Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յաւերժական Երուսաղէմ – 12. Երուսաղէմցի Տղան` Վահրամ Մավեան

Դեկտեմբեր 29, 2018
| Գրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ

Ափսո՜ս, բախտը չեմ ունեցած անձամբ ճանչնալու այս սքանչելի գրողն ու համակրելի մարդը:

1983-ի յունուարեան ցուրտ օր մը, երբ ան սրտի մահաբեր տագնապի մը զոհ կ՛երթար Լիզպոնի մէջ, ես տասնվեց տարեկան դպրոցական պատանի մըն էի տակաւին: Ու խոստովանիմ, որ այս գրողին անունը հազիւ թէ լսեր էի հպանցիկ կերպով, առանց որոշ գաղափար մը ունենալու անոր գրական բերքին ու մարդկային յատկանիշերուն մասին:

Կը յիշեմ, որ այդ օրերուն սփիւռքահայ մամուլը ցնցուած էր Մավեանի անժամանակ մահուան բօթով: Թերթերը լեցուն էին անոր մասին գրի առնուած մահագրականներով:

Տարիները պէտք էր սահէին արագ-արագ, ու ես հետզհետէ բացայայտէի Վահրամ Մավեանը` իր ամբողջական դիմագծութեան մէջ, խորապէս տպաւորուած ըլլալով մա՛նաւանդ անոր արձակ կարճաշունչ գրութիւններէն, որոնք սփիւռքեան մեր կեանքին հարազատ հայելիներն էին կարծէք: Ի վերջոյ, օր մըն ալ համոզում պիտի գոյացնէի, որ Մավեան սփիւռքահայ մեր ամէնէն արժէքաւոր ու քարիզմաթիք արձակագիրներէն մէկն էր: Ես զինք պիտի զետեղէի Արամ Հայկազի ու Ռ. Հատտէճեանի անմիջապէս քովը` իբրեւ իմ կողմէ նախընտրելի երրորդութեան մը մէկ օղակը…* * *

Վահրամ Մավեան ծնած էր Երուսաղէմ, 1926-ին: Հայրը` Յակոբ քհնյ. Մավեան (1884-1941), բնիկ զէյթունցի, տարագրութեան երկար ճամբաները կտրելէ ետք, 1922-ին հաստատուեր էր Երուսաղէմ:

Վահրամ դեռ քանի մը ամսու երեխայ էր, երբ ընտանեօք կը փոխադրուին Հայֆա, ուր հոգեւոր հովիւի պաշտօն պիտի ստանձնէր հայրը: Այստեղ կը մնան եօթը տարի, ու ինք կը յաճախէ տեղւոյն ազգային մանկապարտէզը:

1934-ին Վահրամ կը վերադարձուի Երուսաղէմ, ուր կ՛աշակերտէ Սրբոց Թարգմանչաց վարժարանին, մինչ իր հայրը չորս տարի հովիւ կը նշանակուի Ամմանի հայոց: Նախակրթարանը աւարտելէ ետք, ան իր երկրորդական ուսումը կը ստանայ քաղաքին անգլիական «Պիշըփ Կոպաթ» քոլեճին մէջ, 1940-1944:

1948-ին, Պաղեստինի արաբ-հրեայ բախումներու թէժ օրերու նախօրէին, կ՛անցնի Կիպրոս, ուր անակնկալ կարգադրութեամբ մը ուսուցիչ կը նշանակուի Նիկոսիոյ Ազգային Մելիքեան վարժարանին:

Երկու տարի ետք զինք կը հրաւիրեն պաշտօնավարելու նոյն քաղաքի ՀԲԸՄ-ի Մելգոնեան կրթական հաստատութեան մէջ, ուր կը մնայ 1950-58` դասաւանդելով հայերէն եւ… երկրաչափութիւն: Բայց այս ութ տարին երկու տարեշրջանի դժբախտ ընդմիջում մը կ՛ունենայ, երբ երիտասարդ ուսուցչին կուրծքին տակ կը յայտնուին նախանշանները անողոք հիւանդութեան մը` թոքախտի: Մավեան ստիպողաբար Լիբանան կ՛անցնի 1954-ին եւ շուրջ տարի մը մնայուն դարմանումի կ՛ենթարկուի Ազունիէի ազգ. բուժարանը (լեռնային շրջան, յատուկ թոքախտանոց):

1958-ին կը թողու Կիպրոսը ժամանակաւորապէս ու կը մեկնի Պելֆասթ (Հիւսիսային Իրլանտա)` այնտեղ գոհացում տալու համար համալսարանական բարձրագոյն կրթութիւն ձեռք բերելու իր վաղեմի տենչանքին: Երեք տարի հետեւելէ ետք անգլիական գրականութեան, հոգեբանութեան եւ իմաստասիրութեան դասընթացքներուն` շրջանաւարտ կ՛ըլլայ «Քուինզ եունիվըրսիթի»-էն, 1961-ին:

Վերջին անգամի համար վերադարձ մը կը կատարէ Կիպրոս, ուր երկու տարի եւս կ՛ուսուցչագործէ Մելգոնեանի մէջ (1961-63):

Բոլորովին նոր ու նախանձելի հորիզոն մը կը բացուի իր առջեւ 1963-ին, երբ կը հրաւիրուի ստանձնելու Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքի տնօրէնի պաշտօնը: Մինչեւ մահ, լման քսան տարի, ձեռնհասօրէն կը գտնուի իր այս եզակի առաքելութեան գլուխը` շրջելով գաղութէ գաղութ, մօտէն ծանօթանալով իւրաքանչիւրին կարիքին ու հայթայթելով նիւթական անհրաժեշտ օժանդակութիւնները ատոնց: Այս պաշտօնը, անուղղակիօրէն, կը խթանէ զինք, որ թափ տայ իր գրական աշխատանքներուն, քանի որ ի վերուստ օժտուած էր դիտելու, տեսնելու եւ արձանագրելու բացառիկ կարողութեամբ: Այսպէս է, որ իր գրականութիւնը շարունակ «լեցուեցաւ» սփիւռքեան խճանկարային դիպուկ պատկերներով, որոնք արդիւնքն էին իր յարատեւ ճամբորդութիւններուն` դէպի հայաշխարհի մօտիկ ու հեռաւոր անկիւնները:

Մինչ կը պաշտօնավարէր Լիզպոնի մէջ, Վահրամ Մավեան հրատարակեց երեք հատորներ, որոնք փառքը կը կազմեն իր գրական սիրուն վաստակին: Երեքն ալ տպուեցան Երուսաղէմ, հետեւեալ վերնագրերով. «Հայու բեկորներ» (1965), «Անկապ օրագիր» (1968) եւ «Ամէն տեղ հայ կայ» (1977): Այս գիրքերը ընդունուեցան «ի ձայն փողոյ եւ թմբկոյ», շատ դրական տպաւորութիւն թողուցին հրապարակի վրայ ու արագօրէն հռչակաւոր դէմք մը դարձուցին զինք: Կը բաւէ յիշել, օրինակ, որ «Հայու բեկորներ»-ուն մասին գրուեցան ու տպուեցան 32 (սխալ չկարդացիք` երեսուներկու) գրախօսականներ` սփիւռքեան ու հայրենի 25 թերթերու մէջ… Խանդավառութիւնը նուազ չեղաւ իր միւս երկու գիրքերուն նկատմամբ ալ, որոնց անունները խօսակցական ու գրական լեզուի մէջ հետզհետէ վերածուեցան թեւաւոր խօսքերու, ու այդպէս ալ կը մնան ցայսօր:

Այստեղ անմիջապէս յիշեմ, որ արձակագիր Մավեանէն առաջ կար բանաստեղծ Մավեանը, որովհետեւ իր հրատարակած անդրանիկ հատորը քերթողագիրք մըն էր` «Յամեցող վերադարձ» (Երուսաղէմ, 1956, 96 էջ):

Սակայն Մավեան, ի բարեբախտութիւն հայ գրականութեան, 60-ական թուականներու սկիզբը ճակատագրական անցում մը կատարեց չափածոյէն դէպի արձակ` տեղի տալով իր բարեկամ Անդրանիկ Ծառուկեանի յամառ պնդումներուն առջեւ: Ծառուկեան թելադրեց իրեն, որ ա՛լ բանաստեղծութիւններ չգրէ («բանաստեղծ չե՛ս…» վճռած էր առիթով մը` Վահրամին երեսն ի վեր), այլ անոնց փոխարէն` պատմէ իր պելֆասթեան օրերէն, Եւրոպայի իր շրջագայութիւններէն ու հանդիպումներէն:

Այդպէս ալ եղաւ: Մավեան կատարելապէս նուիրուեցաւ արձակի:

Վահրամ-Մավեան՝ ըստ երգիծանկարիչ Սարուխանի

Եւ որովհետեւ 1962-էն սկսեալ ան կանոնաւոր կերպով սկսաւ աշխատակցիլ արտասահմանի ամէնէն հեղինակաւոր թերթերէն մէկուն` Ծառուկեանի «Նայիրի» շաբաթաթերթին, ուստի իր անունը երկա՜ր տարիներ մնաց շրթներու վրայ, իր դէմքը մտերիմ դարձաւ հայ ընթերցողին: Իր գործերէն հատընտիր ժողովածուներ տպուեցան նաեւ Երեւան` անօրինակ խանդավառութիւն ստեղծելով հայրենի գրական շրջանակներու մէջ եւս:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գարեգին Բ. կաթողիկոսը, որ մասնայատուկ համակրանք մը ունէր Մավեանի գրականութեան հանդէպ, եւ որ իր այդ համակրանքը հնչուն կերպով արտայայտեց Մավեանի մահուան տասնամեակին առթիւ` Անթիլիասի տպարանէն լոյս ընծայելով անոր «Ամբողջական երկեր»-ու ստուարածաւալ հատորը (760 էջ, խմբագիր` Գրիգոր Շահինեան), միեւնոյն գիրքին յառաջաբանին մէջ կը գրէր. «Հայ սփիւռքի պատմութիւնը կարելի չէ գրել առանց Վահրամ Մավեանի վկայագրութեան»:

Ուշադրութի՜ւն` բառին. վկայագրութիւն:

Հայ սփիւռքը միայն թիւ չէ, եկեղեցիներու, դպրոցներու կամ ազգային հաստատութիւններու ցանց չէ, այլ է՛ նաեւ խճանկարը իւրայատուկ հոգեբանութիւն ունեցող մարդոց, որոնք յաճախ անտեսանելի ողբերգութիւն մը (ողբերգութիւննե՜ր) կ՛ապրին: Ու Մավեան այդ հոգեբանութիւնն է, որ կը պեղէր, երեւան կը հանէր անոր թաքուն ծալքերը:

Իր երեք գիրքերուն մէջ ալ մեր սիրելի գրողը մէկ կողմէ համով-հոտով կը պատմէր սփիւռքահայ կեանքէն յատկանշական երեւոյթներ, միւս կողմէ ալ` կը վկայագրէր սփիւռքը, սփիւռքի հայ մարդը` իր խռովքներով ու բարդոյթներով: Կը պատմէր, թէ ան ինչպէ՛ս հարստանալու ու երջանկանալու համար ովկիանոսներ կը կտրէր Արեւելքէն դէպի Արեւմուտք, օտար քառուղիներու վրայ կը դեգերէր, օտար շրջանակներ կը շինէր իրեն համար, օտար ամուսնութիւն կը կնքէր, կռնակ կը դարձնէր իր ցեղին ու արեան… Իր զաւակները կ՛ուծանային այնքան, որ օր մը քամահրանքով հարց կու տային իրեն. «What՛s Hayeren, Daddy»: Միւս կողմէ, սակայն, այդ նոյն հայը ապերջանկութեան զգացում մը կ՛ունենար յանկարծ, իր մէջ բնազդաբար ծիլ կու տար հայերէն բառ ու բանի կարօտը, կը զղջար անցեալի իր կարգ մը արարքներուն համար, ափսոսանքի ու տառապանքի ցաւերով կը գալարուէր… Վերադարձ մը կ՛ուզէր կատարել դէպի իր հայկական արմատները, որովհետեւ կը գիտակցէր ի վերջոյ, որ «տալերով կարելի չէ հոգի գնել»:

Ըսի, որ Մավեանի հեզասահ ու յորդուն գրիչը շատ համակրելի դարձուցեր էր զինք իբրեւ գրագէտ, բայց Մավեան նոյնքան համակրելի էր նաեւ իբրեւ մարդ, իբրեւ խօսակից կամ ընկեր:

Ամէն բանէ առաջ` առինքնող եղած է ան իր ֆիզիքականով, իր արտաքինով:

Հիմա ուշադրութեամբ կը նայիմ իր լուսանկարներուն եւ կը հաստատեմ այդ պարագան: Պարթեւահասակ, գեղադէմ, վայելուչ ու հպարտ տղամարդ մըն է ան, մազերը` առիւծի բաշերու նման, ճաշակաւոր ու կիրթ, կենցաղագէտ, իսկական անգլիացի ճենթըլմեն մը: Ասոր վրայ աւելցուցէք իր շէնշող ու լաւատես բնաւորութիւնը, հիւմըրը միշտ լեզուին ծայրը: Մշտաժպիտ է ան ու կայտառ, եւ կը պատմուի, որ ունէր թովիչ ձայն մը: Մտերմիկ խնճոյքներու ատեն կը սիրէր երգել կամ ասմունքել: Իսկական ազնուականի կեցուածք մը կը ցոլար իրմէ: Մէկ խօսքով, գեղեցիկ հոգի մը` գեղեցիկ մարմնի մէջ:

Իր մտերիմ գրչեղբայրներէն Ռ. Հատտէճեան` «Մարմարա»-ի խմբագրապետը, առիթով մը կատարեր է հետեւեալ մատնանշումը.

– Միշտ կը հաւատամ, որ սփիւռքահայ գրականութիւնը եթէ կրցած է քիչ մը կենսունակութիւն պահել, Մավեանի նման քանի մը բացառիկ դէմքերու շնորհիւ եղած է այդ: Գրական կենսունակութիւն մը միայն գրականութեամբ չէ՛, որ կը ստեղծուի: Գրականութիւնը ստեղծող դէմքերուն անձն ու դիմագծութիւնը շատ բան կը բերեն այդ կենսունակութեան: Այս տեսակէտով, Մավեան հսկայ մըն էր, որուն նմանը անգամ մըն ալ, ո՜վ գիտէ, որքան երկար ատեն պիտի չյայտնուի մեր սփիւռքահայ գրականութեան մէջ:

Հատտէճեան ուրիշ առիթով մըն ալ Մավեանի մասին կը բերէր սա՛ ուշագրաւ վկայութիւնը.

– Վահրամ Մավեանն ալ մէկն էր այն սակաւաթիւ գրողներէն, որոնք այնքան համով կը խօսին, որքան համով կը գրեն, կամ այնքան համով կը գրեն, որքան համով կը խօսին: Խօսքի ու գիրի նոյնութիւն կար Մավեանի ճառագայթող դիմագծութեան մէջ: Երբ կը կարդայինք իրմէ պատմուածք մը, մեզի այնպէս կը թուէր, որ ան մեր քովը կանգնած` մեզի հետ կը խօսի: Կամ երբ ականջ կու տայինք իր խօսքերուն, կրնայինք կարծել, որ իրմէ պատմուածք մը կը կարդանք: Ան իր դերը շատ լաւ սորված դերակատար մըն էր` այս բառին ամենալաւ իմաստով: Եւ իր դերն էր կամուրջ դառնալ ցիրուցան հայ գրողներու միջեւ, իր անձին մէջէն իրարու հետ խօսեցնել իրարմէ հեռու ապրող այնպիսի գրչի մարդիկ, որոնք երբեք քով քովի պիտի չկարենային գալ: Ողջոյններ տանիլ-բերել անոնցմէ, հեռաւոր անունները մօտիկ ներկայութիւններ դարձնել, մէկը միւսին սիրցնել, մէկը միւսին ծանօթացնել: Այս գիշեր մեզի հետ նստած` կը պատմէր` ինչ որ երէկ խօսած էր Պէյրութի մեր գրչեղբայրներուն հետ: Վաղը գիշեր Փարիզի մեր գրչեղբայրներուն պիտի պատմէր այն, ինչ որ ապրած էր այս գիշեր մեր մօտ» («Օտարականներ աշխատասենեակիս մէջ», Պոլիս, 2002):

Երջանի՜կ Մավեան:

Բայց այս երջանկութիւնը, ըստ երեւոյթին, անխառն չէր:

Ծառուկեան հետեւեալ տողերը կ՛արձանագրէր իր թերթին մէջ, Վահրամին մահուան վաղորդայնին.

– Լաւ օրեր քիչ ունեցաւ, սակայն, այս տառապած տղան: Առանց որբ ըլլալու, խանձուած, ճմլուած, որբանոցային թախիծ մը գաղտնի պահեց հոգիին մէջ, Երուսաղէմի վանքէն մինչեւ բուժարան, գիշերօթիկ Մելգոնեանէն մինչեւ հեռաւոր Լիզպոնի իր մեկուսարանը, ուրկէ տարին անգամ մը դուրս կու գար` ի պաշտօնէ շրջելու հայ գաղութները, երջանկութեան դիմակը դէմքին, բարիք սերմանելով ու երախտիք հնձելով, թերեւս` նախանձողնե՜ր ալ ստեղծելով, կրկին քաշուելու համար ամուրիի մենախուցը:

«Գ. Կիւլպէնկեան» մեծ հիմնարկութիւնը մտքերու մէջ ի՛ր պատկերով կը պահէր մասամբ հայեցիութիւն մը` ի հեճուկս այնտեղ որջացած քանի մը ամուլ դիւանակալներու…

Բարեկամներ շատ ունէր, մտերիմներ` շատ քիչ, սրտակիցներ` հազիւ թէ: Կղպուած տեղ մը կար Վահրամին ներսը, եւ այդ տեղին բանալին ոչ ոք ունէր… («Նայիրի», 15 յունուար 1983):

Մավեան հրաժեշտ տուաւ մեր աշխարհին անժամանակ կերպով: Դեռ 57 տարեկան էր ու ստեղծագործական իր լիութեան մէջ, իր զենիթին վրայ:

Աշխարհացրիւ հայու բեկորները որբ մնացին իր ետին, անկապ օրագիրներու էջերը անաւարտ թողլքուեցան իր գրասեղանին վրայ: Անաւարտ մնալու դատապարտուեցաւ իր «Հայկական Պաղեստինը» ինքնակենսագրական պատումը…

sharoyanlevon@gmail.com

(Հալէպ)
(Վերջ այս շարքին)

Նախորդը

Պատմութեան Անցած Խաղալիքներ

Յաջորդը

Անդրադարձ Հայաստանի Հանրապետութիւն – 100-ամեակ Խորհրդարանական Առաջին Ընտրութիւնը` 21 Յունիս 1919-ին

RelatedPosts

Մայրենի Լեզու – Վերասահմանումի Անհրաժեշտութիւն Եւ Դպրոց*
Գրական

Մայրենի Լեզու – Վերասահմանումի Անհրաժեշտութիւն Եւ Դպրոց*

Նոյեմբեր 4, 2023
Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Բժիշկ Վահրամ Թորգոմեան
Գրական

Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Բժիշկ Վահրամ Թորգոմեան

Մարտ 3, 2023
Եագուպիէ. Ապրուած Օրերու Յուշեր – Սուրբ Աննա
Գրական

Սփիւռքի Մրցունակ Գիտական Կեդրոնները` Այլընտրանքային Անհրաժեշտ Թթուածին

Հոկտեմբեր 13, 2022

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?