Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտութիւնը նշեց Լիբանանի անկախութեան տօնը:
Մանկամսուրի եւ մանկապարտէզի փոքրիկները կատարեցին տօնին համապատասխան ձեռային աշխատանքներ, տողանցեցին լիբանանեան երգերու կշռոյթներով, ներկայացուցին բանակին նուիրուած թատերական փոքր պատկերներ:
Կեդրոնական տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ ՀԿՄ «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ: Բացման խօսքը արտասանեց Թիֆանի Իիտը, ելոյթ ունեցաւ վարժարանի «Ծիծեռնակ» երգչախումբը, աշակերտները կատարեցին լիբանանեան ազգագրական պարեր, ներկայացուցին խմբային երգեր եւ ասմունք: Յատկանշական էր մանաւանդ անկախութեան պատմութեան նուիրուած թատերական ներկայացումը, որուն մէջ շեշտը դրուած էր ազգերու ինքնորոշման եւ սեփական պետութիւն ունենալու գաղափարին վրայ:
Այս տարի նորութիւն էր անկախութեան տօնին նուիրուած «Գիտելիքներու մարաթոն»-ը, որուն ընթացքին նախակրթարանի աշակերտները իրարու հետ մրցեցան Լիբանանի պատմութեան մասին իրենց գիտելիքներով:
Միւս կողմէ, տօնին ընդառաջ, Մեսրոպեանի բարձր կարգի աշակերտները առանձին երկու օրերու ընթացքին այցելութիւններ տուին Լիբանանի բանակի օդուժի եւ յատուկ ուժերու (մաղաուիր) կեդրոններ, ուր դիմաւորուեցան պատասխանատու սպաներու եւ հրամանատարութեան կողմէ: Աշակերտները ծանօթացան բանակային ծառայութեան պայմաններուն եւ դիտեցին զինուորական վարժանքներ: Յատուկ ուժերու կեդրոնին մէջ, մարզիչ սպաներու հսկողութեամբ, աշակերտներուն առիթ տրուեցաւ կատարելու փորձ-վարժանքներ` բարձրութիւն մագլցիլ եւ պարանով բարձրութենէ իջնել: Այցին առիթով Մեսրոպեանի աշակերտները գնահատանքի նշաններ յանձնեցին հրամանատարական կազմերուն, շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր ծառայողներու` հայրենիքի պաշտպանութեան գործին իրենց նուիրումին եւ դժուարին առաքելութեան համար:





