ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Խոսրով Ասոյեան շուրջ յիսուն տարուան բանաստեղծական վաստակ ունի սփիւռքահայ գրականութեան մէջ, սակայն քիչ կը հանդիպինք իրեն այսօրուան տպագիր կամ համացանցային մամուլի աշխարհին մէջ, ուր յաճախ ինքնածանուցումը եւ արհեստական աղմուկը կ՛իշխեն, քան` իրական տաղանդը:
Իր առաջին գործերը հրատարակուած են Պէյրութ, Լիբանան, Կէտեր (1971) եւ Արեւագալ (1973) խորագրի տակ, ապա «Բագին» ամսագրի մէջ բանաստեղծութիւններու շարք մը լոյս կը տեսնէ 1978-79 տարիներուն, երբ կարճ շրջան մը մասնակի ժամերով մաս կը կազմէ ամսաթերթի խմբագրութեան: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի յաջորդող տարիներուն կը մեկնի Լոս Անճելըս, Քալիֆորնիա` զբաղելով ուսուցչութեամբ: Երկար լռութենէ մը ետք, 1992-ին այնտեղ լոյս կը տեսնէ իր Վեր-ա-դարձ հատորը, որ վերադարձ մըն է բանաստեղծութեան եւ սկիզբը կը դառնայ գործերու շարքի մը, որոնց կիզակէտը սփիւռքահայ մարդու տագնապներն են` տագնապ իր անցեալին վերաբերեալ, Ցեղասպանութեան աղէտին, ծննդավայրի կորուստին, յարափոփոխ շրջապատին, յա՛տկապէս` արցախեան ազատամարտին կապուած հարցերուն, որուն մասնակիցը դարձած է շրջան մը եւ անոր բոլոր երեսներուն վկան հանդիսացած: Ձայնը (2004), Հազրոն (2005), Անաւարտ պատարագ (2005) եւ Կանչը (2011) սոյն հարցերը հաւաքական եւ իր անձնական փորձառութիւններուն ընդմէջէն կը դիտուին, այս հարցերուն զարնուող կամ անդրադարձող ստեղծագործութիւններ են, որոնցմէ գոնէ երեքը զիրար կ՛ամբողջացնեն: Անաւարտ պատարագը առաւելաբար ԱԵրեւելքի հայուն փորձառութեան հետ առնչուած է, որ պաղեստինեան հարցով կամ միջինարեւելեան տագնապին մէջ կրօններու հակասութիւններուն եւ կրօնի անունով բախումներուն, կրօնի շահագործումին, քարոզուածին եւ կիրարկուածին տարբերութիւններուն կ՛արձագանգէ:
Ասոյեան եօթանասունական թուականներու սկզբնաւորութենէն հակում ցոյց տուած է թէ՛ կարճ պատկերներով արտայայտուելու եւ թէ՛ լայն շունչով, աւելի երկար բանաստեղծութիւններ գրելու: Օրինակ` կէտերու մէջ, սիրային վերադարձ մը ներկայացնելու ատեն կը գրէր. «Ծնար կրկին, / Վերածնար պարոյկին պէս` / Թէ՛ գլխահակ, Թէ՛ ինձմէ վեր…» (էջ 16), իսկ Արեւագալը ներքին հակասութիւններու, իտէալներու եւ իրականութեան, իր պատկերացումով` արեւելեան ու արեւմտեան արժէքներու հակադրութեան ու բախումին վրայ շարժող, իննսուն էջի վրայ տարածուած երկարաշունչ բանաստեղծութիւն մը կը բերէ:
Երկու տասնամեակ ետք, Վեր-ա-դարձ-ին հետ, կը տեսնենք, որ այս հակադրութիւններն ու հակասութիւնները աւելի շօշափելի ու յստակ ձեւաւորում կը ստանան: Բանաստեղծին, մեր արեւելահայ գրադատութեան սիրած մէկ եզրը գործածելով, քնարական հերոսը, Հրեշտակներու քաղաքին` Լոս Անճելըսի մէջ է, եւ անոր անհեթեթ իրականութիւնը կ՛ողբայ, նիւթապաշտ արժէքները կը ձաղկէ: Վերադարձ կը կատարէ իր անցեալին` Մծբինէն մինչեւ Լիբանան, Պուրճ Համուտ, քաղաքացիական պատերազմի ինքնապաշտպանութեան օրերը, աւելցնելով. «Ողբամ երթի՛դ / դո՛ւն որ ծնար արեւելքի / արեւելեան շքերթին մէջ, / դո՛ւն որ արեւ / արեւ որոնեցիր / աւերակներուն մէջ Մծբինի, / Մայրիներու աշխարհին /շող ու շաղով / ու միստիքով սնանեցար, / ու հայրենի աշունով ոսկի / երազներդ շաղեցիր, / քեզ / ո՞վ բերաւ հոս …» (էջ 9):
Ուրեմն զարմանալի չէ, որ գիրքին այս բաժինը կը կոչուի «Երկու անկիւն…». յստակօրէն հակադրութեան շրջագիծին մէջ կը դիտուին Արեւելքն ու Արեւմուտքը, եւ եթէ նոյնիսկ դժուար, ողբերգական վիճակով կը ներկայացուի Արեւելքը, հոն ազնիւ, մարդկային ու հերոսական յատկանիշեր կան, զորս չի գտներ բանաստեղծը իր նոր շրջապատին մէջ: Արդարեւ, հարցը ոչ թէ անպայման ո՞վ բերաւ հոսին մէջ կը կայանայ, այլ` ի՞նչը բերաւ հոսին: Վերադարձին երկրորդ դրդապատճառը արցախեան ըմբոստութիւնն է, ինքնորոշման պայքարը, որ պայթած է արդէն, եւ Ասոյեան կը հաստատէ. «Ղարա-բաղ չես, Արցախն ես դուն, / Շղթայակապ բաղն ես հաուն» (էջ 46), աւելցնելու համար. «Արացախ` / հայոց աշխարհի նորօրեայ Մեքքա՛, / Արամազդներու դուն վերջին oրրան, / Վանատուրներու անխափան տուն, / թոյլ տուր որ երկնեմ / երգդ եռատրոփ, / երթդ երկաթեայ» (էջ 47): Այսինքն Արցախը կը դառնայ ո՛չ միայն հայուն նորօրեայ պայքարի թատերաբեմը, այլեւ` քնարական հերոսին դաւանած արժէքները պահպանող հարազատ վայրը: Ատոր համար ալ որոշ չափով գաղափարախօսական շունչով կը շեշտէ երկիր վերադառնալու կարգախօսը: Զարմանալիօրէն վերադարձած ենք սփիւռքեան առաջին հանգրուանի հարազատ-օտար շրջագիծին, երբ շրջապատը կը դիտոեւէր ժխտական գոյներով, երկու միջավայրերը կը հակադրուէին իրարու, համաձայնութեան եզրերը նուազագոյնի իջած էին, եւ հայկականին-հարազատին վերադառնալու ձգտումը առկայ էր: Հոս տարբերութիւնը այն է անշուշտ, որ հարազատին մէջ կ՛իյնան նաեւ Մծբինն ու Պուրճ Համուտը, որոնք հարազատ Արեւելքին կամ հայրենիքին ընդունելի բաղադրիչներն են, բանաստեղծին գոյատեւման ճամբուն վրայ կազմաւորող հանգրուաններն են, իսկ Միացեալ Նահանգները ծայրագոյն օտարացումը կը ներկայացնէ:
Ձայնը, «Անուշ» օփերայի երեւանեան մէկ ձայնասփռումին հետ, հեղինակն ու մեզ կը տանի մինչեւ Ցեղասպանութեան շրջանը, ուր մեծ մայր մը կայ «Օսմանեան հարեմին / հարճը / վերջին / բռնաբարուած » (էջ 8), «կը դիտեն աչքերը / դուրսէն / ներս, / կ՛ապրին / Եղեռնը /դարձեալ, / կը փնտռեն / եղբարը ծծկեր / որբացուած / յափշտակուած / թրքացուած / բռնի» (էջ 10):Սակայն կեանքը կը շարունակուի Արեւելքի թիթեղաշէն տուներէն սկսեալ, գոյատեւողներու սերունդը երկրէ երկիր առաջնորդելով, իսկ Եղեռնը «կը վերածուի յաճախանքի»: Թումանեանի հերոսուհին` Անուշը, սփիւռքեան տարբեր հանգրուաններուն, կը պատկերացուի տարբեր կացութիւններու մէջ: Հայոց պատմութեան դասերը` իրենց խորհրդանշական հերոսներով կամ դրուագներով, տարբեր վայրերու ու վիճակներու մէջ տարբեր ազդեցութիւն կ՛ունենան Անուշներուն վրայ: Նոյնիսկ տեղ մը, երբ ուսուցիչը կը խօսի Լիզպոնի հինգին մասին, Անուշը Լիզպոնն ու Տիզբոնը կը շփոթէ իրարու հետ:
Կը հասնինք ղարաբաղեան պայքարի օրերուն, ուր քնարական հերոսը, հայրենի հողին վրայ, իրականութեան դիմաց կը գտնուի: Անշուշտ, միշտ Մարաթուկէն մինչեւ երեւանեան եւ արցախեան իրականութիւն` յուշերով, պատմական յղումներով կամ սփիւռքեան փորձառութիւններով կացութիւններ զիրար կը խաչաձեւեն կամ կը խառնուին իրարու: Առաւել, հոն կան հողին ձայնին ունկնդիր նուիրեալներ`, եւ հրապարակին վրայ ղեկավարի գլխարկ հագած կեղծաւոր, պատեհապաշտ ու խամաճիկ «դիւանագէտներ», կամ` վաշխառու, հովանաւորուած պաշտօնեաներ, որոնք տատիկին, երեխային ու թշուառին ցաւով կը կառուցեն դղեակներ: Իսկ կռուի ճակատին վրայ ուրիշ ձայն մը կը հնչէ` Էրզրումի հայոց լեռներէն, որ լսելի է անոնց, որոնք Մռաւի կամ Մատաղիսի խրամատներուն մէջ կը պայքարին: Փաստօրէն Կարնոյ լեռներէն աւելի քան դար մը առաջ հնչած ձայնը վերազարթնած է հայրենիքի մէջ:
Ձայնը հատորէն տարի մը ետք լոյս տեսած Հազրոն կ՛ամբողջացնէ առաջինը, ինչ որ զարմանալի չէ: Նոյնիսկ վեց տարի ետք լոյս տեսած Կանչը լրացումն է այս շարքին, եւ հաւանաբար ճիշդ պիտի ըլլայ ապագային զանոնք միասնաբար տպել:
Հազրօ անունը բնականաբար յղում մըն է Ակսել Բակունցի «Ծիրանի փողը» հրաշալի պատմուածքի հերոսին: Ինչպէս կը յիշենք, Բակունցի Հազրոն իր ծիրանի փողը կը խոստանայ աւանդ տալ իր թոռնիկին, ինչ որ Սասունի, Արեւմտեան Հայաստանի եւ Ցեղասպանութեան յիշատակի փոխանցումն է յաջորդ սերունդին: Հոս կը գտնենք Արագածի լանջերուն հովիւութիւն ընող գիւղին նախկին ուսուցիչը` Հազրոն, որ Բակունցի Հազրոյին թոռը կամ ծոռն է, եւ կրնայ իրական կամ երեւակայածին կերպար մը ըլլալ, ինչ որ կարեւոր չէ: Հազրոն ոչխարները արածած ատեն իր յուշերուն ու մտքերու մէջ կը խորասուզուի, կը հասնի մինչեւ Գետաշէն, Մարտակերտ, Ֆիզուլի, մինչեւ այն տղաքը, որոնք Պուրճ Համուտէն հասած էին Արցախ` իրենց հետ բերելով նոյն պայքարի ոգին: Կ՛ոգեկոչէ նահատակուած ընկերները, կը նշէ Շուշիի վաշտին կեդրոնը, որ այլեւս կողոպտուած ու պարպուած է… Այս պատկերին դիմաց, ինչպէս` նախորդ հատորին մէջ, կը տեսնենք Երեւանի պատկերը, որ կը հակադրուի արցախեան օրերու իրականութեան: Մինչ ժողովուրդը մտահոգ ու յուսահատ կը քալէ, քաղաքին մէջ կը տեսնենք վաշխառուն, մարմնավաճառն ու մարդավաճառը, ժողովուրդին յափշտակուած քրտինքով կառուցուած լուսաւոր դղեակները, «կը դողայ / կը փնտռէ ինքզինք քաղաքը / կը դողայ երկիրը / կողոպտուած/ թալանուած / լքուած / կարեվէր» (էջ 51):
Կանչը, որ իր խորագրով արձագանգն է Ձայնը հատորին, աւելի սուր կերպով, նոյնիսկ յաճախ ոչ բանաստեղծական թուացող ուղղակի խօսքով կ՛անդրադառնայ իր ժամանակի հայ իրականութեան, առաւել, նոր շերտեր կ՛աւելցնէ այդ հարցերուն վրայ: Ասոնցմէ առաջինը իսլամացած կամ գաղտնի հայերու պարագան է: Հին արեգակը կը վերադառնայ մեր երկիրը, ուր աւերակ եկեղեցիներ ու մեհեաններ կան, հայու աչքերով քրտուհի մը կուժն առած` կ՛ելլէ սարը, հովիւ մը հորովել երգելով` կ՛առածէ հօտը, «Վանի կողերը կ՛այրին», մայրավանքեր արեւագալի հետ «Տէ՜ր, ողորմեա՛…» կը մուրան, իսկ նորօրեայ մեր ղեկերը (ղեկավարները), արդէն յղփացած` հեգնանքով կը նային պահանջատիրութեան կապուած հարցերուն: Այսպէս, «Ղեկերը մեր` / հաւկուրները / որոմները / Արարատանաշխարհի, / ֆութպոլի խաղով / գինով, / մեր բերդին մէջ արձակուած / գնդակները ծամելով /…. կը փորձեն վարակել / Արեգները / Աշխարհին Հայոց» (էջ 24-25):
Այստեղ նաեւ, անգամ մը Ձայնը հատորին մէջ յիշուած ազատամարտիկներէն մէկը` Մերուժը կը յայտնուի` կանչելով իր նահատակուած ընկերը` Ռաֆոն. «Ռաֆօ՜ / Մերուժն եմ, / արթնցիր, / թող շշնջեն շրթներդ / թող շնչեն թոքերդ, / բաց աչքերդ, / կը կանչեն / տունը /հողը / արեւը / աստուածները օտարացուող / …. կը ծախեն / Մուշն ու Վանը, / որ «Դաւոները / «ապրին» (էջ 27-28): Այսպէս, շատ կարճ տողերու մէջ, ազատամարտիկներու բերնով ամբողջ ընդվզում մը կը պոռթկայ քաղաքական ապիկար ղեկավարութեան դէմ, անոնց քայլերը հաւասարեցնելով դաւաճանութեան: Այս կեցուածքին հետ աղերս ունի նաեւ խորհրաւոր պայմաններու մէջ սպաննուած կռուողներու պարագան, որոնցմէ մէկն է Ռաֆոն. «Մեկնումէդ վերջ / ան / սպասելի / անժամանակ, / մեկնեցան, / մեկնեցանք` / կարծես կարգով, / ծրագրուած / հասցէագրուած / ժամանակէն / շատ առաջ, / տղաքը` / ընկերները / մտերիմ / ու շատ յաճախ / ան / հաւատալի / քեզի պէս / դարձեալ, / թիկունքէն զարնուած ...» (էջ 42):Ընդգծումը բանաստեղծին է:
Ուղիղ խօսքով արտայայտուելով, ուր կարծես Ասոյեան ըսել կ՛ուզէ, երբեմն դաժան ճշմարտութեան պարզ ներկայացումը աւելի կարեւոր է բանաստեղծական խօսքէն, նշումներ կ՛ըլլան Լենինի Թուրքիոյ հետ Հայաստանի հաշուոյն կատարած առեւտուրին, մուրճ-մանգաղով խոցուած հայրենիքին, նոր ղեկավարներու դէմքին նետուած` «ծախեցին /մեզ / ծախեցին ձեզ/Գետաշէն, / Շահումեանէն մինչեւ / Գանձակ / երեխայի պէս / «Ո՞ւր է գանձը» / խաղալով» (էջ 45): Դեռ կ՛արձանագրուի սփիւռքահայերը իբրեւ նարինջ ուտողներ արտայատութիւնը, մէկէն մէկուկէս միլիոն հայեր հայրենքէն հեռանալու երեւոյթը, այսինքն` թիւ մը, որ հաւասար է Ցեղասպանութեան զոհերու թիւին եւ նոր Եղեռն մը կը ներկայացնէ: Ներկայացուած պատկերը մութ ու թանձր գոյներով կը բնորոշուի, սակայն պոռթկում մըն է դառն իրականութեան դէմ: Գործերուն մէջ բազմաթիւ յղումներ կը կատարուին մեր առասպելներուն, կարեւոր գրողներու խօսքերուն, պատմական դէպքերու, յեղափոխական երգերու եւայլն, առաւելաբար ցոյց տալով, թէ ինչպէ՛ս ղեկավարութիւնը կամ իշխող դասակարգը իր այլասերումով կը հակադրուի այդ ոգիին կամ կ՛անտեսէ զայն:
Ասոյեանի գործերը կը թելադրեն, որ հայրեիքի համար բիւր զոհողութիւններով, հարիւրաւոր տղոց հեղուած արիւնով ձեռք բերուած նուաճումները ապիկար ու շահամոլ ղեկավարութեան մը կողմէ վաճառքի հանուած են, եւ խօսքը մէկ նախագահի կամ վարչակարգի չի վերաբերիր: Յիշեալ երեք հատորները այս տագնապը կը բերեն: Ասոյեանի երազը այն է, որ Սարդարապատի ոգին զարթնի կրկին, հայոց աշխարհէն վտարուին նոր որոմները, եւ «ծիրանի բոյրը / վերադառնայ / բնօրրան» (Կանչը , էջ 71):
Շատեր կրնան տարակարծիք ըլլալ Ասոյեանի կեցուածքներուն հետ, սակայն պէտք չէ մոռնալ, որ իրը դիւանագէտի կամ քաղաքագէտի խօսք չէ, այլ` տագնապող յանձնառու հայու, որ իր անկեղծ ապրումներն ու փորձառութիւնները բանաստեղծութեամբ կը փոխանցէ մեզի: