Պահրէյնի Մէջ. «Աստուածաշունչը Տարբեր Մշակոյթներու Միջեւ Համակեցութիւն Քաջալերող Գիրքն Է» Ցուցահանդէսը
Աւելի քան երեք հարիւր ութսուն հրատարակչատուներ` քսան տարբեր երկիրներէ ժամանած, մաս կազմեցին Պահրէյնի թագաւորութեան 17-րդ Միջազգային գիրքի ցուցահանդէսին: Ցուցահանդէսը տեղի ունեցաւ մարտ 24-3 ապրիլ 2016, Պահրէյնի Ազգային թանգարանի մեծ ցուցահանդէսի սրահին մէջ, կազմակերպութեամբ մշակոյթի նախարարութեան: Աստուածաշունչի ընկերակցութիւնը, պաշտօնական հրաւէրով Պահրէյնի մշակոյթի նախարարութեան, մաս կազմեց այս միջազգային ցուցահանդէսին: Աստուածաշունչի ընկերակցութիւնը առաջին անգամն էր, որ կը մասնակցէր այս ցուցահանդէսին` ըլլալով միակ քրիստոնէական...



















