Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազրպէյճանի Սահմանադրութիւնն Ալ Պէտք Է Փոխուի

Յուլիս 16, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ա. Ա.

Խոչընդոտներ գոյութիւն ունին Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիր մը կնքելու դիմաց, մեծագոյնը, ըստ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերին, Հայաստանի սահմանադրութիւնն է, որուն մէջ նշում կը կատարուի Հայաստանի եւ Արցախի միաւորման անդրադարձող Անկախութեան հռչակագրին:

Խաղաղութեան պայմանագրի ճակատագրին շուրջ նախատեսութիւնները բազմաթիւ են: Ոմանք, ինչպէս Քաղաքացիական պայմանագիր խմբակցութեան անդամներ, կը պնդեն,որ համաձայնագիրը գրեթէ պատրաստ է եւ կրնայ մէկ ամսուան ընթացքին կնքուիլ: Իրենց կարգին, ազրպէյճանցիք իշխանութեան մակարդակի վրայ կը դժգոհին Հայաստանի սահմանադրութենէն` ըսելով, որ անիկա կը պարունակէ Ազրպէյճանէն հողային պահանջներ, որոնք պէտք է վերանան, որպէսզի կարելի ըլլայ ստորագրել խաղաղութեան պայմանագիրը: Ուրեմն, ամէն բանէ առաջ, իբրեւ առաջին, քայլ դէպի խաղաղութեան համաձայնագիրը, փոփոխութեան պէտք է ենթարկուի Հայաստանի սահմանադրութիւնը: Միջազգային ընտանիքը եւ յատկապէս Միացեալ Նահանգներ եւ Եւրոպական Միութիւն, պատեհ առիթ կը տեսնեն` Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագրի կնքման համար եւ կը քաջալերեն Երեւանն ու Պաքուն,որպէսզի պատմական այդ քայլը առնեն:

Պաշտօնական Պաքու աւելի քան վեց ամիսէ ի վեր կը պահանջէ, որ Հայաստան հիմնովին փոփոխութեան ենթարկէ երկրին սահմանադրութիւնը` պնդելով,որ առանց այդ փոփոխութեան` կարելի չէ խաղաղութեան պայմանագիր կնքել Հայաստանի հետ:Պաքու հողային պահանջներու դրսեւորումներ կը գտնէ «Խորհրդային Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի վերամիաւորման մասին» 1989-ին ընդունուած որոշումին մէջ, որ ըստ Պաքուի իշխանութիւններուն, միակ խոչընդոտն է խաղաղութեան պայմանագրի մը կնքման դիմաց:

Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ Ազրպէյճանին տրուած պատասխանը երկդիմի է: Մէկ կողմէ կը յայտարարուի, որ մայր օրէնքի փոփոխութիւնը Հայաստանի ներքին գործն է, միւս կողմէ` Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ամիսներ առաջ հրապարակային իր ելոյթներէն մէկուն ընթացքին շեշտած է, որ` «Մենք այսօր պէտք է կարգաւորենք մեր յարաբերութիւնները Անկախութեան հռչակագրին հետ: Հիմա` հարց մը: Մեր պետական քաղաքականութիւնը արդեօ՞ք պիտի յղուի Անկախութեան հռչակագրին եւ արդեօ՞ք մեր պետական քաղաքականութիւնները պէտք է այդ ուղերձով առաջնորդուին եւ պէտք է հիմնուին Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային խորհուրդի եւ Հայաստանի Գերագոյն խորհուրդի կողմէ ընդունուած Ղարաբաղի եւ Հայաստանի վերամիաւորման որոշումին վրայ: Ասիկա քաղաքական ընտրութեան հարց է: Եթէ` այո՛, ապա կը նշանակէ, որ մենք խաղաղութիւն չենք ունենար», ընգծած էր Փաշինեան իր կարգին, գրեթէ ձայնակցելով Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն հետ, թէ առանց Հայաստանի սահմանադրութեան փոփոխութեան` կարելի չէ խաղաղութեան պայմանագիր մը կնքել Ազրպէյճանի հետ:

Մինչ Ազրպէյճանի իշխանութիւնները խոչընդոտ կը նկատեն Հայաստանի մայր օրէնքը, սակայն Ազրպէյճանի սահմանադրութիւնը ինքնին լրջագոյն արգելք մը կը հանդիսանայ Հայաստանի հետ խաղաղութեան պայմանագրի մը կնքման դէմ, որովհետեւ անոր մէջ յղում կը կատարուի ազրպէյճանական Անկախութեան ուխտին, ըստ որուն, ներկայ Ազրպէյճանը ոչ թէ խորհրդային, այլ 1918-ի «Դեմոկրատական հանրապետութեան իրաւայաջորդն է, որուն իշխանութիւնը կը տարածուէր արեւելեան եւ հարաւային Անդրկովկասի վրայ»: Ներկայիս ազրպէյճանական քարտէսներով այս ձեւակերպումը կը ներառէ Հայաստանի Սիւնիքի մարզը, ինչպէս նաեւ` Գեղարքունիքի եւ Վայոց Ձորի որոշ տարածքներ: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան շատ հպանցիկ ակնարկով մը նկատողութիւն արձանագրած է Ազրպէյճանի սահմանադրութեան վերաբերեալ: Երեւանի այս կեցուածքը, սակայն, ազրպէյճանական սուր քննադատութիւններու արժանացաւ, թէ` կարելի չէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի սահմանադրութիւններուն միջեւ զուգահեռներ գծել: Ալիեւ այս առիթով դարձեալ պնդեց, որ Հայաստանի սահմանադրութիւնը պէտք է փոխուի: Ապա Փաշինեան մայիսի վերջերը ստորագրեց որոշում մը, ըստ որուն, սահմանադրական բարեփոխումներու խորհուրդը ոչ թէ պէտք է բարեփոխէ գործող սահմանադրութիւնը, այլ նոր սահմանադրութիւն մը մշակէ եւ ներկայացնէ: «Մենք պէտք է ունենանք սահմանադրութիւն մը, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը աւելի մրցունակ եւ կենսունակ կը դարձնէ աշխարհաքաղաքական եւ շրջանային նոր պայմաններուն մէջ», կը յայտարարէր ան: Հայկական կողմը մինչեւ հիմա յստակօրէն չէ յայտարարած, որ խնդիրներ կը տեսնէ Ազրպէյճանի սահմանադրութեան մէջ` պահանջելով անոր փոփոխութիւնը, որովհետեւ Ազրպէյճանի սահմանադրութեան մէջ ալ Հայաստանէն հողային պահանջներու ձեւակերպումներ գոյութիւն ունին: Այս ծիրին մէջ ալ պէտք է ընդգծել,որ միակողմանի զիջումներու այս յորձանուտը կրնայ ոտնատակ ընել Հայաստանը: Իրական Հայաստանը, որուն մասին Նիկոլ Փաշինեան շատ կը սիրէ խօսիլ:

 

 

Նախորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Մեր Տան Պէս Մաքուր Պահենք Մեր Թաղերը, Մեր Շրջապատը

Յաջորդը

Հայաստանի Սահմանադրութեան Օրը Փաշինեան Քննադատած Է Սահմանադրութիւնը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?