Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ս. Միքայէլ Ընծայարանի Անուանակոչութեան Տօն, Սարկաւագական Ձեռնադրութիւն Եւ 50-Ամեակի Յուշամատեանի Գինեձօն Զմմառու Վանքէն Ներս

Նոյեմբեր 11, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

IMG_2984

Զմմառեան միաբանութեան ընծայարանի պաշտպան Ս. Միքայէլ հրեշտակապետի այս տարուան տօնակատարութիւնը բազմաթիւ մտորումներու առիթ հանդիսացաւ: Նախ` 2015 թուականը ինքնին խոր կսկիծ ու մէկդարեայ դաժան յիշողութիւններ արթնցուց իւրաքանչիւր հայու սրտին ու հոգիին մէջ, սակայն հայը զայն դիմակայեց ապրելու ներքին մղումի շնորհիւ:

Սփիւռքի մէջ հայը ճիգերու գերագոյն լարումով լծուեցաւ հայապահպանութեան սրբազան գործին` զարկ տալով կրթօճախներու կառուցման, որոնք վառ պիտի պահէին ազգիս ջահը: Այս դարբնոցներէն մէկուն` Ս. Միքայէլ ընծայարանի յոբելենական յիսնամեակին նուիրուած յուշամատեանին շնորհահանդէսը համընկնեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին: Յիսուն եւ աւելի վաղ 265-տարիներ գոյատեւող այս կրթօճախի գոյութիւնն ու կենսունակութիւնը հարուած մըն է` ուղղուած ազգիս թշնամիին եւ պատասխան Թալէաթի այն հրէշային մտքին` «Պահել մէկ հայ, այն ալ` թանգարանին մէջ»:

Միեւնոյն օրը երանելի Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի սաներէն կիսասարկաւագ Ժան Տիգրան Ֆիլիպպոսի սարկաւագութեան ձեռնադրութիւնը այն փոքրիկ հանգանակն է, որ եկաւ լիացնելու մեր ազգի ոգեղէն գանձատունը իր համեստ ներդրումով:

IMG_2595

Շաբաթ, 7 նոյեմբեր 2015-ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին Զմմառեան միաբանութեան մայրավանքի եկեղեցւոյ ղօղանջները նոյնպէս աւետեցին կիսասարկաւագ Ժան Տիգրան Ֆիլիպպոսի սարկաւագութեան ձեռնադրութեան լուրը, ձեռամբ` հայ կաթողիկէ Գրիգոր-Պետրոս Ի. պատրիարքի, խարտաւիլակութեամբ Զմմառեան միաբանութեան վանքի մեծաւոր Գաբրիէլ  ծ. վրդ. Մուրատեանի, ներկայութեամբ` լիբանանահայ բարձրաստիճան աւագանիի, քոյր եկեղեցիներու եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութեան:

Իր տօնական քարոզին մէջ հոգեւոր տէրը շնորհաւորեց նորօծ սարկաւագը եւ ծնողները, ապա յորդորեց անոր նմանիլ Ստեփանոս Նախավկայի օրինակին` ողորմածութեամբ եւ ներողամտութեամբ` «Քանզի ան նման Քրիստոսի օրինակին` զինք հալածողներուն համար Տիրոջմէն թողութիւն խնդրեց»: Այնուհետեւ հոգեւոր տէրը շեշտը դրաւ հայ հոգեւորականութեան նօսրացման շուրջ` ըսելով. «Այսօր առաւել եւս կարիքն ունինք քեզ նման նուիրեալներու ըլլայ սփիւռքի մէջ եւ յատկապէս` հայրենիքի տարածքին»: Հոգեւոր տէրը քարոզը եզրափակեց` «Սուրբ Ստեփանոսը ուղեկից ըլլայ քեզի ողջ կեանքիդ տեւողութեան»:

Հոգեպարար արարողութենէն ետք վանքի դահլիճին մէջ նորօծ սարկաւագն ու իր ծնողքը ընդունեցին ներկաներուն շնորհաւորանքները:

Այնուհետեւ դպրեվանքի սեղանատան մէջ տեղի ունեցաւ հացկերոյթը` նուիրուած Ս. Միքայէլ ընծայարանի անուանակոչութեանն ու համանուն կրթօճախի նորակերտ շէնքի 50-ամեակին նուիրուած յուշամատեանի շնորհահանդէսին:

Կարօ Գըլըճեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք ընթացք առաւ նորընծաներուն եւ ժառանգաւորներուն կողմէ պատրաստուած գեղարուեստական յայտագիրը, զոր նուիրուած էր երանելի Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի սաներուն, Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպած` «Սփիւռք ամառնային դպրոց»-ի հայոց լեզուի դասընթացքին իրենց բերած մասնակցութեան, որուն աւարտին մասնակից խումբերուն միջեւ տեղի ունեցած հայագիտական նիւթերու մրցոյթին, անոնց գրաւած առաջին դիրքին, ինչպէս եւ Հայաստանի պատմամշակութային վայրեր իրենց կատարած շրջապտոյտին. այս բոլորը ներկայացուեցան տեսանիւթով: Ցուցադրութեան ընթացքին հնչեց Ե. Չարենցի «Ես իմ անուշ Հայաստանի» ստեղծագործութիւնն ու Համօ Սահեանի «Հայաստան ասելիս» բանաստեղծութիւնը:

Իսկ տուտուկի ընկերակցութեամբ «Երազ» եւ «Լուսնեակ Գիշեր» երգերը նուագեց Ռոպեր Թորանեանը:

Ետքը, նորօծ սարկաւագը իր անդրանիկ ելոյթը ունեցաւ. ան ուխտեց նմանիլ Ստեփանոս Նախավկայի օրինակին, պարծանքը դառնալ զինք պարուրած Զմմառեան միաբանութեան, Հայ եկեղեցւոյ եւ ազգին, ապա` բոլոր անոնց` որոնք նեցուկ կանգնած են իր կոչմանը մէջ հաստատ մնալու, դրուատանքի եւ շնորհակալութեան խօսքեր շռայլելով` եզրափակեց խօսքը:

Դպրեվանքի փոխտեսուչ Մաշտոց վրդ. Զահթերեան կատարեց յուշամատեանի ներկայացումը` ամենայն մանրամասնութեամբ եւ խորազնին վերլուծութեամբ: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց խմբագրական կազմի անդամներուն ու աշխատակիցներուն:

Այնուհետեւ խօսք առաւ ժառանգաւորաց տեսուչ Բարսեղ վրդ. Պաղտասարեան, որ դպրեվանքի ընթացիկ տարուան ձեռքբերումներու շուրջ հպանցիկ ակնարկ մը նետելէ ետք անդրադարձաւ յուշամատեանի երկու տարիներու աշխատանքային գործընթացին եւ անոր ունենալիք անհրաժեշտութեանը. ապա ցաւոտ շեշտով լուսարձակի տակ առաւ կոչումներու սակաւութիւնը եւ կոչ ուղղեց հայկական բոլոր կառոյցներուն, կազմակերպութիւններուն, կուսակցութիւններուն` «աչքաթող չընելու դպրեվանքը եւ հայթայթելու ազգին ջահը վառ պահող նորընծաներ»: Ապա յիշեց նախորդ տարեշրջանին սփիւռքի նախարարութեան շնորհած «հայրենաւանդման որպէս լաւագոյն կրթօճախ» առաջին կարգի մրցանակն ու պարգեւը, ինչպէս նաեւ գնահատական խօսքերով շնորհաւորեց ժառանգաւորներուն Հայաստան այցելութեան ընթացքին անոնց արձանագրած յաջողութիւնները: Ան նաեւ շնորհաւորելով նորօծ սարկաւագին եւ շնորհակալութիւն յայտնելով ձեռնարկին կազմակերպիչներուն` եզրափակեց խօսքը:

Խօսքի աւարտին տեսուչ հայր սուրբը հրաւիրեց հոգեւոր տէրն ու վանքի մեծաւոր հայրը միասնաբար կատարելու «50-ամեակի յուշամատեան»-ի գինեձօնի արարողութիւնը:

Այնուհետեւ մեծաւոր հայրը իր սրտի խօսքը արտասանեց: Ան ողջունելէ ետք ներկաները, շնորհաւորեց միաբան հայրերէն բոլոր անոնք, որոնք կը կրեն հրեշտակապետներու անունները, շնորհաւորեց նորօծ ձեռնադրեալը եւ ծնողները ապա տեսչութեան սրտագին շնորհաւորութիւնները յայտնելով` եզրափակեց խօսքը:

Աւարտին հայրապետական պատգամով հանդէս եկաւ պատրիարքը, որ անդրադարձաւ տարիներ առաջ Վատիկանի մէջ Յովհաննէս Պօղոս Բ. քահանայապետի հետ իր հանդիպմանն ու զրոյցին, որուն առանցքը կազմած է հայ ժողովուրդի նկատմամբ քահանայապետին տեսլականը «հայը թող մնայ քրիստոնեայ, որպէսզի իր համոզումին մէջ մնայ հայ»:

Հայրապետը սաներուն հաւատքին եւ հայրենեաց նկատմամբ անսասան մնալու յորդորով եւ աղօթքով  փակեց ձեռնարկը:

Նախորդը

Գրախօսական. Ողջոյն Յուշամատեանին

Յաջորդը

125 Դէմք Եւ Խորհուրդ` ՀՅԴ 125-Ամեակին

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?