ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Վերջին տասը-տասնհինգ տարիներուն հայաստանեան գրականութեան հետ առնչուած ուշագրաւ երեւոյթներէն մէկը համացանցային մամուլի ծաղկումն է: Առցանց մամուլի տարածման պատճառները բազմաթիւ կրնան ըլլալ եւ առանձին ուսումնասիրութեան նիւթ են, սակայն դժուար չէ ենթադրել անոնց ստեղծման պարագաներէն մի քանին: Խորհրդային վարչակարգի փլուզումին հետ, երբ մամուլը պետական-կուսակցական կառոյցներու միջոցով կը հովանաւորուէր, որուն ամենակարեւոր գործիքը Գրողներու միութիւնն ու պետական հրատարակչութիւնն էին, որոնց հետ կապուած էին հրատարակուելու եւ պատուեգին ստանալու պայմանները, բնականաբար նոր դաշտ կը բացուէր մասնաւորաբար երիտասարդ գրողներու դիմաց: Ճիշդ է, որ տնտեսական կացութիւնը շատ դժուար էր, սակայն բաց մը, պարապ մը ստեղծուած էր ազատութեան մթնոլորտին մէջ, զոր երիտասարդ տղաք կ՛ուզէին անմիջապէս լեցնել: Պէտք չէ մոռնալ նաեւ, որ այս սերունդը նաեւ գրագէտ էր` համակարգիչներու եւ համացանցի հետ կապուած արհեստագիտութեան գործածութեան մէջ, եւ համակարգիչներու թիւին տարածման հետ նոր կարելիութիւններ կը ստեղծուէին գրականութեան դաշտ մտնող տղոց դիմաց:
2001-ին երբ Գրողներու միութիւն այցելեցի, Լեւոն Անանեանը յայտնեց, որ միութիւնը տակաւին համակարգիչ չունի, եւ հարցուց, թէ կրնա՞մ օգտակար ըլլալ այս գծով. այդ օրերուն կարելի եղաւ, թէեւ` գործածուած, լաւ շարժական համակարգիչ մը (lap top) ապահովել բարեկամի մը միջոցով: Անշուշտ ներկայիս շատ աւելի լաւ համակարգիչ կամ համակարգիչներ պէտք է ունենայ Գրողներու միութիւնը, սակայն այդ օրերու կացութեան մասին բաւական յստակ պատկերացում կու տայ այս օրինակը: Գրողներու, մասնաւորաբար ծանօթ գրողներու համար իսկական ցնցում էր նաեւ ստեղծուած նոր իրավիճակը. անոնք, որոնք վարժուած էին քսան կամ երեսուն հազար տպաքանակով հրատարակուելու եւ համապատասխան պատուեգին ստանալու, յանկարծ միջոցներ պէտք էր գտնէին հրատարակուելու եւ 400 կամ 500 օրինակով բաւարարուէին: Վերջերս հանդիպում մը կը դիտէի You Tube-ի վրայ, ուր Գայեանէ Դանիէլեան հարցազրոյց կ՛ունենար Վահագն Գրիգորեանի հետ անոր` «Ժամանակի գետը» վէպին առիթով, եւ վիպասանը ճիշդ այս երեւոյթը կը նշէր: Ան Երեւանի մէջ հանդիպած էր գրատուն մը` իր մէկ վէպի վաճառքին մասին գաղափար մը ունենալու համար, եւ վաճառող աղջիկը կը յայտնէր, թէ գործը best seller է, 200 կամ 250 օրինակ վաճառուած է… Գրողի մը համար, որուն նախկին գործերը քսան հազարով տպագրուած են, նման հաստատում կատարել` հեգնական չէ՞: Սակայն նոր սերունդ մը պիտի գար, որ իր ճամբան պիտի փնտռէր հրատարակուելու եւ նոր իրականութեան յարմարելու:
Այստեղ պիտի կեդրոնանամ համացանցային երեք թերթերու վրայ, այսինքն` «Ինքնագիր», «Գրեթերթ» (գրէթերթ ՞) եւ «Գրանիշ» հանդէսներուն` որոշ պատկերացում մը տալու համար անոնց մասին, նաեւ նշելու համար նման մամուլի առաւելութիւններն ու անպատեհութիւնները:
2001 թուականին խումբ մը երիտասարդ գրողներ, գլխաւորութեամբ խմբագիր Վիոլետ Գրիգորեանի եւ Վահրամ Մարտիրոսեանի, կը հիմնէին «Բնագիր» գրական տպագիր հանդէսը, որ իր համարձակութեամբ եւ արծարծած նիւթերով ամբողջովին նոր աշխարհ մը կը բանար, տարբեր` աւանդական գրական մամուլէն: Նոյնիսկ քանի մը գրատուներ կը մերժէին ցրուել զայն: Թերեւս այս էր պատճառը, որ շուրջ հինգ տարի ետք Վիոլետ Գրիգորեանը Վահան Իշխանեանին հետ լոյս կ՛ընծայէր «Ինքնագիր» առցանց գրական հանդէսը, որ լոյս կը տեսնէ մինչեւ այսօր:
Միւս թերթերուն նման` «Ինքնագիր»-ն ալ միշտ առիթ կ՛ընծայէ երիտասարդ գրողներու նորարարական փորձերուն, սեռային կացութիւններու իմաստով աւելի ազատ արտայայտութիւններուն, սակայն երկու այլ կարեւոր յատկանիշներ ունի: Առաջինը սփիւռքահայ գրողներու նկատմամբ իրենց մասնաւոր ուշադրութիւնն է, իսկ երկրորդը, մասնաւորաբար` վերջին շրջանին, քաղաքական կեցուածքներու եւ, այս առումով, քաղաքական յօդուածներու ներկայութիւնը, մասնաւորաբար` Վահան Իշխանեանի ստորագրութեամբ: Պէտք է այստեղ արձանագրել նաեւ, որ Վ. Գրիգորեանը, գրական ճակատի վրայ միշտ ալ ինքնուրոյն դիրքորոշում ունեցած է, յաճախ անյարիր` գրական «հաստատութեան» կեցուածքներուն:
Սփիւռքահայ գրողներու հետ այս սերտ կապը կը գտնենք ոչ միայն իրենց կայքին վրայ, ուր ստեղծագործական եւ իմացական ճակատի վրայ բազմաթիւ գրութիւններ կան` Գրիգոր Պըլըտեանէն, Մարկ Նշանեանէն, Ճեսի Արլենէն, Խաչիկ Թէօլէօլեանէն, Րաֆֆի Աճեմեանէն, Քրիստեան Բատիկեանէն եւ ուրիշներէ, այլեւ` դասախօսութեան կամ հարցազրոյցի ձեւով տրուած տեսերիզներուն եւ հրատարակութիւններուն վրայ, ինչպէս` Գ. Պըլըտեանի «Ինչ որ չես տեսներ» հատորը, Քրիստիան Բատիկեանի «Սուփըր հերոսները կը մեռնին ամրան» եւ «Մետաղէ երազներ» վէպերը, կամ Մարկ Նշանեանի թարգմանութեամբ Ֆրիտրիխ Նիցչէի «Դերաքրիստոսը»: Խիստ քաջալերելի է նաեւ այն երեւոյթը, որ մեսրոպեան ուղղագրութեամբ գրութիւններ կը գտնենք հոն: Վերջերս ձեռքս անցան նաեւ «Ինքնագիր» հանդէսի տարեկան հրատարակութիւններէն թիւ 8 եւ 9 թիւերը, երկուքն ալ լոյս տեսած` 2018-ին, ուր յստակ պատկերացում կ՛ունենանք թերթի բովանդակութեան մասին իր տարբեր բաժիններով` ստեղծագործական, թարգմանական, հարցազրոյցներու, գրախօսականներու եւ այլն: Տպագիր հրատարակութիւնը օգտակար է ոչ միայն անոնց համար, որոնք կը նախընտրեն շօշափելի հատորով մը կարդալ, ընդգծումներ կատարել, զայն գրադարանի մէջ պահել, այլեւ` իբրեւ որոշ ձեւի ապահովութիւն, եթէ յանկարծ նիւթական կամ թեքնիք պատճառով մը այդ կայքը վերանայ:
«Գրեթերթ»-ը լոյս կը տեսնէ 2006-ին, Գուրգէն Խանջեանի խմբագրութեամբ, եւ ըստ իր վկայութեան, քանի կարգ մը երիտասարդ գրողներ դիմած են իրեն` փափաք յայտնելով մամուլի մէջ հրատարակուիլ: Թերթը, տարի մը ետք, արդէն ամէնամեայ մրցանակներ կու տայ բանաստեղծութեան, արձակի, թարգմանութեան, գրաքննադատութեան մարզերուն մէջ, ինչ որ քաջալերական դեր կ՛ունենայ երիտասարդ գրողներու եւ մտաւորականներու համար: Ամէն պարագայի, նման տարեկան մրցանակներ կ՛ընծայեն երեք առցանց թերթերն ալ, եւ հեղինակներ զանոնք կը յիշեն իրենց գրական կենսագրութեան մէջ: «Գրեթերթ»-ի առաջին մրցանակակիրներու շարքին կը գտնենք Արքեմնիկ Նիկողոսեանին եւ Յասմիկ Յակոբեանին անունները, որոնք քանի մը տարի ետք գլխաւոր դէմքերէն պիտի դառնան «Գրանիշ» համացանցային հանդէսին եւ նոյնանուն բաց գրական համայնքին: Այնտեղ կը հանդիպինք Արամ Պաչեանի պատմուածքներուն («Թափանցիկ շիշեր», «Ռոբինզոն»), Յասմիկ Սիմոնեանի, Կարէն Անտաշեանի, Մանէ Գրիգորեանի բանաստեղծութիւններուն եւ այլն: Իբրեւ դրական երեւոյթ` պէտք է նշել, որ վերոյիշեալ գրողներէն շատեր կ՛աշխատակցին թէ՛ երեք կայքերուն եւ թէ՛ տպագիր մամուլին: Վերջերս թերթի կայքէջին վրայ տասնեակ մը աշխատակիցներ, գրական տարբեր սեռի դրսեւորումներով, իրենց Երեւանը կը ներկայացնէին:
«Գրանիշ»-ը, ինչպէս նախապէս յիշեցի, սկիզբը իբրեւ գրական համայնք կը հիմնուի 2009-ին, իսկ 2011-էն սկսեալ կ՛ունենայ իր համացանցային թերթը: Գլխաւոր խմբագիրն է Յասմիկ Յակոբեանը, Կարէն Անտաշեանը կը նշուի իբրեւ հիմնադիր անդամ, իսկ գրականագէտ Արքեմնիկ Նիկողոսեանը տիրապետող ներկայութիւն է այնտեղ: Հանդէսը, այսօրուան դրութեամբ, իր կառոյցով ամենածրագրուածը կը թուի եւ հարուստ տեսք ու բովանդակութիւն ունի. մօտ քառասուն բաժիններ կը գտնենք այնտեղ: Շահեկան է «Գրանիշ»-ի տեսադարանը, ուր գրողներու մասին տեղեկագրականներ, ընթերցումներ կամ բանախօսութիւններ կը գտնենք: Արքեմնիկ Նիկողոսեանի «Բարձր գրականութիւն» բաժինը շատ մը միջազգային գրականութեան կարեւոր գործերու թարգմանութեան կամ հայ գրողներու ստեղծագործութիւններուն առթիւ զրոյցներ կը ներկայացնէ (ինչ որ հաւանաբար հեռատեսիլային յայտագիր է նաեւ), ինչ որ առիթ կու տայ այդ գրքերը ներկայացնելու, քննարկելու եւ հանրութեան մէջ հետաքրքրութիւն ստեղծելու նոր հրատարակութեանց վերաբերեալ: Բանախօսութիւն բաժնին մէջ, Նոպէլեան մրցանակի արժանանալու կամ այլ առիթներով, շատ մը գրողներու խօսքը թարգմանաբար ներկայացուած է, ինչպէս` Տորիս Լեսինկի, Օրհան Փամուքի, Մարիօ Վարկաս Լէոսայի, Իոսիֆ Պրոտսքիի եւ այլն:
Կը մնայ խորհրդածել հայ գրականութեան մէջ աւելի քան տասնամեակ մը փորձառութիւն արձանագրած այս երեւոյթին մասին:
Առաջին առաւելութիւնը այս ձեւի մամուլին անոր ամէնուր հասանելութիւնն է: Մինչ օրէ օր գիրքն ու գրական հանդէսը ցրուելու միջոցները կը սղին եւ կը դժուարանան, այս մէկը առիթ կ՛ընծայէ աշխարհի որեւէ անկիւնէն հետեւելու այս գրականութեան: Առաւել, մինչ կարգ մը օտար կայքէջերուն պէտք է բաժանորդագրուիլ եւ վճարել, այս թերթերը ձրի են: Համացանցային մամուլի վրայ կարելի է զետեղել հարցազրոյցներ, կենդանի դասախօսութիւններ, վաւերագրականներ, շարժանկարներ, նոյնիսկ այսօրուան արհեստագիտութեամբ կարելի է հետեւիլ ու մասնակցիլ այս կամ այդ հանդէսի մէկ ձեռնարկին, ինչ որ կարելի չէ կատարել տպագիր մամուլին միջոցով: Տակաւին, երբ կարելի չէ ապահովել հայրենիքի մէջ տպուած գիրքերն ու տպագիր հրատարակութիւնները, համացանցային մամուլը միջոցը կը ստեղծէ կարգ մը գրողներու աշխատանքին հետեւելու: Օրինակ, տասնամեակ մը առաջ, երբ Յովհաննէս Գրիգորեանին միջոցով կը հանդիպէի Յասմիկ Սիմոնեանի բանաստեղծութեան եւ կը կարդայի անոր «Լուսնոտ բառեր» գրքոյկը, խոստմնալից բանաստեղծուհիի մը տպաւորութիւնը կը թողուր ան, անցեալ տարի երբ կրկին հանդիպեցանք Երեւանի մէջ, գիտէի, որ «Թափթփած սենեակներ» խորագրով այլ հատոր մը տպած էր, եւ երբ ուզեցի գործը ունենալ, յայտնեց որ սխալմունք էր, զայն պէտք չէր հրատարակէր: Բարեբախտաբար առցանց եւ տպագիր մամուլի մէջ վերջին տարիներուն որոշ գործեր տեսած էի իրմէ, որոնք յստակ հասունութեան նոր հանգրուան մը կ՛արձանագրէին: Այլ բանաստեղծէ մը` Յուսիկ Արայէն քանի մը շարքեր կարդացած էի
«Գրանիշ»-ի մէջ, եւ հակառակ անոր որ իրմէ ոչ մէկ հատոր տեսած էի, անմիջապէս ուշադրութիւնս գրաւեց: Անոնցմէ առաջինը սիրային շարք մըն էր («Եւ սէրը ասաց» բանաստեղծութեամբ սկսող), իսկ երկրորդը` Apocalypto բանաստեղծութեամբ սկսող եւ անոր հետեւող, ժողովրդային ընդվզումով ծնած, այսպէս կոչուած թաւշեայ յեղափոխութենէն ներշնչուած շարք մըն էր: Պէտք է արձանագրել, որ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ քաղաքական իրադարձութիւններ, առաջին օրէն, այս կամ այն ձեւով արձագանգ կը գտնեն գրականութեան մէջ, ինչ որ բնական երեւոյթ է: Նոյն յեղափոխութեամբ սկիզբը խանդավառուողներէն մէկը «Ինքնագիր»-ի խմբագիրներէն Վահան Իշխանեանն էր, որ կարճ շրջան մը ետք դարձաւ անոր ամէնէն առարկայական քննադատներէն մէկը:
Պէտք է աւելցնել նաեւ, որ համացանցային մամուլի մէջ աւելի ազատութիւն կայ, մանաւանդ` որոշ սեռային նիւթերու կամ նկարագրութիւններու գծով, որ կրնայ երբեմն շատ գեղեցիկ ձեւով տրուած ըլլալ, երբեմն ալ` գռեհիկ: Բան մը, որուն նկատմամբ աւանդական հայ գրական մամուլը աւելի զգուշ է: Այս մէկը անշուշտ երկսայրի սուր է, որովհետեւ մէկ կողմէ ազատութիւններ կ՛ընծայէ տարբեր նկարագրի եւ յաճախ փորձառական գրականութեան, իսկ միւս կողմէ` ազատութեան անունին տակ անճաշակ էջեր կը մրոտին: Իսկ այս ձեւի մամուլին կապուած ամենամեծ վտանգը կայքէջին կորուստն է, որ կրնայ նիւթական կամ մէկ այլ պատճառով պատահիլ: Ատոր համար ալ, ինչպէս անգամ մը «Ինքնագիր»-ի պարագային նշեցի, մէկ-մէկ տպագիր օրինակները այս թերթերուն, համացանցայինի կողքին, լոյս կը տեսնեն եւ պէտք է որ լոյս տեսնեն: Իսկ այս փորձառութենէն մեկնած` աւանդական գրական հանդէսները իրենց համացանցային կայքէջը պէտք է ունենան:
ՔեզԵս չեղայ նաւզիկէ քեզ համար ՅԱՍՄԻԿ ՍԻՄՈՆԵԱՆ
|
Եւ Սէրը ԱսացԱմէն բան յարաբերական է տիեզերքում, Եւ իմ սէրը ասաց` լոյս լինի, Սէրը ասաց` երկինք լինի, Սէրը ուզեց արեւ լինի` Եւ սէրը քեզ ստեղծեց. Ամէն բան յարաբերական է տիեզերքում. ՅՈՒՍԻԿ ԱՐԱ
|