ՎԱՐՈՒԺԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Աւելի քան յիսնամեակ մը սպասելէ ետք «Ֆայհա» երգչախումբի ելոյթը` խմբավարութեամբ Պարգեւ Թասլաքեանի, Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ, Այնճար, հոգեպէս վերանալու առիթ մը եղաւ ինծի եւ վստահաբար հարիւրաւոր ներկաներուն: Այսպէս կ՛ըսեմ` առանց թերագնահատելու անցնող յիսնամեայ տարիներու ընթացքին ներկայացուած գեղարուեստական ձեռնարկները, որոնք ազգային գետնի վրայ իրենց իւրայատուկ դրոշմը զետեղեցին մեր ժողովուրդի կեանքին վրայ, սփիւռքեան նոր պայմաններու տակ:
«Ֆայհա»-ի յայտնութիւնը, սակայն, այսօ՛ր մանաւանդ, քանի մը երեսներէ դիտուած բացառիկ էր եւ զմայլող ու օրինակելի: Ան կը յիշեցնէր Լիբանանի երկնակամարին տակ աւելի քան յիսնամեակ մը տարիներ առաջ կերպադրուած երգչախումբերը:
Առաջին ցցուող երեւոյթը այն էր, որ խումբին երկսեռ անդամները` աւելի խան 70 երգիչ-երգչուհիներ, բացարձակ մեծամասնութեամբ երիտասարդ էին: Ճերմակ մազ հազիւ կը նշմարուէր բեմին վրայ, որ հինէն մնացած աշակերտական ու պարզ նստարաններով յարմարցուած էր եկեղեցւոյ փակ խորանի վարագոյրին տակ:
Երկրորդ խօսուն երեւոյթը այն էր, որ երգիչ-երգչուհիները ոչ մէկ թերթիկ կամ տետրակ բռնած էին իրենց ժպտուն դէմքերուն դիմաց:
Երրորդ երեւոյթ. երգչախումբին ընկերակցող որեւէ տեսակի նուագարանի միջամտութիւն չկար: Չկային նաեւ բարձրախօսներու ցողեր կամ լոյսերու խաղեր ստեղծելու ելեկտրական սարքեր: Երգչախումբը, սեւորակ ու վայելուչ տարազներով, հանդիսատեսի աչքերուն առջեւ կը պարզէր փոքր ու բնական լեռնակի մը տպաւորութիւնը: Ակներեւ էր պարզութեան վայելչութիւնը:
Այս շնորհալի երեւոյթները արտաքին երեսը կը կազմէին երգչախումբին: Ներքին երեսը առաւել տպաւորիչ, առաւել հնչուն եւ առաւել գունազարդ պատկեր մը կը ներկայացնէր:
Ներկաները միայն երաժշտութիւն չէր, որ վայելեցին գրեթէ երկու ժամ: Այդ միջոցին մօտաւորապէս 20 երգեր հնչեցին, ծանր երգեր, մեծ մասով` Կոմիտաս եւ Բ. Կանաչեան, որոնք ձայնային երանգաւորումներով ներդաշնակ ու գունագեղ պաստառներու վերածուեցան երիտասարդ երգիչ-երգչուհիներու կողմէ, անշուշտ` խմբավարի հմուտ ու վարպետ միջամտութեամբ: Միայն եղանակ չէր, որ կը լսուէր, միայն բառ չէր, որ կը հնչէր, սովորական համերգ մը չէր, որ կ՛ունկնդրէր հանդիսատեսը, այլ` երկնային հրեշտակներու օրհներգութիւն մը, որ կը հնչէր եկեղեցւոյ կամարներուն տակ: Երբեմն այնպէս կը թուէր, որ երգչախումբը չէ երգողը, այլ հոգեզմայլ նուագարան մը կը հնչէ հեռուէն: Աւելի՛ն. ականջի կողքին, նոյնքան կը զմայլէին ներկաներուն աչքերը, որովհետեւ երգերը վերածուած էին շարժուն ու գոյնզգոյն նկարներու: Այդ նկարներուն մէջ միայն Կոմիտասի կամ Կանաչեանի եւ այլ երգահան վարպետներու դէմքերը կամ անոնց երգչախումբերը չէ, որ կը գծագրուէին առանձնակի, այլ ներկաներու աչքերուն առջեւ կը պարզուէր հայրենի բնութիւնը իր ամբողջական հմայքներով, մեր երկիրը, անոր սքանչելի բնանկարը, այլեւ մանաւանդ եկեղեցին` Ս. Կարապետը, հայ մարդը, հայ կամաւորը, մամիկը, պապիկը, մայրիկն ու բալիկը: Երգերը վերածուած էին հնչեղ ու երփներանգ տեսարաններու: Ու ասոնց կողքին կը շողար երբեմն շքեղ ու գոյնզգոյն Լիբանանը իր ներդաշնակութեամբ եւ համերաշխ համակեցութեամբ հպարտ:
Օրուան հիւր երգչուհին` բոլորին ծանօթ Շողիկը, իր քանի մը ելոյթներով ո՛չ միայն հմայեց ներկաները, այլ ինք եւս հիւսեց բնանկար մը, ուր ինքը որպէս հպարտ շուշան մը, գետի մէկ ափին կանգնած, ձայնային շողեր կ՛արձակէր, իսկ միւս ափին երգչախումբը` արտին վրայ ցորենի ոսկեգոյն հասկերու փունջ մը որպէս` ձայնային ալիքներու վրայ կը ծփար:
«Ֆայհա»-ն իր այս եւ նման ինքնուրոյն ու բարձրօրէն մշակուած յայտագիրներով եւ նոյնքան բարձրորակ կատարումներով կրնայ հպարտօրէն ներկայացնել ո՛չ միայն Լիբանանը, լիբանանցի ամբողջ ժողովուրդը, եւ ձեւով մը` Հայաստանը, այլ համաշխարհային առումով, կը հանդիսանայ ազգերու, ընկերային ու կրօնական կազմակերպութիւններու եւ, ինչո՞ւ չէ, համայն եւ բազմերանգ մարդկութեան ներկայացուցիչը: Մեր նեղ սահմաններուն մէջ պէտք չէ մեկուսանայ «Ֆայհա»-ն: Նկատելի են արդէն իր ելոյթները այլազան երկիրներու մէջ: Այս առիթով կը խորհիմ, որ «Ֆայհա»-ն այս եւ նման երգացանկերով անհրաժեշտ է, որ ելոյթներ ունենայ մեր բոլոր համայնքներուն մէջ, աշխարհի վրայ ցրուած: Մանաւանդ այն գաղութներուն մէջ, ուր մեր տղաքն ու աղջիկները արդէն անջատուած են իրենց մայրենի լեզուէն, պէտք է գիտակցին, որ դժուար չէ վերադառնալ անոր: Որովհետեւ համերգէն ետք, երբ կարգ մը մօտիկներու տպաւորութիւններ կը լսէի, հարց տուի.
– Այս խումբին մէջ ի՞նչ է թիւը հայ տղոց եւ աղջիկներու:
Մէկը պատասխանեց.
– Այս բեմին վրայ կանգնած էին հայ տղայ մը եւ աղջիկ մը:
Ուրիշ մը յուշեց.
– Աղջիկն ալ Հերկելեաններու թոռնիկ է:
Ուրեմն միւս բոլորը լիբանանցի էին, որոնք մեկնաբանեցին 2 արաբերէն եւ աւելի քան 15 հայերէն երգեր: Այս պատասխանին վրայ «Ֆայհա»-ն, որ եկեղեցւոյ մէջ փոքր լեռնակ մը կը կերպադրէր, յանկարծ աչքերուս առջեւ մեծցաւ, տարածուեցաւ ու եկեղեցւոյ պատերէն դուրս խոյացաւ եւ լեռնապար մը դարձաւ:
Այս համեստ վկայագիրը, որ իմ ստորագրութիւնս կը կրէ, վստահ եղէք, որ կամաւորապէս կը կնքուի համերգը վայելած հարիւիրաւոր հայորդիներու մատներով…
Այնճար, յունիս 2024


