ՅԱԿՈԲ ԱՆՏՈՆԵԱՆ
ՀՅԴ «ՀՐԱՅՐ ԴԺՈԽՔ» ՊՄ
Միշտ ալ կը լսենք «ինքնութիւն» բառը, որ շատ կը գործածուի, եւ կը թուի, որ սովորական ու պարզ բառ մըն է, բայց խորքին մէջ այդպէս չէ:
Ինքնութիւնը հաւաքականութեան մը յատկանիշներուն մէկտեղումն է, հաւաքածոն է, որ մէկ ամբողջութիւն է: Ինքնութիւնը ճանչնալը մեծապէս կ՛օգնէ, որ հասկնանք, թէ մենք ո՛վ ենք, ուրկէ՛ եկած ենք, ի՛նչ արժէքներ ունինք, ի՛նչ ըրած ենք, ի՛նչ խնդիրներ ու տեսլականներ ունինք, ո՛ւր կ՛երթանք, եւ այս բոլորին մէջ մենք ինչ ընելիք ունինք:
Իսկ ինքնութեան կազմաւորումը կը սկսի փոքր տարիքէն, եւ այստեղ կարեւոր է, որ պատանեկան տարիքին պատանիները մօտէն ծանօթանան իրենց ինքնութեան, որպէսզի ունենան ազգային նկարագիր:
Ինքնութիւն ունենալը եւ հաւաքական նպատակներու ծառայելը կ՛օգնեն, որ մեր անհատական «ես»-ը զատենք հաւաքականէն եւ ծառայենք ընդհանուրին շահերուն` բոլորի՛ն, ազգին ու ժողովուրդին:
Մեր ինքնութիւնը յաւերժութիւն է, որ եկած է դարերու խորերէն, եւ մենք պէտք է տէր կանգնինք, որպէսզի մեր ազգը ապրի…


