ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ

Մեծ եղեռնէն փրկուած այնթապցի երկու օծակից քահանաներ էին անոնք` Ներսէս քհնյ. Թաւուքճեան եւ Գարեգին քհնյ. Պողարեան:
Շուրջ տարի մը տեւած Այնթապի ինքնապաշտպանական մարտերէն ետք (1921), անոնք Հալէպ հաստատուեցան ընտանեօք, մինչ իրենց զաւակներէն երկուքը ղրկուեցան Երուսաղէմ` իբրեւ սան տեղւոյն Ժառանգաւորաց վարժարանին: Տարին 1922-ն էր:
Ժառանգաւորացը վերակազմակերպումի նոր շրջան մը թեւակոխած էր այդ օրերուն` Դուրեան պատրիարքի եւ Կիւլէսէրեան Բաբգէն եպիսկոպոսի հսկողութեան ներքեւ: Այնթապցի զոյգ սաները, երկուքն ալ ուշիմ ու յառաջադէմ, ուսանեցան այնտեղ վեց տարի ու ի վերջոյ որոշեցին զինուորագրուիլ Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան: Դուրեան պատրիարք Ս. Քաղաքի իր առաջին այս սաները աբեղայ ձեռնադրեց 1928 յունիսին, իրենց քահանայ հայրերո՛ւն իսկ ներկայութեամբ, որոնք Հալէպէն Երուսաղէմ ժամանած էին յատկապէս: Ցնծալից օր մը եղաւ ատիկա հայ Երուսաղէմի համար: Նորօծ միաբանները կոչուեցան Տիրան եւ Նորայր:
Տիրան վրդ. իր օտարահունչ մականունը շուտով փոխեց «Ներսոյեան»-ի, իսկ Նորայր վրդ. աւելի ուշ նախընտրեց օգտագործել «Ծովական» գրչանունը:
Երկուքն ալ արդիւնաշատ պտղաբերութեամբ գործեցին Հայ եկեղեցւոյ ծոցին մէջ, երկա՜ր տարիներ, թէեւ` աշխատանքի տարբեր ուղղութիւններով:
Տիրան սրբազան մնաց Երուսաղէմի «ընտրեալ պատրիարք»-ը` առանց կարենալ գահակալելու: Ստիպողաբար անցաւ Ամերիկա ու Նիւ Եորքի մօտերը հիմնեց Ս. Ներսէս Ընծայարանը` նոր հոգեւորականներ պատրաստելու համար ամերիկահայ թեմերուն: Իսկ Նորայր սրբազան գրեթէ իր բովանդակ կեանքը անցուց Երուսաղէմի մէջ ու դարձաւ մեր ամէնէն հմուտ ու հռչակաւոր ձեռագրագէտը:
* * *
Նորայր արք. Ծովականին անունը անքակտելիօրէն կապուած է Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութեան ձեռագրատան հետ: 1950-էն մինչեւ 1992, աւելի քան 40 տարի ան տեսուչն եղաւ այդ դարաւոր ու հարուստ ձեռագրատան, զննեց եւ ուսումնասիրեց բոլոր ձեռագրերը մի առ մի` արտասովոր համբերութեամբ, յետոյ ալ սկսաւ ցուցակագրել զանոնք մանրամասն նկարագրութեամբ: Զուտ գիտական սպառիչ աշխատանք մըն էր ասիկա, որուն դիմաց մարդ միայն կ՛ապշի ու կը զարմանայ:
Անհատ մը, միա՛կ անհատ մը ինչպէ՞ս կրնայ հազարաւոր ձեռագրեր «մաղէ անցընել» ու ներկայացնել անոնց պարունակութիւնը անջատ-անջատ, երբ գիտենք, որ նմանօրինակ մեծղի աշխատանքներ ընդհանրապէս հաւաքական ճիգով յառաջ կը տարուին: Պողարեան սրբազան, փաստօրէն, առանձինն ակադեմական ամբողջ հաստատութեան մը գործը իրականացուց: Ու երբ 1966-էն սկսեալ Սրբոց Յակոբեանց տպարանէն հերթաբար սկսան լոյս տեսնել «Մայր ցուցակ ձեռագրաց Սրբոց Յակոբեանց»-ի հաստափոր ու պատկառելի հատորները, գիտական աշխարհը զմայլեցաւ այս գործին տարողութեան ու մեծութեան դիմաց: Ի զուր չէ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան Ա. նախագահը` Լեւոն Տէր Պետրոսեան, երբ 6 նոյեմբեր 1995-ին Երուսաղէմ կ՛այցելէր ու պահ մը կը հիւրընկալուէր հայոց պատրիարքարանին կողմէ, փափաք կը յայտնէր անպայման հանդիպիլ ծերունազարդ ձեռագրագէտ վանականին` անոր անձնական համեստ սենեակին մէջ: Նախագահը, ինք եւս ձեռագրագէտ ու Մատենադարանի նախկին գիտաշխատող, կը խոնարհէր 91 տարեկան Պողարեան սրբազանի ազազուն կազմուածքին առջեւ ու կ՛ըսէր. «Եկած եմ ձեր ձեռքը համբուրելու…»:
Պողարեանի «Ցուցակ»-ները պարփակուեցան 11 հատորներու մէջ, որոնց հրատարակութիւնը տեւեց 25 տարի, 1966-1991: Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնը իր կնիքը դրաւ այս պատուական շարքին վրայ` իբրեւ մեկենաս ու հրատարակիչ: Այս 11 հատորներէն ի յայտ կու գար, որ անոնց ձեռագրագէտ հեղինակը ցուցակագրեր ու ներկայացուցեր էր մեզի Երուսաղէմի հայոց վանքին մէջ պահպանուած 3890 ձեռագրեր…
Անոնք, որոնք ժամանակակիցները եղան Պողարեան սրբազանին, կը վկայեն, որ ձեռագրերն ու հնատիպ մատեանները միախառնուած էին անոր կեանքին հետ: Իր «մտերիմ»-ները միջնադարեան գրիչներն ու ծաղկողներն էին միայն, որոնցմէ դուրս գրեթէ ընկերային շրջանակ չունէր: Կը պատմուի, որ ան անգիր գիտէր մէն մի ձեռագրի պարունակութիւնը, գրառումի դարաշրջանը, ձեռագրին փրկութեան ոդիսականը… Ինք ձեռագրատան ո՛չ միայն տեսուչն էր, այլեւ` անոր շունչն ու հոգին, հոն դասդասուած հազարաւոր մատեաններու պահապան հրեշտակը:
Օր մը հարցուցեր են իրեն.
– Սրբազա՛ն, մէկը չհասցուցիք, որ ձեզի օգնէ եւ ձեր գործը շարունակէ:
Ցաւագին շեշտով մը պատասխաներ էր.
– Փափաք յայտնող մը չեղաւ…
Ու հիմա կ՛ամփոփեմ իր կենսագրականը.
Նորայր արք. Պողարեան ծնած էր Այնթապ, 1904-ին: Նախակրթութիւնը ստացած էր տեղւոյն Վարդանեան վարժարանը: Երուսաղէմի մէջ աբեղայ ձեռնադրուելէ անմիջապէս ետք, երկու տարի (1928-30) աստուածաբանական բարձրագոյն ուսման հետեւած էր Անգլիա (ի Մանչեսթըր եւ Լոնտոն), իր օծակից Տիրան վարդապետին հետ միասին:
Երուսաղէմ վերադառնալէ ետք, գրեթէ մինչեւ իր կեանքին վերջը, ծառայած է հո՛ն տեւաբար, բացի այն հինգ տարիներէն (1935-40), երբ Անթիլիասի դպրեվանքին տեսուչ նշանակուեր է` Բաբգէն աթոռակից կաթողիկոսին հրաւէրով ու Երուսաղէմի Գուշակեան պատրիարքին արտօնութեամբ: Այս միջանկեալ շրջանին վարած է միաժամանակ կաթողիկոսարանի «Հասկ» պաշտօնաթերթին խմբագրութիւնը, ինչպէս նաեւ հսկած է վախճանեալ Բաբգէն կաթողիկոսի «Պատմութիւն կաթողիկոսաց Կիլիկիոյ» հսկայակազմ հատորին տպագրութեան (1939):
Երկար տարիներ ուսուցչագործած է թէ՛ Երուսաղէմի Ժառանգաւորացին, թէ՛ ալ Թարգմանչաց վարժարանին մէջ: Ի դէպ, հալէպաբնակ իր եղբայրը եւս` Գրիգոր Պողարեան, եղած է կրթական բեղուն մշակ մը, երկարամեայ տնօրէն` Կրթասիրաց վարժարանին:
Եպիսկոպոս ձեռնադրուած է 1951-ին, Ս. Էջմիածին, Գէորգ Զ. կաթողիկոսի ձեռամբ` օծակից ունենալով ապագայ Վազգէն Ա. հայրապետն ու Եղիշէ (Եղիվարդ) պատրիարքը:
Պաղեստինէն դուրս Պողարեան սրբազան չէ ունեցած հովուական որեւէ ծառայութիւն: Բնութեամբ եղած է հանդարտաբարոյ, խառնուածքով` զգուշաւոր ու մենասէր, ոչ զուարթախոհ: Երուսաղէմի վանքին մէջ ծագած մեծ ու փոքր զանազան տագնապներուն, կագ ու կռիւներուն եւ վէճերուն մասնակից կամ «կողմ» չէ եղած առհասարակ: Նախընտրած է գլուխը հակել իր սիրելի ձեռագրերուն վրայ, քիչ խօսիլ, կարճ ու կտրուկ նախադասութիւններով ըսել իր ըսելիքը ու քալել…
Բոլորին ծանօթ եղած է իր ծայրայեղ ու անշեղ կարգապահութիւնը` թէ՛ իր անձին նկատմամբ, թէ՛ ալ վանական օրէնքներուն հանդէպ: Ամբողջ կեանքը բաւարարուած է վանական համեստ խուցով մը, ուր անհրաժեշտ իրերէ զատ` ոչինչ կը տեսնուէր… Աւանդասէր, աւանդապահ ու աւանդապաշտ եղած է միաժամանակ: Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց հայրապետը հետեւեալ տողերով բնութագրած է զինք.
– Եղիշէ պատրիարք Դուրեանէն, Թորգոմ պատրիարք Գուշակեանէն, Բաբգէն կաթողիկոս Կիւլէսէրեանէն ուղղակիօրէն իր ժառանգած կրօնաթոյր ու հայաշունչ ոգին եւ Մաղաքիա Օրմանեանի գիտական վաստակէն իր քաղած ուղղութիւնը մնացին իր մէջ այնպէս առողջ եւ առոյգ, որ ո՛չ ժամանակը եւ ո՛չ ալ արդիապաշտ մտայնութեան ու կենցաղակերպի փորձութիւնները կրցան տժգունել թարմութիւնն այդ ժառանգութեան եւ նուազեցնել ուժգնութիւնը իր սիրոյն եւ յարգանքին Հայց. եկեղեցւոյ դարաւոր աւանդութեան հանդէպ («Սիոն», յուլիս-դեկտ. 1997):
Պողարեան եղած է հայ Երուսաղէմի ամէնէն երկարակեաց միաբաններէն մին: Ու իր այս երկարակեցութեան շնորհիւ` բախտն ունեցած է տեսնելու պատրիարքական գահ բարձրացող վեց գահակալներ (Դուրեան, Գուշակեան, Մեսրոպ Նշանեան, Կիւրեղ Իսրայէլեան, Եղիշէ Տէրտէրեան եւ Թորգոմ Մանուկեան):
* * *
Թող չկարծուի բնաւ, որ Պողարեան սրբազան միմիայն ձեռագրերով զբաղեցաւ: Ո՜չ: Գրաբար լեզուի իր հմտութիւնը ու հնատիպ գիրքերու հետ ամէնօրեայ շփումը իր մէջ խմորած ու կազմաւորած էին նաեւ հմուտ բանասէրը, մատենագէտը, հնախոյզը եւ կրօնագէտը: Իր անհամար յօդուածները տասնամեակներ շարունակ զարդարեցին առաւելաբար «Սիոն»-ի էջերը, բայց նաեւ` «Հասկ»-ի, «Էջմիածին»-ի ու այլ պարբերականներու սիւնակները: Առատ նիւթեր կը հաւաքէր հին մատենագիրներու, գրիչներու, տաղասացներու կամ կազմարարներու մասին, կը խօսէր հին վանքերու, հազուագիւտ վաւերագրերու, ծիսական ու կանոնագիտական հարցերու շուրջ, կը սիրէր կատարել բնագրային ճշդումներ:
Իր յօդուածները առհասարակ ամփոփ էին: Կը պակսէին իրեն նկարագրական ու պատմողական առինքնող ոճն ու գրական դարձուածքները, եւ ասիկա թերեւս իր գլխաւոր թերութիւնն էր:
Իր գիրքերուն անունները գաղափար մը կու տան, թէ ինչպիսի՛ նիւթերու շուրջ կը դեգերէր Ծովական Նորայր արքեպիսկոպոս. «Հայ գրողներ (Ե.-ԺԷ. դար)» (1971), «Կորիւն վարդապետի երկերը» (1984), «Հայ նկարողներ (ԺԱ.-ԺԷ. դար)» (1989), «Ծիսագիտութիւն» (1990), «Կանոնագիտութիւն» (1992), «Կրօնագիտութիւն» (1992), «Հայ գրիչներ (Թ.-ԺԷ. դար)» (1992), «Հայ եկեղեցւոյ հաւատոյ հանգանակները» (1993), «Վանատուր» (բանասիրական յօդուածներու ժողովածու-1993) «Ժամանակագրութիւն (ԺԶ. դար)» (1996), «Սաղիմական» (1998) եւ այլն, եւ այլն:
Այս վաստակաւոր ու անխոնջ գրիչը իր աչքերը լոյսին փակեց 19 դեկտեմբեր 1996-ին, Երուսաղէմ, 92 տարեկանին: