Գաղութային

Լիբանանի Անկախութեան 75-ամեակի Նշում Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճի Մէջ

Լիբանանի Անկախութեան 75-ամեակի Նշում Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճի Մէջ

Լիբանանահայութեան երկրորդ հայրենիքին` Լիբանանի անկախութեան 75-ամեակը խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ նշուեցաւ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճին մէջ: Ամբողջ շաբթուան ընթացքին, դասարաններու եւ միջանցքներու պատի թերթերուն վրայ կը տեսնուէին պատկերներ եւ գրութիւններ, որոնք կը ներկայացնէին անկախութեան պատմութիւնը եւ այն ղեկավարները, որոնք կերտեցին այդ  անկախութիւնը 22 նոյեմբեր 1943-ին: Չորեքշաբթի, 21 նոյեմբերին վարժարանի աշակերտներուն կարգապահ շարքերուն դիմաց եւ Լիբանանի քայլերգին խրոխտ հնչիւններուն ներքեւ բակին...

Մեսրոպեանը Լիբանանի Անկախութեան Տօնը Նշեց Բազմատեսակ Ձեռնարկներով

Մեսրոպեանը Լիբանանի Անկախութեան Տօնը Նշեց Բազմատեսակ Ձեռնարկներով

Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտութիւնը նշեց Լիբանանի անկախութեան տօնը: Մանկամսուրի եւ մանկապարտէզի փոքրիկները կատարեցին տօնին համապատասխան ձեռային աշխատանքներ, տողանցեցին լիբանանեան երգերու կշռոյթներով, ներկայացուցին բանակին նուիրուած թատերական փոքր պատկերներ: Կեդրոնական տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ ՀԿՄ «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ: Բացման խօսքը արտասանեց Թիֆանի Իիտը, ելոյթ ունեցաւ վարժարանի «Ծիծեռնակ» երգչախումբը, աշակերտները կատարեցին լիբանանեան ազգագրական պարեր, ներկայացուցին խմբային երգեր եւ ասմունք: Յատկանշական էր...

Լիբանանի Անկախութեան 75-Ամեակի Նշումը  Մխիթարեան Վարժարանին Մէջ

Լիբանանի Անկախութեան 75-Ամեակի Նշումը Մխիթարեան Վարժարանին Մէջ

22 նոյեմբեր 2018-ին Լիբանան տօնեց իր անկախութեան 75-րդ տարեդարձը: Մխիթարեան վարժարանի աշակերտները այս առիթը նշեցին ամբողջ օրուան ընթացքին: Առաւօտ կանուխ անոնք այցելեցին լիբանանեան բանակի 11-րդ գունդի զօրանոցը, ուր ներկայ եղան բանակայիններու մարտական ներկայացումին, ինչպէս նաեւ իրենք ալ, իրենց կարգին, անոնց հրամցուցին Լիբանանն ու անոր ծառայող զինուորը գովերգող բանաստեղծութիւններ ու երգեր: Այս ուրախ առիթով Մխիթարեանի տնօրէն Ռիթա Պոյաճեանը զօրանոցի հրամանատարին յանձնեց...

Երեսփոխան Յակոբ Թերզեանը Ազգային Միացեալ Վարժարան Այցելեց

Երեսփոխան Յակոբ Թերզեանը Ազգային Միացեալ Վարժարան Այցելեց

Չորեքշաբթի, 28 նոյեմբեր 2018-ին Ազգային միացեալ վարժարան անակնկալ այցելութիւն մը տուաւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Յակոբ Թերզեանը: Ան հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ նախակրթարանի աշակերտներուն հետ: Այցելութեան աւարտին ան իր ուրախութիւնն ու հպարտութիւնը յայտնեց` այցելելով Ազգային միացեալ վարժարան: Ան կոչ ուղղեց բոլոր անոնց, որոնք կարելիութիւնը եւ կարողութիւնը ունին մասնակցելու Ազգային առաջնորդարանի կողմէ «Սան որդեգրելու ֆոնտ»-ի ծրագիրին, որպէսզի միասնաբար կարելի ըլլայ...

62 Հազար Տոլար Հանգանակուեցաւ Ի Նպաստ Քանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Աշխատանքներուն

62 Հազար Տոլար Հանգանակուեցաւ Ի Նպաստ Քանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Աշխատանքներուն

Նոյեմբեր 25-ին, Արեւմտեան Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբի կազմակերպութեամբ, Վանքուվըրի մէջ կայացաւ յատուկ նուիրահաւաք` ի նպաստ Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբի աշխատանքներուն: Հանդիսութեան գլխաւոր պատգամաբերն էր Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի Ուաշինկթընի գրասենեակի հաղորդակցութեանց վարիչ Էլիզապէթ Չուլճեանը, որ ներկայացուց Ուաշինկթընի եւ Միացեալ Նահանգներու տարբեր տարածքներու մէջ գործող Հայ դատի յանձնախումբերու աշխատանքային ծիրը: Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբի Օթթաուայի գրասենեակի գործավար Սեւակ Պելեանը խօսեցաւ Քանատայի...

Լուրեր Կաթողիկոսարանէն

Լուրեր Կաթողիկոսարանէն

Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանը 20 նոյեմբեր 2018-ին  Արամ Ա. կաթողիկոսին հրաժեշտի այցելութիւն մը տուաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանը: Հանդիպումը առիթ մը եղաւ զրուցելու հիմնականօրէն Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններուն մասին: Վեհափառը գնահատեց դեսպանին շուրջ երեք տարիներու դիւանագիտական ծառայութիւնը, յատկապէս` հայ համայնքին հետ իր մշակած սերտ գործակցութիւնը: Հանդիպում` Պապական Նուիրակ Ճոզեֆ Սփիթերիին Հետ Նոյն օրը Արամ Ա....

Հուրի Աբարդեանին Լիբանանեան Ուշագրաւ Համերգին Առիթով

Հուրի Աբարդեանին Լիբանանեան Ուշագրաւ Համերգին Առիթով

Կ. ԵՐԿԱՆԵԱՆ-ՔԷՇԻՇԵԱՆ Հայ աւետարանական քոլեճի հիմնադրութեան 95-ամեակին առիթով, Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ սրահին մէջ, ուրբաթ, 16 նոյեմբերին Զուիցերիայէն իր ճազ նուագախումբին հետ ժամանած Հուրի Աբարդեան-Ֆրիտլիի համերգը իր տեսակին մէջ աննախընթաց էր եւ սրահը բերնէ-բերան լեցուցած երաժշտասէրներու յիշողութեան մէջ անջնջելի պիտի մնայ ապահովաբար: Հալէպահայ երգչուհին, որ ճազային արուեստի մէջ իր երաժշտական կազմաւորումը ստացած է Ֆրանսայի մէջ նախապէս յաճախ ելոյթներ ունեցած է...

«Ճինիշեան»-ի համայնքային բարգաւաճման Յանձնախումբի Օրինակելի Նախաձեռնութիւնը

«Ճինիշեան»-ի համայնքային բարգաւաճման Յանձնախումբի Օրինակելի Նախաձեռնութիւնը

«Ճինիշեան» յիշատակի ձեռնարկի համայնքային  բարգաւաճման յանձնախումբի կիները կազմակերպած էին պտոյտ մը, հինգշաբթի, 6 սեպտեմբեր 2018-ին, դէպի Շուֆ: Այս պտոյտին հասոյթը, ինչպէս նաեւ վիճակահանութեան տոմսերուն շահը անոնք նուիրեցին «Ճինիշեան» հաստատութեան` որպէս օժանդակութիւն կարիքաւոր տարեցներու: Երեքշաբթի, 20 նոյեմբեր  2018-ին խումբ մը տարեցներ եւ բարգաւաճման յանձնախումբի տիկիններ հաւաքուեցան «Պատկեր» ճաշարանը եւ միասնաբար տօնեցին Լիբանանի անկախութեան 75-ամեակը: «Ճինիշեան» հաստատութեան ընկերային ծառայողը բարի գալուստ մաղթելէ...

Լեռնագնաց Արա Խաչատուրեանը Այցելեց Մեսրոպեան

Լեռնագնաց Արա Խաչատուրեանը Այցելեց Մեսրոպեան

Հայ անուանի լեռնագնաց եւ վազորդ Արա Խաչատուրեանը նոյեմբեր 13-ին այցելեց Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան եւ ծանօթացաւ վարժարանի գործունէութեան եւ տարբեր բաժանմունքներուն: Այս առիթով Ա. Խաչատուրեանը հանդիպում ունեցաւ Մեսրոպեանի աշակերտութեան հետ եւ անոնց խօսեցաւ լեռնագնացի իր փորձառութիւններուն եւ իրագործած նուաճումներուն մասին: Պատասխանելով աշակերտներու բազմաթիւ հարցումներուն` ան բացատրեց իր մարզական այս իւրայատուկ հետաքրքրութիւններուն տուն տուող պատճառները, որպէս լեռնագնաց եւ վազորդ` իր...

Միացեալ Նահանգներ. «Պահուած Գանձերու Երկիրը» Գրքոյկին Գինեձօնը`  Հայ Գիրքի Արժեւորման Առիթ

Միացեալ Նահանգներ. «Պահուած Գանձերու Երկիրը» Գրքոյկին Գինեձօնը` Հայ Գիրքի Արժեւորման Առիթ

Եթէ գիրքի մը գինեձօնը պէտք է անցնի հատորի մը սոսկական ներկայացման սահմաններէն անդին եւ լուսարձակի տակ բերէ գիրք-արժէքը, կարելի է ըսել, որ Սարգիս Մահսէրէճեանի վերջերս լոյս ընծայած` «Պահուած գանձերու երկիրը» գրքոյկին գինեձօնը ծառայեց այս նպատակին եւ յուշարար մը եղաւ մեր դարաւոր մշակոյթի զարգացման մէջ հայ գիրքի անփոխարինելի դերին ու ներկայութեան: Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմի Ազգային առաջնորդարանի մշակութային-դաստիարակչական յանձնախումբին...

ԼՕԽ.  Տոքթ. Կարապետ Չպուքճեան Ներկայացուց «Թոքերու Քրոնիք Խցանում» Նիւթը

ԼՕԽ. Տոքթ. Կարապետ Չպուքճեան Ներկայացուց «Թոքերու Քրոնիք Խցանում» Նիւթը

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին, չորեքշաբթի, 21 նոյեմբեր 2018-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին մեկնարկը կատարուեցաւ դասախօսութեանց շարքին: ՀՕՄ-ի քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբի անունով ներկաները ողջունեց տոքթ. Սիրուն Վարդապետեանը` նշելով, որ ԼՕԽ-ի յանձնախումբերուն մէջ ներարուած են երիտասարդ ուժեր, ինչ որ ԼՕԽ-ի առաքելութիւնը կը պահանջէ` պատրաստել երիտասարդ սերունդ մը` գործունէութիւնը շարունակելու համար: Ապա ան հրաւիրեց ընդհանուր մարմինի...

Լիբանանի Անկախութեան 75-ամեակի Նշում` Ազգային Միացեալ Վարժարանին Մէջ

Լիբանանի Անկախութեան 75-ամեակի Նշում` Ազգային Միացեալ Վարժարանին Մէջ

Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արք. Ալեէմէզեանի, կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին, ուրբաթ, 23 նոյեմբեր 2018-ի կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Ազգային Միացեալ վարժարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ աշակերտական ձեռնարկ` նուիրուած Լիբանանի անկախութեան 75-ամեակին: Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք բարի գալուստի խօսքը արաբերէնով արտասանեց Ազգային Եղիշէ Մանուկեան  քոլեճի աշակերտ Շուշի Գոճայեան: Ան ըսաւ, որ պիտի շարունակենք անկախութեան երթը` աւելցնելով, որ...

Սուրիոյ Մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպան Արշակ Փոլատեանին Շնորհուեցաւ Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան Պետական Բարձրագոյն Աստիճանի Շքանշանը

Սուրիոյ Մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպան Արշակ Փոլատեանին Շնորհուեցաւ Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան Պետական Բարձրագոյն Աստիճանի Շքանշանը

Նոյեմբեր 15-ին Սուրիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Արշակ Փոլատեանին, դիւանագիտական առաքելութիւնը աւարտելու առիթով, Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան (ՍԱՀ) արտաքին գործերու նախարարութիւնը հանդիսաւոր ընդունելութիւն կազմակերպեց Դամասկոսի «Ֆոր սիզընս» պանդոկին մէջ: Ձեռնարկին ներկայ էին` Սուրիոյ առաջին արտաքին գործոց փոխ նախարար Ֆէյսալ Միքտատը, Հալէպի Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Սարգսեանը, Սուրիոյ մէջ հաւատարմագրուած դեսպաններ եւ դիւանագետներ, Սուրիոյ  արտաքին գործոց նախարարութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, Սուրիոյ մէջ...

«Հայ-Ֆրանսական Գրապատմական Առնչութիւններ» Խորագիրով Գիտական Նստաշրջան

«Հայ-Ֆրանսական Գրապատմական Առնչութիւններ» Խորագիրով Գիտական Նստաշրջան

Նոյեմբեր 1-ին Խ. Աբովեանի անուան հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի Վաչէ Պարտիզունիի անուան հայ նոր եւ նորագոյն գրականութեան եւ անոր դասաւանդման մեթոտիկայի ամպիոնի եւ «Սփիւռք»  գիտաուսումնական կեդրոնի նախաձեռնութեամբ, Ֆրանքոֆոնիայի 17-րդ միջազգային գագաթնաժողովի գրամշակութային ծիրին մէջ կազմակերպուած էր «Հայ-ֆրանսական գրապատմական առնչութիւններ» խորագիրով գիտական նստաշրջան: Բացման խօսքին մէջ համալսարանի ուսումնագիտական գծով հոգեբանական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆ. Սրբուհի Գէորգեանը շնորհաւորեց «Հայ-ֆրանսական գրապատմական առնչութիւններ» խորագրով գիտական...

Ս. Միքայէլ Ընծայարանին Անուանակոչութիւնը Եւ «Կանչ Հրեշտակապետին» Տարեգիրքին Գինեձօնը

Ս. Միքայէլ Ընծայարանին Անուանակոչութիւնը Եւ «Կանչ Հրեշտակապետին» Տարեգիրքին Գինեձօնը

ԵՂԲ. ՆՇԱՆ ՀԱՆՆԷՇԵԱՆ Աւանդութեան համաձայն, այս տարի եւս Ս. Միքայէլ ընծայարանին մէջ նշուեցաւ կրթօճախին անուանակոչութիւնը` նուիրուած դպրատան գլխաւոր բարերար Միքայէլ աղա Յովհան Բաբումեանի մահուան 225-ամեակին: Շաբաթ, 10 նոյեմբեր 2018-ի կէսօրուան 12:00-ին, մայրավանքի Փոխեալ Կուսին մայր եկեղեցւոյ մէջ սուրբ եւ անմահ պատարագ մատուցուեցաւ` նախագահութեամբ Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոցի: Պատարագը մատուցեց Զմմառու վանքի փոխմեծաւոր եւ արտաքին մատակարար...

Թարգմանչաց Տօնակատարութիւն Ազգային Միացեալ Վարժարանին Մէջ

Թարգմանչաց Տօնակատարութիւն Ազգային Միացեալ Վարժարանին Մէջ

Ազգային Միացեալ վարժարանի աշակերտները իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին հայ լեզուի առաջին ուսուցիչին եւ անոր աշակերտներուն` յարգելով անոնց անթառամ յիշատակը, անմահացնելով անոնց սուրբ գործը: Ուրբաթ, 12 հոկտեմբեր 2018-ին նախակրթարանի դասարանները ունեցան արտադասարանային աշխատանքներ: Տարրական դասարանները տարբեր ձեռային աշխատանքներով եւ դիտելով տեսերիզներ` նուիրուած Մեսրոպ Մաշտոցի ու թարգմանիչներուն, ուխտեցին հաւատարիմ մնալ այդ վսեմ առաքելութեան: Միւս կողմէ` նախակրթարանի Դ, Ե, եւ Զ կարգերու աշակերտները խաղ-մրցումով...

Սրբոց Թարգմանչաց Տօնը Մեսրոպեանի Մէջ

Սրբոց Թարգմանչաց Տօնը Մեսրոպեանի Մէջ

Ամէն տարի կրթական վերամուտին յաջորդող առաջին մեծ ձեռնարկը Մեսրոպեանի մէջ նուիրուած կ’ըլլայ ազգային-եկեղեցական բացառիկ արժէք ներկայացնող Սրբոց Թարգմանչաց տօնին, որուն առիթով կը մեծարուին հայ ժողովուրդի պատմական կարեւորագոյն իրադարձութիւններէն` գիրերու գիւտն ու Աստուածաշունչի թարգմանութիւնը կատարած ոսկեդարու մեր մեծ հայրերը: Հոկտեմբեր 24-ին նախակրթարանի եւ երկրորդականի աշակերտները, առանձնաբար կայացած երկու հաւաքներու ընթացքին, անհատական եւ խմբային երգերով, ասմունքով եւ թատերական պատկերով մը ոգեկոչեցին Սուրբ...

ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի Մասնաճիւղի 2018-2019 Տարեշրջանի Վերամուտը

ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի Մասնաճիւղի 2018-2019 Տարեշրջանի Վերամուտը

Շաբաթ, 3 նոյեմբեր 2018-ին տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի սկաուտական 2018-2019 տարեշրջանի վերամուտի պաշտօնական արարողութիւնը: Սկաուտները եւ մասնաճիւղի շեփորախումբը իրենց երթը սկսան Մըզհերի Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին նուիրուած «Մայիս 28» պողոտայի յուշարձանէն: Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արք. Ալեէմեզեանը եւ մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Կարօ Պէրպէրեանը յուշարձանին առջեւ զետեղեցին ծաղկեպսակ մը, անկէ ետք առաջնորդ սրբազանը տուաւ իր օրհնութիւնը: Ապա սկաուտական խումբերը (267...

Թաւրիզի Հայագիտական Բ. Գիտաժողով

Թաւրիզի Հայագիտական Բ. Գիտաժողով

Ուրբաթ, 28 սեպտեմբեր եւ երկուշաբթի, 1 հոկտեմբեր 2018-ին Ատրպատականի հայոց թեմում տեղի ունեցաւ Թաւրիզի հայագիտական Բ.  գիտաժողովը` հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեանի: Ըստ կազմակերպիչ յանձնախումբի հաղորդած տեղեկութեան, գիտաժողովը ամէնամեայ դրութեամբ տեղի է ունենալու: Ինչպէս անցեալ տարի, այս տարի եւս հայագիտական տարբեր բնագաւառներում հմտութիւն ձեռք բերած շուրջ մէկ տասնեակ ուսումնասէր անձնաւորութիւններ իրենց զեկոյցներով հանդէս եկան եւ ներկայացրին իրենց...

«Ասպարէզ»-ի 110-ամեակի Հանդիսաւոր Նշում

«Ասպարէզ»-ի 110-ամեակի Հանդիսաւոր Նշում

Առաւել քան 450 բարեկամներու, բարերարներու, միութեանց ներկայացուցիչներու եւ հայկական վարժարաններու հայերէնի ուսուցիչներու ներկայութեան «Ասպարէզ»-ը կիրակի, 21 հոկտեմբերի երեկոյեան, Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ «Բաղրամեան» սրահին մէջ նշեց իր 110-րդ տարեդարձը: Ծովինար Մելքոնեանի հանդիսավարութեամբ ընթացած ձեռնարկին ընթացքին խօսք առին թերթի անգլերէն բաժինի խմբագիր Արա Խաչատրեան, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Ռազմիկ Շիրինեան եւ օրուան գլխաւոր պատգամախօսը` Նազարէթ Պէրպէրեան: Ճաշկերոյթը, որ բարերարներու...

Page 14 of 68 1 13 14 15 68

Արխիւներ