Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Խօսքը

Յուլիս 16, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Երիտասարդական էջ»-ի այս թիւը իր բովանդակութեամբ իւրայատուկ է: Ազգային եւ գաղափարական նիւթերէն անդին ԼԵՄ-ը նաեւ մտահոգ է մարդուժի պատրաստութեամբ: ԼԵՄ-ականը կու գայ ներկայացնելու այն թեզը, որ երիտասարդութիւնը պէտք է պատրաստուի դիմագրաւել ամէն տեսակի մարտահրաւէր եւ յաջողի յաղթահարել զանոնք: Աւելի՛ն, երիտասարդութիւնը ուժեղ է, կարող է եւ զարգացած է: Սակայն, միաժամանակ, մեր երիտասարդութիւնը կարիքը ունի ուղղութեան, քաջալերանքի եւ հոգատարութեան: ՀՅԴ ԼԵՄ-ը կը հանդիսանայ երիտասարդական այն իւրայատուկ կազմակերպութիւնը, որ դաստիարակչական իր ծրագիրով, կազմակերպական կառոյցով եւ ժողովական կեանքով կարելիութիւնը ունի կերտելու տիպար մարդ, տիպար քաղաքացի եւ տիպար դաշնակցական:

2024 տարին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին կողմէ հռչակուեցաւ «Մարդուժի տարի»: ՀՅԴ ԼԵՄ-ը իր կարգին, յունուար 2024-ին գումարած իր 29-րդ Պատգամաւորական ժողովին  որդեգրուած որոշումներով ընդգծեց, որ յառաջիկայ երկամեակին միութեանս առաջնահերթութիւնները պիտի ըլլան կազմակերպական ամրապնդումը, ազդու քարոզչութեան մարզերու ու միջոցներու ընդլայնումը եւ ազգային արժէքներով մտահոգ ու քննական ձեւով հարցերը վերլուծող երիտասարդութեան մը պատրաստութիւնը:

Այս բոլոր իրականութիւններէն մեկնած, յունիս 2024-ին Հայկազեան համալսարանի «Շարունակական ուսումնառութեան կեդրոն»-ին հետ գործակցաբար, տեղի ունեցաւ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի, ՀՅԴ ԶՈՄ-ի եւ ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններուն  կազմակերպութեամբ մարդուժի պատրաստութեան ծրագիր մը: Անոր նպատակն էր համախմբել երիտասարդներ եւ իրենց հրամցնել այն բոլոր նիւթերը եւ հմտութիւնները, որոնց միջոցաւ անոնք կարելիութիւնը պիտի ունենան յաղթահարելու դժուարութիւններ, փոխանակելու մտքեր եւ նաեւ ստեղծագործել` իւրաքանչիւրը իր հետաքրքրութիւններու մարզերուն մէջ:

Այսօրուան դժուարութիւնները շատ են, երեւելի եւ աներեւոյթ թշնամիները շատ աւելի, իսկ ապազգայինը քաջալերողները` համարձակ: Հետեւաբար, երիտասարդութիւնն է, որ այս բոլորին դէմ պիտի պայքարի: Յիշենք Նիկոլ Դումանի այն խօսքը, որուն մէջ ան կ՛ըսէ. «Երբ անհաւասար ուժի դէմ կը պայքարիս, պէտք է սովորական եւ անհաւասար զէնքով պայքարիս: Ընտրէ զէնք մը, որ հակառակորդդ յանկարծակի բերես: Եւ եթէ չունես այդ զէնքը, պէտք է զայն ստեղծես»: ՀՅԴ ԼԵՄ-ը իր երիտասարդութեամբ պիտի ստեղծէ այդ խմբակը, որ իր կարողութիւններով, գիտելիքներով, հմտութիւններով եւ վճռակամութեամբ պիտի դառնայ այն անհաւասար զէնքը, որ պիտի քանդէ անարդարութեան ու լռութեան պատը եւ պայքարի Հայ դատի բոլոր նպատակներու իրագործման համար:

Աւարտին, ՀՅԴ ԼԵՄ-ը կու գայ յայտարարելու, որ նմանօրինակ ծրագիրներ պիտի մնան առաջնահերթութիւն: ԼԵՄ-ը եւ ԼԵՄ-ականը կը մնան պատնէշի վրայ:

Նախորդը

Մարդուժի Պատրաստութեան Ծրագիրի Մասին ԼԵՄ-ականներու Կարծիքներ

Յաջորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Մեր Տան Պէս Մաքուր Պահենք Մեր Թաղերը, Մեր Շրջապատը

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?