Անցեալները գրասենեակս ներկայացաւ երիտասարդ մը: Ըսաւ, որ ինք երկու օրէն Ամերիկա պիտի երթայ:
– Եկած էի հօրս թաղումին, երթալէ առաջ կ՛ուզեմ հօրս գիրքերը քեզի նուիրել, որովհետեւ դրացիները առաջարկեցին քիլոյով ծախել:
Ստուգումէ ետք ի յայտ եկաւ, որ 2000-է աւելի հայերէն գիրքերու հաւաքածոյ մը ունի ողբացեալը` տարիներու վրայ հաւաքած ու կոկիկ մը շարած:
Յուզիչ էր պահը: Վստահ եմ, որ իւրաքանչիւր գիրք ունի իր պատմութիւնը` գնման, ընթերցման, գրադարանին մէջ զետեղման, ուրիշին կարդալու տրամադրման… Եւ այսպէս տարիներու ընթացքին հաւաքուած, խնամուած եւ կողք կողքի շարուած այս գիրքերը որբացած են հիմա:
Գրասէր ընկերոջս հետ կազմակերպեցինք գրահաւաքը եւ աւելի քան 30 սնտուկներու մէջ զետեղելով` տարինք ապահով տեղ մը:
Սկսանք մտածել, թէ ի՛նչ ընենք այս գիրքերը: Առաջարկեցինք դպրոցներու, Ազունիէի Ազգային ծերանոցին ու անհատներու, եւ սկսանք ժամադրութիւններ տալ, որպէսզի գան եւ ունենան կոկիկ հաւաքածոյ մը:
Այդքան սրտցաւ է այս օրերուն հայ գիրքերուն ճակատագիրը: Եթէ մենք Լիբանանի մէջ հոս հասած ենք, կ՛՛երեւակայեմ սփիւռքի հեռակայ գաղութներուն մէջ գտնուող տարեցներուն գրադարաններուն ճակատագիրը:
Անցնող տարուան ընթացքին չորրորդ անձնական գրադարանն է, որ կը տրամադրուի կամ կ՛առաջարկուի, որ որբ չձգենք:
Հայ գիրքին հանդէպ սէրն ու յարգանքը այնքան տխուր վիճակ կը պարզէ, որ այլեւս ժամանակի ընթացքին նիւթ ընելն անգամ կարծես անիմաստ է:
Որբացած եւ անտէր գիրքերու ճակատագիրը պէտք է հետապնդուի:
Ճիշդ չէ այն մօտեցումը, որ հարցնող չկայ, հետաքրքրուող չկայ, ուրեմն պէտք է արագօրէն թափելու եւ փճացնելու ընտրանքին դիմուի:
Հայ դպրոց, ակումբը, կեդրոնները, ծերանոցը, դպրեվանքը եւ ամէնուրեք հայ գիրքերով հարստացնելը բոլորիս պարտականութիւնն է:
Զգուշ ըլլանք եւ տէր կանգնինք հայ գիրքերուն: