Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մարդուժի Պատրաստութեան Ծրագիրի Մասին ԼԵՄ-ականներու Կարծիքներ

July 16, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մարդուժի պատրաստութեան ծրագիրը իր տեսակին մէջ իւրայատուկ, սակայն միեւնոյն ժամանակ մեր միութեան գործելադաշտի հիմնական նպատակներէն մէկն է` պատրաստել ՀԱՅ մարդը: Այսօր դաշնակցական երիտասարդութիւնը կը պատրաստուի` դառնալու ապագայի դաստիարակը եւ յաջորդ դաշնակցական սերունդը պատրաստողը: Այսպէս են մեր միութիւնները, ապագայի նկատմամբ լուրջ յանձնառութեամբ կը մօտենան ու կը ծրագրեն, այսպէս ենք մենք, եւ այս ծրագիրը լաւագոյն ապացոյցն է, որ դաշնակցական երիտասարդը  օժտուած ու զինուած է ազգասիրութեամբ, որ` ներշնչող աղբիւր կը հանդիսանայ բոլոր նման ու այլ ծրագիրներու յաջողութեան: Արդիական ձեւերով նաեւ պիտի շարունակուի մեր երթը` կերտելով տիպար, ազգասէր, հայ, դաշնակցական երիտասարդը:

ՆԱՆՕՐ ԷԼԷՅՃԵԱՆ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Բեկոր» մասնաճիւղ

 

Իբրեւ հայ ազգի զաւակ եւ մանաւանդ ԼԵՄ-ական` մեր պարտականութիւնն է յառաջիկայ սերունդին փոխանցել Հայ դատի մասին տեղեկութիւններ ոչ անցեալի ձեւերով  եւ  լուծումներով, նաեւ` սորվեցնել պայքարի այն ձեւերը, որոնք ներկայիս արդիւնաւէտ են: Այս մտայնութեամբ մարդուժի պատրաստութիւնը շատ կարեւոր է, իսկ մեզի փոխանցուած գիտելիքները եւ աշխատանոցներու արդիւնքները պիտի դառնան պայքարի նոր ձեւեր ստեղծելու աղբիւրները: Այսպէս, մենք ամէն օր քիչ մը աւելի պատրաստ կը դառնանք ապագայի բոլոր մարտահրաւէրները դիմագրաւելու:

ՍԱՐԻՆԷ ՀԱԼԼԱՃԵԱՆ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Մեղրեան» մասնաճիւղ

 

Այսպիսի սեմինարներն ու ծրագիրները կարեւոր են մեզի համար, որովհետեւ անոնք կ՛օգնեն մեզի` զարգացնելու մեր հմտութիւնները, ինքնավստահութիւնը եւ պատասխանատուութեան զգացումը: Այս սեմինարներն ու ծրագիրները կը տրամադրեն նուաճման հնարաւորութիւններ եւ կը ներշնչեն մեզ` դառնալու ապագայ առաջնորդներ, դրական փոփոխութիւններ բերելու մեր համայնքին մէջ: Այս բոլորը նաեւ կը համապատասխանեն ՀՅԴ ԼԵՄ-ի դաստիարակչական սկզբունքներուն եւ նպատակներուն:

ՎԱՐԱՆԴ ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հայաստան» մասնաճիւղ

 

Լիբանանահայ երիտասարդութեան պատրաստակամութիւնը անհրաժեշտ է հայկական ինքնութեան պահպանման համար: Կարեւոր է ծրագրել մարդուժի պատրաստութեան համար դասընթացքներ եւ սեմինարներ, որոնց միջոցով երիտասարդութիւնը կրնայ զարգացնել իր առաջնորդութեան, ղեկավարութեան եւ հաղորդակցութեան հմտութիւնները եւ արդիւնաւէտ ձեւով գործադրել հասարակութեան մէջ: Ուրեմն այս բոլոր դասընթացքները կը նպաստեն ԼԵՄ-ականի մը ինքնութեան ձեւաւորման եւ կը զօրացնեն անոնց կապը լիբանանահայութեան հետ:

ՆԱՆԱՐ ՀԱՒԱԹԵԱՆ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հայաստան» մասնաճիւղ

 

Ազգի մը յառաջդիմութիւնը կախեալ է անոր ժողովուրդին կարողութիւններէն: Անշուշտ դպրոցական եւ ապա համալսարանական ուսում ստանալը շատ կարեւոր է: Սակայն գործօն երիտասարդներ ունենալու համար անհրաժեշտ են ղեկավարութեան ու հաղորդակցութեան հմտութիւնները: Առ այդ, այսպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ մարդիկ դարձած են արհեստագիտութեան խամաճիկները, հարկաւոր է ձգտիլ մարդուժի պատրաստութեան: Մենք` իբրեւ հայ երիտասարդներ, կը ներկայացնենք մեր հայրենիքին ու ազգին ապագան: Մեր հայրենիքը պէտք ունի կարող երիտասարդներու: Այս պատճառով մեր մասնակցութեամբ մարդուժի պատրաստութեան այս ծրագիրը կը հանդիսանայ կարեւոր միջոց մը` հայուն յառաջդիմութեան: Կը յուսանք, որ երիտասարդութիւնը միշտ մասնակցի այսպիսի ծրագիրներու ու ձեռք բերէ կեանքի կարեւոր բանալիները:

ԱԼԻՆ ԱՅԱՆԵԱՆ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հայաստան» մասնաճիւղ

 

Ահազանգային հնչեղութիւն ունէր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան այս տարուան պատգամը, որ յանձին Արամ Ա. կաթողիկոսի` 2024 տարին հռչակած է «Մարդուժի տարի»: Մեծով, պզտիկով ազգային լուրջ մտահոգութեան մէջ ինկած ենք: Այսօր հայ կեանքը, Հայաստանէն մինչեւ սփիւռս աշխարհի, զգալի ու նկատառելի տերեւաթափ կ՛ապրի ամէն մակարդակի վրայ: Այսօր հայ իրականութեան մէջ նկատելի է կարող եւ պատրաստուած մտաւորականներու, գիտնականներու, ուսուցիչներու, ազգային գործիչներու, արուեստագէտներուն,  ղեկավարներու, մասնագէտներու եւ տակաւին ինչ-ինչ պաշտօններու ատակ անձերու պակասը: Յստակ է. իւրաքանչիւր հայորդի` իբրեւ ազգային պարտականութիւն եւ ի շահ հայրենիքին, պէտք է ազգային ու թափանցիկ դաստիարակութեամբ կրթութիւն ստանայ, ճիշդ ուղղութեամբ յառաջ ընթանայ, լաւապէս թրծուի` հեռու մնալով ծայրայեղութիւններէ, ըլլան անոնք ազգային, թէ ապազգային, կրօնական թէ գաղափարական: Իւրաքանչիւր նոր սերունդի ներարկուած աւիշով է, որ կը կերտուի հայորդիին էութիւնն ու ազգի ապագան: Մարդուժի այս ծրագրին իւրաքանչիւր երիտասարդ ունեցաւ այդ առիթը` ստանալու ղեկավարութեան, հաղորդակցութեան, կառավարութեան եւ այլ նիւթերու շուրջ ուսումնասիրուած մասնագէտներու կողմէ: Անձնապէս, երիտասարդական մարդուժի պատրաստութեան այս ծրագիրը առիթ ստեղծեց, որ ձգտիմ եւ ճիւղաւորուիմ անձնական հմտութիւններ զարգացնելու: Նոյնպէս արթնցուց այն մտածելակերպը, որ սորվինք մեր անցեալի սխալներէն, ճիշդը գործադրենք ներկային, եւ ճիշդը սխալէն զանազանենք ապագային:

ՅԱՐՈՒԹ ՄԱՎԵԱՆ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Մեղրեան» մասնաճիւղ

 

21-րդ դարու համաշխարհային եղելութիւնները եւ լիբանանահայութեան ապրած հրատապ մարտահրաւէրները, ինչպէս` սփիւռքի գոյատեւումը եւ կայունութիւնը, բացայայտօրէն ցոյց կու տան հայ մարդուժի պատրաստութեան կարիքը: Այս կը նշանակէ` հայ մարդը դարձնել բարոյական եւ ազգային արժէքներու տէր անձնաւորութիւն մը, ծանօթացնել զայն մեր ազգին պատմութեան եւ հարուստ մշակոյթին ու մեր ժողովուրդին ամբողջական նուիրումով ծառայելու ոգին ներարկել անոր մէջ` բերելու իր գործօն մասնակցութիւնը հայ կեանքին: Մարդուժի պատրաստութիւնը երկարաշունչ գործընթաց մըն է, որ կարիքը ունի ամբողջական նուիրման, լուրջ կազմակերպուածութեան եւ հետեւողական աշխատանքներու: Իմ կարծիքով, այս ծրագրի պատասխանատուները իրենց շինիչ թելադրութիւններով ու ցուցմունքներով իւրաքանչիւրիս մէջ սերմանեցին այդ պատրաստութեան ոգին, որ կեանք առաւ մեր մէջ, ամրապնդուեցաւ եւ պիտի նպաստէ մեր հայրենիքի բարօրութեան:

ՌԻԹԱ ՍԱԼԼՈՒՄ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հայաստան» մասնաճիւղ

 

Այս ծրագրի գիտաշխատանոցին ընդմէջէն մեր սորված կարեւորագոյն  դասը եղաւ վստահութեան եւ ազդու հաղորդակցութեան հմտութիւններ զարգացնելու կարեւորութիւնը: Մասնակցողները յայտնաբերեցին այն հանգամանքը, որ իսկական ղեկավարութիւնը հեղինակաւոր կարգաւորումէ անդին է: Ան կ՛ընդգրկէ` կարեկցանք, աշխուժ մտիկ ընելու կարողութիւն եւ համագործակցային խնդիրներու լուծման կարողութիւն: Գիտաշխատանոցը շեշտեց տարբեր հայեցակէտերու արժէքը եւ քաջալերել երիտասարդ ղեկավարները` ընդունելու մարտահրաւէրները` որպէս զարգացումի առիթներ: իրական կեանքի դրուագներէ եւ աշխատանքային տարբեր գործունէութիւններու ընդմէջէն, ներկաները հասկցան, որ  ղեկավարութիւնը ինքնազարգացման եւ ժողովուրդի վրայ ազդեցութեան շարունակական երթ մըն է: Մարդուժը այս ձեւով կը պատրաստուի: ԼԵՄ-ականը, իր կարգին, այս ձեւով պիտի պատրաստուի, որպէսզի այդ բոլորը գիտելիքները ուղղէ գաղութի եւ ազգի ծառայութեան ի խնդիր:

ԱՐԵՒԻԿ ԳԱԶԱՆՃԵԱՆ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արաբօ» մասնաճիւղ

 

Մարդուժի պատրաստութեան կարեւորութիւնը այսօր, բոլոր ժամանակներէն աւելի, անհրաժեշտ աշխատանք է: ՀՅԴ ԼԵՄ-ը, գիտակցելով այս դժուարութիւններուն` տեւաբար կը ձգտի նախաձեռնել մարդուժի պատրաստութեան իմաստով զանազան աշխատանքներու: Մեր գաղութը իր ուժականութիւնը վերագտնելու եւ վերադասաւորելու համար երիտասարդ մարդուժի հրամայական կարիքը ունի: Կրթական, միութենական, մշակութային, մարզական եւ բարեսիրական բոլոր բնագաւարներուն մէջ անհրաժեշտութիւնը կայ նոր ուժերու մասնակցութեան: Այս իմաստով անյետաձգելի է մարդուժի պատրաստութեան աշխատանքը: Մարդուժի ծրագիրը առիթ ընծայեց գաղափարը գործնականի վերածելու եւ զինուելու այն բոլոր միջոցներով, որոնք մեզ կը պատրաստեն ապագայի մարտահրաւէրները յաջողութեամբ դիմագրաւելու:

ԿԱԼԻ ԹԱԳՒՈՐԵԱՆ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հայաստան» մասնաճիւղ

 

Երիտասարդ մարդուժ պատրաստելը կարեւոր է, ապագայի ընդունակ և հեռատես առաջնորդներ դաստիարակելու համար: Ինչպէս նաեւ ներդրումներ կատարելով մեր զարգացման մէջ` մենք ստացանք հիմնական հմտութիւնները, վստահութիւնը եւ գիտելիքները` դիմակայելու համար տարբեր տեսակի մարտահրաւէրները: Երիտասարդ առաջնորդները կը բերեն նորարար գաղափարներ եւ պատասխանատուութեան ուժեղ զգացում` կայուն, ապագայ կառուցելու համար:

ԲԱԼԻԿ ՊՕՂՈՍԵԱՆ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Բեկոր» մասնաճիւղ

 

ԼԵՄ-ականներս յաւելեալ գիտելիքներով ընդլայնեցինք մեր հմտութիւններն ու անցանք գործնականի: Առաջին շաբթուան ընթացքին ամէնէն կարեւոր կէտը սորվեցայ. այն, թէ ինչպէ՛ս դուն քու առաջնորդդ պիտի ըլլաս կեանքի մէջ: Երկրորդ շաբթուան ընթացքին սորվեցայ դրական նկարագիր ունենալ ու նաեւ դրական ձեւով հաղորդակցիլ մարդոց հետ: Իսկ երրորդը` պատասխանատուութեան զգացումով միանալ որեւէ ծրագիրի ու քաջալերել շրջապատս, որ նաեւ այդպէս մօտենայ բոլոր աշխատանքներուն: ՀՅԴ ԼԵՄ-ը իր վրայ դրուած բոլոր պարտաւորութիւնները վերցուցած ըլլալով` կը սպասէ միայն երիտասարդութեան զօրակցութիւնը իր նախաձեռնած ծրագիրներուն, որպէսզի մենք ալ` մեր կարգին, գաղութային եւ ազգային կեանքին մէջ մեր պարտաւորութիւնները կատարենք:

ԴՐՕ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հայաստան» մասնաճիւղ

 

Ուրախ եմ, որ առիթը ունեցայ մասնակցելու Հայկազեան համալսարանի «Շարունակական ուսումնառութեան կեդրոն»-ին Մարդուժի պատրաստութեան ծրագիրին: Սոյն ծրագիրի ընթացքին առիթը ունեցայ զարգացնելու տարբեր տեսակի հմտութիւններ` ղեկավարութիւն, հաղորդակցութիւն, ինչպէս նաեւ` կարեւորութիւնը հաւաքական աշխատանքին: Դաշնակցական երիտասարդի մը կազմաւորման զուգահեռ` պէտք է կազմաւորել մարդը, հետեւաբար նման ծրագիրներ անհրաժեշտ են պատրաստելու համար ապագայ ղեկավար սերունդը:

ՍԷՐՈՒԺ ՊԷՊԷՃԵԱՆ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արաբօ» մասնաճիւղ

 

Այս ծրագիրին մասնակցութիւնս արթնցուց կարեւոր հացադրում մը: Ո՞վ է ղեկավարը: Երկար մտածելէ ետք յանգեցայ հետեւեալ բացատրութեան: Ղեկավարը այն  անձն է, որ կ՛առաջնորդէ եւ կ՛ոգեշնչէ ուրիշներ` հասնելու համար նպատակի մը: Դժբախտաբար այսօր մենք` որպէս ազգ, ունինք ղեկավարութեան եւ առաջնորդութեան մեծ պակաս: Այդ պատճառով շատ կարեւոր է երիտասարդութիւնը նախապատրաստել գալիքին, քանի որ երիտասարդութիւնը պիտի ձեւաւորէ վաղուան աշխարհը: Մենք` իբրեւ ԼԵՄ-ականներ, պարտաւոր ենք դառնալ ապագայ ղեկավարներ եւ առաջնորդներ` ոչ թէ միայն պաշտօն ստանձնելով այլ` օրինակ դառնալով ժողովուրդին: Եւ Ինչպես Գարեգին Նժդեհ կ՛ըսէ. «Կ՛ուզե՞ս գուշակել ազգի մը ապագան, նայիր անոր երիտասարդութեան»: Ուրեմն ըլլանք այն երիտասարդութիւնը, որ պիտի կերտէ փայլուն ապագայ:

ԼԷՈՆ ԳԱՍՊԱՐԵԱՆ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Մեղրեան» մասնաճիւղ

 

Աշխատանոցները մեզի համար շատ լաւ փորձառութիւն մը եղան` զգալիօրէն ամրապնդելով եւ զարգացնելով ղեկավարման մեր կարողութիւններն ու պատանիներու հետ յարաբերելու ձիրքերը: Երիտասարդ առաջնորդներու պատրաստութիւնը այսօր, աւելի քան երբեք, հրամայական մըն է: Շնորհակալութի՛ւն` ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան, որ տեւաբար մարդուժի պատրաստութիւնը կը նկատէ առաջնահերթութիւն ու մեզ կը մղէ լաւին ու լաւագոյնին:

ԿԱԼԻԱ ԳԸՃԸԼԵԱՆ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Րաֆֆի» մասնաճիւղ

Նախորդը

Խաչիկ Թէօլէօլեան Եւ Սփիւռքագիտութիւնը (Զ.)

Յաջորդը

Մեր Խօսքը

RelatedPosts

Ո՞վ  Է Կոմիտասը
Անդրադարձ

Ո՞վ Է Կոմիտասը

January 13, 2026
Ո՞վ Պիտի Յաջորդէ Կոմիտասին
Անդրադարձ

Մարդ, Որ Լեռները Կը Քալեցնէր

January 13, 2026
Թուրքիոյ Կողմէ Ազգային Փոքրամասնութիւններու Հալածանքները 1930-1941 Թուականներուն
Անդրադարձ

Թուրքիոյ Կողմէ Ազգային Փոքրամասնութիւններու Հալածանքները 1930-1941 Թուականներուն

January 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.