ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ

Բանաստեղծութենէ մը քաղուած տողեր են ասոնք: Եւ բանաստեղծն ալ կը կոչուի ԱՆԵԼ: Բուն անունով` տոքթ. Կարօ Կարապետեան:
Հայ Երուսաղէմի աշխարհական բանաստեղծներէն մէկն էր Անել, որուն որդեգրած այս արտասովոր ու տարօրինակ գրչանունը միշտ ալ զարմացուցած է զիս:
Անե՞լ… Հայերէնի իմ բառարանը կ՛ըսէ ինծի, որ «անել» կը նշանակէ ելք չունեցող տեղ, փակուղի: Նաեւ` դժուարին, անհարթելի: Ուրեմն, ժխտական իմաստ ցոլացնող բառ մըն է այս, որ մօտաւորապէս վաթսուն տարի գործածուեցաւ հարիւրաւոր բանաստեղծութիւններու ներքեւ ու զարդարեց նաեւ ճակատը հեղինակին հրատարակած հատորներուն: Սակայն ի յառաջագունէ ըսեմ, որ Անելի բանաստեղծական թռիչքներուն դիմաց չկային «անել» ճամբաներ, այլ կային հորիզոններ, որոնք դուռ կը բանային մեր առջեւ զգացական ու իմացական պեղումներու…
Վերջին հարիւր տարիներուն հայ Երուսաղէմը կրցաւ տալ մեզի քանի մը բանաստեղծներ, որոնցմէ ոմանք կ՛ապրէին վանքին պարիսպներէն ներս (Եղիվարդ, Շէն-Մահ), ոմանք ալ` այդ պարիսպներէն դուրս, ինչպէս` Անելը, Գ. Ճարտարը (Գէորգ Ճինիվիզեան) կամ Մուրատ Մանուկեանը: Այս անուններուն գրական բերքը լայն չափով ցրուած կը մնայ «Սիոն»-ի հին հաւաքածոներուն մէջ:
Անել վերոնշեալ անուններուն մէջ կ՛երեւի եղաւ ամէնէն յարգուածն ու պատուուածը:
Շատ տարիներ առաջ, երբ առաջին անգամ տեսայ Անելի լուսանկարը գրական պարբերաթերթի մը մէջ, կարծեցի, որ անիկա… Համաստեղն էր: Գրեթէ նոյն դիմագիծը, նոյն լայն ճակատը եւ նոյն… թիթեռնիկ փողկապը: Ցնցիչ նմանութիւն մըն էր: Անել անձամբ ճանչցե՞ր էր արդեօք խարբերդցի մեր նշանաւոր գիւղագիրը, մտերմացե՞ր էր անոր հետ, մանաւանդ որ երկար տարիներ Ամերիկա ապրելու պատեհութիւնն ունեցեր էր:
Անել իր աչքերը լոյսին բացաւ Երուսաղէմ, 1922-ին, զէյթունցի ընտանիքի մը յարկին տակ: Բայց իր գլխուն վերեւ կար նաեւ հայոց վանքին բարերար շուքը: Եւ այդ շուքը առանձինն շատ բան կը փոխանցէր արդէն` կրօնաբոյր մթնոլորտ, խունկ, շարականներու լսումներ, բարոյականութիւն, գրաբա՜ր…
Փոքրիկն Կարոն, ուրեմն, հասակ առաւ մէկ կողմէ Զէյթունի հերոսներու մասին հօրը պատմումներուն ունկնդիր, միւս կողմէ ալ առատօրէն ծծեց Ս. Յակոբեանց վանքին եզակի մթնոլորտը:
Կոփուած էր ա՛լ, ներսիդին կուտակուած հոգեւոր զգայնութիւնները զարթո՛ւն էին: Ու օր մըն ալ փափաք յայտնեց վարդապետ ըլլալու: Բայց լուսարարապետ սրբազանը չընդառաջեց.
– Տղա՛ս, դուն ընտանիքիդ միակ մանչ զաւակն ես, չես կրնար վարդապետ ըլլալ:
Այս էր թերեւս իր պատանեկան երազներուն… «անել»-ը:
Կեանքը տարբեր ուղի մը գծեց իրեն համար: Նախ շրջանաւարտ եղաւ Երուսաղէմի Ս. Թարգմանչաց վարժարանէն (1936), յետոյ ալ երկրորդական ուսումը շարունակեց Ֆրերներու քոլեճը` առաւելագոյն չափով մտերմանալով ֆրանսերէն լեզուին ու մշակոյթին:
1944-ին մեկնեցաւ Պէյրութ` իբրեւ բժշկական ուսանող Ֆրանսական համալսարանին: Եւ ուսանողական իր այս շրջանին է, որ 1945-ին Երուսաղէմի մէջ լոյս ընծայուեցաւ իր առաջին քերթողագիրքը` «Մութ ցաւեր», ԱՆԵԼ գրչանունով: Թերեւս աւելորդ չէ յիշել, որ նոյն այդ տարին հրատարակուեցան նաեւ սփիւռքահայ քանի մը գրողներու գործեր` Ծառուկեանի «Թուղթ առ Երեւան»-ը, Եդ. Պոյաճեանի «Սէր եւ վիշտ»-ը, Արսէն Երկաթի «Սոնաթներ»-ը, Գուրգէն Թրենցի «Աշնանային»-ը, Նշան Պէշիկթաշլեանի «Ծիրանի գօտի»-ն եւ այլն: Բայց Անել նկուն ձայն մըն էր տակաւին այս բոլորին մէջ:
Ուսանողական տարիներուն կը զուգադիպի նաեւ իր երկրորդ քերթողագիրքին հրատարակութիւնը, այս անգամ` Պէյրութ, 1949-ին, «Տեսիլք գինովի» խորագրով:
Կը տեսնուի ուրեմն, որ բժշկութեան ուսանողը ջերմօրէն փարած է նաեւ գրականութեան, կ՛ախորժի անկէ: Կը հաւատայ, որ բժշկութիւն ու գրականութիւն իրերամերժ ասպարէզներ չեն: Այդպէս խորհած չէի՞ն իրմէ առաջ Ծերենցը, Ռուբէն Սեւակը, Շաւարշ Նարդունին եւ ուրիշներ…
1951-ին Անել վկայեալ բժիշկ էր արդէն: Ան վերադարձաւ իր ծնդավայրը ու խանդավառօրէն նուիրուեցաւ իր ասպարէզին: Վար չդրաւ սակայն գրիչը: Իր երրորդ քերթողագիրքը լոյսին եկաւ Երուսաղէմ, 1955-ին, «Պարը յոյսին» խորագրով:
Իր երեք գիրքերն ալ «խոստում» մը նկատուած են օրին` զանազան գրախօսներու կողմէ («Սիոն»): Անոնք նկատել տուած են, որ Անելի բանաստեղծական զգայնութիւնները դեռ չեն կրցած նուաճել արուեստի բարձունքը: Բայց շեշտեր են միաժամանակ, որ բանաստեղծին արտայայտած երիտասարդական կարօտները, տրտմութիւններն ու յուսաբեկումները ունին որոշ վայելչութիւն մը:
1955-էն ետք տոքթ. Կարապետեանին կեանքը կը մտնէ նոր հունի մը մէջ: Ան կը մեկնի Ամերիկա` Պոսթըն, ու այնտեղ Հարվըրտ համալսարանին մէջ կը սկսի մասնագիտանալ որպէս սրտաբան: Աւելի ուշ միեւնոյն համալսարանը զինք պաշտօնի կը կոչէ իբրեւ դասախօս. պատուաբեր պաշտօնավարութիւն մը, որ պիտի երկարէր մինչեւ 1987:
Ինչպէս կը տեսնուի, աւելի քան 30 տարուան կեցութիւն մը ունեցաւ ան Ամերիկայի մէջ` առանց սակայն «ամերիկահայ» դառնալու կամ կոչուելու: Իր սիրտը մի՛շտ մնաց Երուսաղէմ: Արդէն, գործնականօրէն, իր կապերը բնաւ չէր խզած ծննդավայրին հետ: Պատրիարքարանը իր հոգեւոր տունն էր, իսկ «Սիոն»-ը` իր քերթողութեան հիմնական պարտէզը: Իր տարեկան արձակուրդները կը նախընտրէր անցընել Երուսաղէմի մէջ: Կու գար անմաշելի կարօտով: Ներկայ կ՛ըլլար եկեղեցական արարողութիւններուն, որոնցմէ շատ կ՛ախորժէր, նոյնիսկ երգեցողութեամբ կը մասնակցէր ատոնց: Արդէն կտակած էր, որ Երուսաղէմ թաղուի. այդ մասին գրած էր քերթուած մըն ալ` բացագանչելով. «Ո՛ւր ալ մեռնիմ, զիս միայն Երուսաղէմ թաղեցէք…»:
Եւ ասիկա վերջին պատգամ մըն էր իրապէս.
Ո՛ր քաղաքի մէջ ալ ես վերջին շունչն իմ աւանդեմ,
Առանձնութեան մէջ խոժոռ, թէ սիրելւոյ թեւերուն,
Մարմինս տարէք անհրկէզ` Երուսաղէ՛մ – դէպի տուն-:
Երուսաղէմի նկատմամբ այս անօրինակ սէրը, բարեբախտաբար, խթան մը եղաւ իրեն, որ գրէ 360 էջանի ինքնակենսագրական ու յուշագրային կառուցուածքով հետաքրքրական վէպ մը` «Որդի մարդոյ», զոր լոյս ընծայեց 1975-ին: Վէպին միջավայրը Երուսաղէմն է առհասարակ` 30-ական կամ 40-ական թուականներու իր իւրայատուկ մթնոլորտով, ընկերային ու հայատրոփ կեանքով, մանրավիպային դրուագներով: Այս վէպը գրաւականն էր, բանաստեղծին կողքին, վարպետ արձակագիրի՛ն ալ: Ունէր հրատարակուած քանի մը պատմուածքներ ալ («Հայր Խորէնը», «Խենդ Բիւզանդը» եւ այլն), բայց նաեւ` բազմահարիւր էջերէ բաղկացեալ ուրիշ անտիպ վէպ մըն ալ, որուն ճակատագիրը անծանօթ կը մնայ ինծի:
1999-ին, միշտ Երուսաղէմի մէջ, լոյս տեսաւ իր չորրորդ քերթողագիրքը` «Ի մտանել արեգական»-ը:
Փարիզը հանդիսացաւ Անելի վերջին կայքը, գուրգուրոտ խնամքին ներքեւ իր միակ զաւկին` բժ. Վիգէն Կարապետեանին, ու վեց թոռներուն: Հո՛ն ալ փչեցիր վերջին շունչը, 24 յունիս 2001-ին: Մարմինը հողին յանձնուեցաւ ծննդավայր Երուսաղէմի մէջ, մեծ շուքով, համաձայն իր կտակին:
Մահէն ամիսներ ետք (2002 մայիս) Պոլսոյ «Արաս» հրատարակչատունը լոյս ընծայեց Անելի բանաստեղծութիւններէն հատընտիր նոր ժողովածու մըն ալ, որ կոչուած էր «Ի լրումն ժամանակի»:
Անելի գրական վաստակին վրայ կը թեւածէր միշտ սաղիմական տաքուկ շունչ մը: Ըստ գրականագէտ Մինաս Թէօլէօլեանի արժեւորումին, Անելի քերթուածները թէեւ կատարեալ չէին արուեստի դիտանկիւնէ, սակայն հարուստ էին ապրումներու խորութեամբ եւ մտածական ու զգացական տարրերով: