Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յաւերժական Երուսաղէմ – 1. «Սիոն» Պաշտօնաթերթը 90 Տարեկան Է

Հոկտեմբեր 8, 2018
| Գրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ

Նախ` հարցում մը. Երուսաղէմի մասին ի՞նչ գիտենք, մանաւանդ հա՛յ Երուսաղէմի մասին որքա՞ն բան գիտենք, ի՞նչ կարդացեր ենք: Ամբողջ տարուան մը ընթացքին քանի՞ լուր կը լսենք կամ կը կարդանք հայ Երուսաղէմի մասին…

Գիտենք անշուշտ, որ հոն դարաւոր պատրիարքարան մը ունինք, եւ այդ պատրիարքութիւնը մէկն է Հայ եկեղեցւոյ նուիրապետական չորս աթոռներէն: Թերեւս գիտենք նաեւ, որ Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութիւնը սեփականատէրերէն մէկն է Պաղեստինի քրիստոնէական Ս. Տեղեաց` յոյն ուղղափառ ու լատին կաթողիկէ եկեղեցիներուն հետ զուգահեռ, անոնց համահաւասար չափով ու նոյնանման իրաւունքներով:

Երուսաղէմի նման միջազգային ու միջկրօնական ոստանի մը մէջ բացառիկ մենաշնորհ մըն է ասիկա, որ կը բարձրացնէ Հայ եկեղեցւոյ վարկն ու հեղինակութիւնը, կը շեշտէ անոր պատմական եզակի ժառանգութիւնը:

Սրբոց-Յակոբեանց-վանքին-համայնապատկերը

Ճիշդ այս պատճառով ալ մեծ ու ծանրածանր պարտականութիւն դրուած է Երուսաղէմի հայոց Սրբոց Յակոբեանց վանքի միաբաններու ուսերուն, գիշեր-ցերեկ խստաբիբ հսկելու մեր եկեղեցւոյ նուիրագործեալ իրաւունքներուն վրայ ու առիթ չտալու, որ ճարպիկ համայնքներ կամ նենգամիտ շրջանակներ ոտնձգութիւններ կատարեն այդ իրաւունքներուն շրջածիրէն ներս…

Ա՛յս է գլխաւոր եւ բուն կոչումը հայ Երուսաղէմին:

Ահա թէ ինչո՛ւ, աւանդաբար, Երուսաղէմի հայ հոգեւորականները կը սիրենք կոչել «զինուորեալ միաբաններ»: Անոնք իսկապէս զինուորներ են, թէեւ չեն կրեր այն համազգեստը, որ կը հագնին պատերազմի ճակատ մեկնող հրացանակիր մարտիկներն ու Վատիկանը պաշտպանող «Զուիցերիական պահակագունդ»-ի անդամները…

Մեր նախնիները ի՜նչ զոհողութիւններով ու իմաստուն ջանքերով կրցեր են տէր դառնալ Ս. Երկրին մէջ նիւթական ու բարոյական արժէք ներկայացնող մեծղի հարստութեանց: Իրերայաջորդ սերունդներն ալ պահպաներ են զանոնք` նախանձախնդրութեամբ ու երբեմն ալ արեա՛մբ:

Փաստօրէն, այսօր, Երուսաղէմի Հայ առաքելական աթոռը երկրորդ գլխաւոր սրբավայրն է հայութեան, Ս. Էջմիածնայ մայր աթոռէն ետք:

* * *

Հիմա պիտի ըսէք, թէ այս հաստատումներն ու մտորումները, այսպէս յանկարծակի, ուրկէ՞ մէջտեղ ելան: Ի՞նչ առիթով Երուսաղէմի մասին կը գրեմ կամ կը մտածեմ:

Պատասխանեմ: Վերջերս պատեհութիւնն ունեցայ թղթատելու Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութեան «Սիոն» պաշտօնաթերթին վերջին չորս թիւերը:

Ես` հալէպաբնակ տրուպս, հասկնալի պատճառներով, երկա՜ր տարիներէ ի վեր այս ամսագիրը չէի տեսներ: Երուսաղէմը թէեւ աշխարհագրականօրէն մօտ է մեզի, սակայն… անմատչելի է քաղաքականօրէն: Սուրիա-Լիբանանի հայերը 50 տարիէ ի վեր չեն կրնար Երուսաղէմ ուխտի երթալ: Սահմանները փակ են 1967-էն ի վեր:

Հիմա յանկարծ «Սիոն»-ի վերջին թիւերը հասան ինծի… Երեւանի ճամբով, գրասէր բարեկամի մը բարեհաճութեամբ: Յափշտակութեամբ սկսայ թերթատել ու կարդալ զանոնք: Թերթը այլեւս եռամսեայ է: Թէեւ, ըստ երեւոյթին, այդ պարբերականութիւնն իսկ անխախտ պահելու դժուարութիւններ առկայ են: Օրինակ, 2017-ին լոյս ընծայուած է երեք թիւ` չորսի փոխարէն: Իսկ 2018-ի առաջին թիւը, բնական ընթացքով, կ՛ընդգրկէ յունուար, փետրուար եւ մարտ եռամսեան:

Իմ ուշքը, բնականաբար, կլանուեցաւ հայ Երուսաղէմի անցեալի փառքերով ու այժմու մարտահրաւէրներով:

Բայց ամէն բանէ առաջ, մտածեցի, պէտք է ողջունել «Սիոն»-ի 90-ամեակը:

Պարբերականին վերջին երկու թիւերը իրենց խմբագրականներուն մէջ անդրադարձումներ կատարած են այս մասին ու` նշած, որ 1927-էն ի վեր հրատարակուող պատրիարքական այս պաշտօնաթերթը արդէն իսկ բոլորած է իր 90-ամեակը:

Երեւակայե՜լ, որ թերթ մը գոյատեւէ ամբողջ 90 տարի: Սփիւռքեան պայմաններու մէջ ասիկա կամքի, աւանդապահութեան ու հերոսութեան ցուցանիշ մըն է: Կ՛արժէր, որ այս պատկառելի տարեդարձը նշուէր պատշաճ կերպով` Երուսաղէմի մէջ թէ արտասահման, ու ատիկա առիթ ծառայէր վե՛ր առնելու հայ Երուսաղէմի իւրայատուկ նկարագիրն ու տեղը` հայոց դարաւոր պատմութեան ելեւէջներուն ընթացքին:

«Սիոն»-ի-անդրանիկ-խմբագիրը՝-Բաբգէն-եպս. Կիւլէսէրեան

Անմիջապէս նկատել տամ, որ «Սիոն», իբրեւ Երուսաղէմի Ս. Աթոռի պաշտօնաթերթ, ունեցեր է հրատարակութեան երկու շրջան: Նախ` 1866-1877 (12 տարի), այնուհետեւ` 1927-էն սկսեալ, իբրեւ նոր շրջան: Այս նոր շրջանն է, որ բոլորած է հիմա իր 90-ամեակը:

Եղիշէ Դուրեան մեծանուն պատրիա՛րքն է, որ հիմը դրած է «Սիոն»-ին` զայն դարձնելով իր արդիւնալից գահակալութեան կարեւոր իրագործումներէն մին: Այդ օրերուն ան խմբագրապետի պաշտօնը յանձներ է Արմաշու դպրեվանքի անդրանիկ հունձքի փայլուն դէմքերէն Բաբգէն եպս. Կիւլէսէրեանին (հետագային` աթոռակից կաթողիկոս Տանն Կիլիկիոյ): Բաբգէն սրբազան, բազմահմուտ եկեղեցական ու գրագէտ անձ, նորածիլ «Սիոն»-ը վերածեր է գրական, աստուածաբանական ու բանասիրական որակաւոր հանդէսի մը:

30-ական թուականներուն խմբագիրի պաշտօնին մէջ Կիւլէսէրեանին յաջորդեր է Թորգոմ պատրիարք Գուշակեանը (ա՛ն ալ արմաշական), որ աւելի՛ ճոխացուցեր է թերթին էջերը, իր շուրջ կրցեր է հաւաքել սփիւռքահայ մեծաթիւ աշխատակիցներ, ինչպէս` Յակոբ Օշական, Շահան Պէրպէրեան, Արշակ Ալպոյաճեան եւ այլն, եւ այլն:

«Սիոն»-ի դերն ու առաքելութիւնը եղած է շատ մասնայատուկ: Երբ կը հիմնուէր ան 1927-ին, Հայ եկեղեցւոյ միւս նուիրապետական աթոռներէն դեռ ո՛չ մէկը ունէր իր պաշտօնաթերթը: Ո՛չ «Էջմիածին» ամսագիրը կար (պիտի սկսէր հրատարակուիլ 1944-ին), ո՛չ Անթիլիասի «Հասկ»-ը (լոյս պիտի տեսնէր 1932-ին), ո՛չ ալ Պոլսոյ «Շողակաթ»-ը (որ պիտի երեւէր 1952-ին): Հետեւաբար, լոկ «Սիոն»-ի ուսերուն բեռցած էր Հայց. եկեղեցւոյ պաշտօնական բանբերը դառնալու լուծն ու պատասխանատուութիւնը: Եւ «Սիոն» իր դերը կատարած է պատուով ու յաջողապէս:

Սփիւռքի հայահոծ ու հին գաղութներու հանրային-ակումբային շատ մը գրադարաններ ունին «Սիոն»-ի հին հաւաքածոներ. կրցեր են խնամքով կազմել ու պահել զանոնք: Կ՛արժէ ձեռք առնել այդ թանկագին հաւաքածոները ու թղթատել, կարդալ յօդուածներ` հոսկէ-հոնկէ: Որքա՜ն հետաքրքրական եւ օգտաւէտ նիւթեր արծարծուած են հոն: Եւ թէ` որքա՜ն հմայիչ ու հիւթեղ հայերէնով մը, որուն կարօտը ունինք հիմա…

(Հալէպ)

Նախորդը

Հայաստան Կարիքը Ունի Ե՛ւ Ներդրումներու, Ե՛ւ Բարեգործութեան…

Յաջորդը

Լիրայի Արժեզրկումը Եւ Սուլթան Էրտողանի Անկումը

RelatedPosts

Մայրենի Լեզու – Վերասահմանումի Անհրաժեշտութիւն Եւ Դպրոց*
Գրական

Մայրենի Լեզու – Վերասահմանումի Անհրաժեշտութիւն Եւ Դպրոց*

Նոյեմբեր 4, 2023
Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Բժիշկ Վահրամ Թորգոմեան
Գրական

Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Բժիշկ Վահրամ Թորգոմեան

Մարտ 3, 2023
Եագուպիէ. Ապրուած Օրերու Յուշեր – Սուրբ Աննա
Գրական

Սփիւռքի Մրցունակ Գիտական Կեդրոնները` Այլընտրանքային Անհրաժեշտ Թթուածին

Հոկտեմբեր 13, 2022
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?