Կայացաւ Մեսրոպեան Վարժարանի «Շուշի» Պարախումբին Ելոյթը
3 յունիս 2016-ի երեկոյեան Պուրճ Համուտի ՀԿՄ «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի «Շուշի» պարախումբին ելոյթը, որ յաջողեցաւ ներկաները համակել հայ պարի խրոխտութեամբ ու նազանքով եւ գեղարուեստական վայելքի յիշարժան պահերով: Նախկին սաներ Լորի Եթերեանի եւ Թալին Փաչանեանի բացման խօսքերուն մէջ նշուեցաւ, որ պարը արուեստի կարեւորագոյն տեսակներէն է, որ իր մէջ կը խտացնէ ազգի մը պատմութիւնը,...



















