Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Կողմէ Հրատարակուած` Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Նուիրուած Երեք Հատորներու Շնորհահանդէս

Նոյեմբեր 12, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

1111-6

Երկուշաբթի, 9 նոյեմբեր 2015-ի երեկոյեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ հրատարակուած` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած երեք հատորներու շնորհահանդէսը տեղի ունեցաւ կաթողիկոսարանին մէջ, նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին: Հանդիսութեան ներկայ էին ասորի կաթողիկէ Իգնատիոս Եուսեֆ Գ. պատրիարքը, պատրիարքներու ներկայացուցիչներ, հոգեւոր առաջնորդներ, նախարարներ, երեսփոխաններ, դեսպաններ, լիբանանեան եւ հայկական կուսակցութեանց ներկայացուիչներ եւ շուրջ երկու հարիւր հրաւիրեալներ:

1111-1
Տ. Յուսիկ Ծ. վրդ. Մարտիրոսեան
Դոկտ. Նորա Պայրագտարեան
Դոկտ. Նորա Պայրագտարեան

Շնորհահանդէսին բացման խօսքը արաբերէնով կատարեց կաթողիկոսութեան միջեկեղեցական բաժանմունքի վարիչ Տ. Յուսիկ Ծ. վրդ. Մարտիրոսեան: Ան յիշեցուց վեհափառ հայրապետին 100-ամեակի առիթով Հայ դատի նոր մարտահրաւէրներուն ուղղութեամբ շեշտած «Յիշել, յիշեցնել եւ պահանջել» կարգախօսը եւ անկէ եկող հրամայականը, ապա ներկայացուց օրուան բանախօսները:

Դոկտ. Նորա Պայրագտարեան արաբերէնով ներկայացուց «Տը ինթըրնեշընըլ քրիմընըլ լոու Ռիվիու»-ի Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած յատուկ թիւը` «Լիկըլ ավենիուզ ֆոր Արմինիըն ճենըսայտ Ռիփըրէյշըն», լոյս տեսած կաթողիկոսարանի տպարանէն, 2015 թուականին: Սոյն հատորին մէջ մէկտեղուած են փետրուար 2012-ին կաթողիկոսութեան կողմէ կազմակերպուած «Ֆրամ ռեքոկնիշըն թու ռիփըրէյշըն» միջազգային համագումարին դասախօսութիւնները: Դոկտ. Պայրագտարեան, որ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած էր սոյն համագումարի կազմակերպչական աշխատանքներուն մէջ, նշեց  «Տը ինթըրնեշընըլ քրիմընըլ լոու Ռիվիու»-ի կարեւորութիւնը միջազգային օրէնքի ծիրին մէջ: Ան հարց տուաւ, թէ ինչո՞ւ կրօնական հաստատութիւն մը` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը կազմակերպած էր վերոնշեալ համագումարը, որուն ի պատասխան մէջբերեց վեհափառ հայրապետին հատորին մէջ ներառուած յօդուածէն. «Մարդկային իրաւանց եւ արդարութեան հարցերը ընդհանրապէս եւ Հայ դատը մասնաւորաբար հայ եկեղեցւոյ առաքելութեան մաս կը կազմեն: Հետեւաբար, անոնք յատուկ տեղ կը գրաւեն կաթողիկոսութեան առաքելութեան մէջ: Եկեղեցին պատասխանատուութիւն կը ստանձնէ ու յանձն կ’առնէ տէր կանգնիլ իր ժողովուրդի արդար իրաւունքներուն, որովհետեւ եկեղեցին հիմնական դեր ունեցած է եւ կը շարունակէ ունենալ հայ ժողովուրդի պատմութեան ու ապագայի կերտման մէջ»: Ան նաեւ անդրադարձաւ կաթողիկոսութեան Սիսի պատմական նստավայրի պահանջի դատին:

Դոկտ. Սալեհ Զահրէտտին
Դոկտ. Սալեհ Զահրէտտին
Դոկտ. Սեդա Տատոյեան
Դոկտ. Սեդա Տատոյեան

Դոկտ. Սալեհ Զահրէտտին ներկայացուց «Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած լիբանանեան վկայութիւններ» (արաբերէն) իր հեղինակած  հատորը, լոյս տեսած այս տարի` կաթողիկոսարանի տպարանէն: Ան տասը կէտերու մէջ ամփոփեց իր գիրքին հետապնդած նպատակը, արտայայտեց հայ եւ արաբ ժողովուրդներուն բարեկամութիւնը, խստիւ դատապարտեց Հայոց ցեղասպանութիւնը կազմակերպող ու գործադրող Օսմանեան կայսրութիւնը եւ կոչ ուղղեց թուրք պետութեան ճանչնալու մարդկութեան դէմ իրենց նախահայրերուն գործադրած ոճիրը` Հայոց ցեղասպանութիւնը: «Կ՛ուզեմ ողջունել թուրք մարդասէր մտաւորականներն ու հեղինակները, որոնք քաջութիւնը ունեցան եւ կը շարունակեն իրենց կարծիքներն ու կեցուածքները արտայայտել եւ ընդունիլ Հայոց ցեղասպանութիւնը` հակառակ իրենց դիմագրաւած բոլոր դժուարութիւններուն, ընդդիմանալով Թուրքիոյ ուրացման պաշտօնական քաղաքականութեան: Անհրաժեշտ է Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով յատուկ աշխատանք տանիլ Թուրքիոյ մէջ, ինչպէս նաեւ Թուրքիայէն դուրս, ժխտողական քաղաքականութիւնը դիմակազերծելու» ըսաւ դոկտ. Զահրէտտին: Ան ողջունեց վեհափառ հայրապետին քաջ կեցուածքը` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ու հատուցման գծով:

Դոկտ. Սեդա Տատոյեան անգլերէնով ներկայացուց իր խմբագրած` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան վերջին հազար տարիներու պատմութիւնը պարփակող «Տը արմինիըն քաթըլիքոսէյթ աֆ Սայլիսիա. Հիսթըրի, թրեժըրզ, միշըն» անգլերէն եւ ֆրանսերէն յօդուածներով հսկայածաւալ հատորը: «Սոյն հատորը երկու հարիւրամեակներ կ՛ընդգրկէ, բայց ո՛չ պատահականօրէն: Առաջինը` 1915-ի Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ երկրորդը` նոյն տարուան ընթացքին Սիսի կաթողիկոսարանին պարտադիր պարպումը, որ ցեղասպանութեան բազմաթիւ երեսներէն մին էր», յայտնեց դոկտ. Տատոյեան: Ան նաեւ շեշտեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան առանցքային դերակատարութիւնը կիլիկեան շրջանին ու յատկապէս ցեղասպանութեան ենթարկուած մեր ժողովուրդի վերականգնումի աշխատանքներուն մէջ, սփիւռքի մէջ:

1111-81111-9Հանդիսութեան ընթացքին ելոյթ ունեցան Ճէնտէրէճեան եղբայրները` ջութակի նուագներով եւ սոփրանօ Շողիկ Թորոսեան` դաշնակի ընկերակցութեամբ Յասմիկ Գասպարեանի, ներկայացնելով հայ երաժշտական կտորներ: Հանդիսութեան աւարտին կաթողիկոսարանին կողմէ ներկաներուն նուէր տրուեցան վերոյիշեալ արաբերէն եւ անգլերէն հատորները:

Նախորդը

Գաղութէ – Գաղութ

Յաջորդը

125 Դէմք Եւ Խորհուրդ` ՀՅԴ 125-Ամեակին

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?