Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայո՞ց, Թէ՞ Հայաստանի Պատմութիւն

Յուլիս 17, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Վեց տարիներէ ի վեր կատարուող յայտարարութիւններուն եւ անոնց յաջորդած դէպքերուն հետեւելով կարելի է մտածել, որ ականատես ենք մանրամասնօրէն մշակուած ծրագիրի մը գործադրութեան: Այդ ծրագիրը նախ վերջնականօրէն լուծարումն է Հայ դատին, կարելի նեղ սահմաններու մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան մը գոյառումը, որ կը մերուի շրջապատի թուրք-իսլամական աշխարհին, որ կը հրաժարի իր պատմական անցեալէն ու կը խզէ կապերը Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանք սփիւռքէն: Հակառակ դէպքերու յաջորդականութեան յամառ տրամաբանութեան, չեմ կրցած հաւատալ, որ հայ մարդիկ կարող են նման ծրագիրի մը հետեւողական գործադրողները ըլլալ: Ծրագիրը վստահաբար օտարամուտ է, հաւանաբար արեւմտեան արտադրութեամբ, թուրք-ազրպէյճանական ներշնչումով եւ նոյնիսկ ռուսական համամտութեամբ:

Գունաւոր յեղափոխութիւններու տարբերակով մը իշխանութեան տիրացած խմբակ մը, մանրամասնօրէն նախածրագրուած միջոցներով, հաւաքներ, քայլարշաւներ, օրուան իշխանութիւնները պախարակող ամբաստանութիւններ, ականջալուր բայց կեղծ առաջադրանքներով, միաժամանակ պատերազմով եւ քննադատողները հալածելով, դուրսէն ֆինանսաւորուած տեսակաւոր կազմակերպութիւններն ու «հիմնադրամները» յաջողեցան ստեղծել ժողովրդային անտարբերութեան, կուրացած համախոհութեան մթնոլորտ մը: Իրողութիւնները ցոյց կու տան դժբախտաբար, որ այո՛, հայ մարդիկ կրնան նման հակահայ ծրագիրի մը ջատագով եւ խանդավառ գործադրող ըլլալ:

Հակահայ ծրագիրի բացայայտման ու ժողովրդային մերժումի պայմաններուն տակ իսկ կը շարունակուի անոր անշեղ գործադրութիւնը: Գլխաւոր գործադրողը, որ ցանկացած հարցի մասին ունի կարծիք ու համոզում, որ միաժամանակ իմաստասէր է, պատմաբան, բանասէր, գիտնական ու արհեստագէտ, գաղափարներ կը յայտնէ հանրային գործունէութեան բոլոր բնագաւառներուն մասին: Վերջինը կը վերաբերի Հայոց պատմութեան: Ըստ Նիկոլ Փաշինեանի, Հայոց պատմութեան միջոցով մինչեւ հիմա դասաւանդուած է հայոց ստրկութեան պատմութիւնը, երբեմն կարճատեւ անկախութեան դրուագներով: Այժմ, Հայոց պատմութիւնը փոխարինելով Հայաստանի պատմութեամբ, պիտի դասաւանդուի պետականութեան պատմութիւնը: Հայրենիք-Հայաստան-պետութիւն շփոթէն ետք, ասիկա բնական զարգացում է: Պատմական Հայաստան թերեւս անցեալին գոյութիւն ունեցած է, այնպէս ինչպէս Ասորեստան գոյութիւն ունեցած է. այժմ երկուքն ալ գոյութիւն չունին, թաղուած են պատմական անցեալին մէջ: Այժմ գոյութիւն ունի Հայաստանի Հանրապետութիւնը, որուն սահմանները զիջելով կ՛որոշենք այժմ, որ ոչ միայն հայկական պետութիւնն է, այլ նաեւ հայերու վերջնական հայրենիքը: Անցեալը անցած է, ու անոր մասին խօսիլը աւելորդ ժամավաճառութիւն է. այժմ գոյութիւն ունի իրական Հայաստանը, որ միակ ճշմարիտն է:

Այս տեսութիւնը դատապարտուեցաւ պատմաբաններու կողմէ, որոնք դիտել տուին, որ Հայոց բառը գրաբար Հայքին սեռական հոլովն է, ու Հայոց պատմութիւն կը նշանակէ հայքերու (Մեծ Հայք, Փոքր Հայք եւ այլն) պատմութիւն: Իսկ այժմ, հոն ուր հայ կայ, որ ինքզինք հայ ազգին մաս կը համարէ, հայ ժողովուրդի պատմութեան, այժմ իրականացող պատմութեան դերակատար է: Կարելի՞ է Հայաստանի Հանրապետութեան փոքր տարածքը շփոթել ամբողջական Հայաստանի հետ, այնտեղ ապրող հայութիւնը շփոթել ամբողջական հայութեան հետ ու դպրոցական երեխաներուն սորվեցնել պատմութիւն մը, որ ըստ երեւոյթին սկիզբ առած է վեց տարի առաջ, շնորհիւ… «Թաւշեայ յեղափոխութեան»:

Սրբազան պայքարը կը շարունակուի: Իշխանութեան փոփոխութիւնը անհրաժեշտութիւն է, եթէ չենք ուզեր, չենք ընդունիր աղճատել հայ, Հայաստան, ազգ, պետութիւն հասկացողութիւնները ու վերածուիլ թրքական աշխարհին մէջ ժամանակաւորապէս գոյատեւող անորոշ հաւաքականութեան մը:

 

 

 

Նախորդը

Ճշդել Հայրենիքի Սահման Եւ Մնալ Իրաւատէր Ու Տէր

Յաջորդը

Մանուէլ Նոյըր Հարց Չունի Ասպարէզը Չաւարտած «Էմ. Էլ. Էս.» Խաղալու

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?