Շաբաթ, 7 նոյեմբեր 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Լիբանանեան-ամերիկեան համալսարանի Պէյրութի մասնաճիւղի «Իրուըն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանեան-ամերիկեան համալսարանի ՄԱԿ-ի 10-րդ օրինակի եւ Արաբական լիկայի 5-րդ օրինակի երկու ծրագիրներու բացման արարողութիւնը:
Զոյգ ծրագիրները կը նկատուին Միջին Արեւելքի կրթական եւ մշակութային ամէնէն ծաւալուն նախագիծերը, որոնք կը գործադրուին Միացեալ Նահանգներու ՄԱԿ-ի գրասենեակին եւ Արաբական լիկայի հետ գործակցաբար, իսկ մասնակիցները կ՛ըլլան տարբեր երկիրներէ եւ աւելի քան 170 լիբանանեան տարբեր դպրոցներէ ու Լիբանանեան- ամերիկեան համալսարան յաճախող ուսանողներէ:
Հանդիսութեան բացումը կատարուեցաւ Լիբանանի քայլերգով, ապա Ալեքսանտրա Խաուաժա` իբրեւ ՄԱԿ-ի օրինակի ծրագիրի նախարար եւ Ռահմա Տալպանի` իբրեւ Արաբական Լիկայի օրինակի ծրագիրի նախարար, արտասանեցին բացման խօսքը, որուն ընդմէջէն երախտագիտութիւն յայտնեցին Լիբանանեան-ամերիկեան համալսարանի նախագահ դոկտ. ժոզեֆ ժապրային եւ համալսարանի դասախօսներուն, որոնք միշտ թիկունք կանգնած են ուսանողներուն: Անոնք իրենց խօսքը փակեցին ըսելով, որ հակառակ արաբական երկիրներուն ապրած վերիվայրումներուն, անոնք միշտ ալ հպարտ են իրենց արաբական ինքնութեամբ եւ պատկանելիութեամբ:
Յաջորդաբար ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, որ մանրամասնօրէն ծանօթացուց երկու ծրագիրներուն յատկանիշներն ու նպատակները: Ապա բեմ բարձրացաւ Լիբանանեան-ամերիկեան համալսարանի նախագահ դոկտ. Ժոզեֆ Ժապրա, որ նշեց, թէ ըստ իրեն, ուսումը խաղաղութեան միակ ճամբան է: «Ձեր ներկայութեամբ սիրտս յոյսով կը լեցուի, երբ զիս կը վստահեցնէք, որ երտասարդները ունին բարձրագոյն ուսում ստանալու եռանդը», ըսաւ ան: Դոկտ. Ժապրա զոյգ ծրագիրներուն մասնակցողները քաջալերելէ ետք, պատուիրեց, որ ծրագիրներէն օգտուած բաժիններով փորձեն բարելաւել իրենց առօրեայ կեանքն ու ընթացքը:
Տալպանի հակիրճ կերպով ներկայացուց երեսփոխան Պահիա Հարիրին, որ Արաբական լիկայի խօսքը փոխանցելու համար բեմ հրաւիրուեցաւ: Ան նախ եւ առաջ ներկայացուց Արաբական լիկային պատմութիւնը եւ անոր հանդիպած տարբեր դժուարութիւնները` յիշելով, որ Լիբանանը եղած է այն վեց հիմնադիր երկիրներէն, որոնք հիմը դրին Արաբական լիկային: Հարիրի ուրախութեամբ յայտնեց, որ Արաբական լիկային համար Լիբանանեան-ամերիկեան համալսարանին հետ գործակցութիւնը հպարտութիւն է:
Այնուհետեւ օրուան բանախօսը` Անթուան Ֆրեմ, արտասանեց օրուան պատգամը: Ֆրեմ հիացումով նկարագրեց վերոյիշեալ զոյգ ծրագիրներուն հետեւող ուսանողներուն երկխօսութեան քաղաքակրթութիւնն ու իրենց կարգապահութիւնը: Ան ներկաներուն ուշադրութեան յանձնեց, որ գիտութիւնը այժմէական զէնք մըն է, որուն միջոցով կրնան ստեղծել բացասական հարցեր կամ դրական արդիւնքներ:
Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակ, իր կարգին փոխանցեց իր սրտին խօսքը: Քաակ խօսքը ուղղեց Լիբանանի երիտասարդութեան` նշելով, որ անոնք այսօր Լիբանանի յոյսն են եւ պէտք է յարմար լուծումներ գտնեն մանաւանդ այժմու աղբերու տագնապին: Ան շեշտելէ ետք, որ զրոյցները պէտք չէ միայն մնան խօսքեր, այլ` ըլլան պտղաբեր գործեր, շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանին եւ լիբանանցի քաղաքացիներուն, որոնք հիւրընկալեցին Իրաքի, Պաղեստինի եւ այժմ Սուրիոյ գաղթականները:
Փրոֆ. Էլի Սամիա` իբրեւ զոյգ նախագիծերուն ընդհանուր վերակացուն, վիճակագրական գիտական ներկայացումով մը անգամ մը եւս ներկայացուց ծրագիրները, ապա տեղի ունեցաւ անցեալ տարուան մասնակիցներէն 14 փայլուն ուսանողներու պարգեւատրումը:
Հանդիսութիւնը փակուեցաւ երդումովը 64 ուսանողներու, որոնք խոստացան հետեւիլ Լիբանանեան-ամերիկեան համալսարանի Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան 10-րդ օրինակի եւ 5-րդ Արաբական լիկայի օրինակի երկու ծրագիրներուն:
Նշենք, որ զոյգ ծրագիրներուն կը մասնակցին նաեւ լիբանանահայ վարժարաններէ բազմաթիւ աշակերտներ: