ԼՕԽ. «Ինչպէ՞ս Պաշտպանուիլ Շրջապատի Մանրէներէն» Նիւթով Դասախօսութիւն
Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առողջապահական յանձնախումբին եւ «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 20 ապրիլ 2016-ին առաւօտեան ժամը 10:00-ին տեղի ունեցաւ «Ինչպէ՞ս պաշտպանուիլ շրջապատի մանրէներէններ » նիւթով դասախօսութիւն, զոր ներկայացուց հանրային առողջապահութեան մարզի մասնագէտ Վերժին Սարաֆեան- Խորշիտեան: Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը արտասանեց Սոնա Եափուճեան: Ան ներկայացնելէ ետք օրուան դասախօսը նշեց, թէ վերջին շրջանին մեր շուրջը կուտակուած աղբերը կը...




















