրակնօրեայ դպրոցին, որով պիտի համալրուէր հայ մանուկին հայեցի ու կրօնաբարոյական դաստիարակութիւնը: Սահակ Բ. կաթողիկոս 1930-ին ի նպաստ կիրակնօրեայ դպրոցներու հաստատումէն կոնդակ կը հրատարակէ: Կիրակնօրեայ դպրոցներ բացուած են Հալէպի, Ազէզի, Աֆրինի, Գրըգխանի, Իսկէնտէրունի եւ Ճարապլուսի մէջ:

«Հասկ հայագիտական տարեգիրք»-ի այս հատորը, սուրբ Ներսէս Շնորհալի հայրապետի կեանքին, գործունէութեան եւ հոգեւոր ու մշակութային ժառանգութեան նուիրուած հարուստ բովանդակութեամբ, ինչպէս նաեւ արխիւային նիւթերով, երաժշտական բաժինով ու մատենագիտութեամբ, հայ դպրութեան եւ մշակոյթին ձգուած մնայուն եւ մեծարժէք աւանդ մըն է:

 

 

Նախորդը

Մամլոյ Արձակուրդ

Յաջորդը

Պոլսահայ Գրող, Հրապարակագիր Սիրան Սեզայի Արխիւը՝ Հասանելի Հանրութեան

RelatedPosts

Տեառնընդառաջ Եւ Բուն Բարեկենդան Ու Մեծ Պահք
Անդրադարձ

Տեառնընդառաջ Եւ Բուն Բարեկենդան Ու Մեծ Պահք

February 14, 2026
Հայ Դատը Օզի Հակահայ Յայտարարութեան Նիւթերը Կը Պահանջէ Կառավարութենէն
Անդրադարձ

Հայ Դատը Օզի Հակահայ Յայտարարութեան Նիւթերը Կը Պահանջէ Կառավարութենէն

February 14, 2026
Տոքթ. Օզի Հայատեաց Արարքին Ետին Թաքնուած Միտումը
Անդրադարձ

Տոքթ. Օզի Հայատեաց Արարքին Ետին Թաքնուած Միտումը

February 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.