Նոյեմբեր 25-ին, Արեւմտեան Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբի կազմակերպութեամբ, Վանքուվըրի մէջ կայացաւ յատուկ նուիրահաւաք` ի նպաստ Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբի աշխատանքներուն:
Հանդիսութեան գլխաւոր պատգամաբերն էր Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի Ուաշինկթընի գրասենեակի հաղորդակցութեանց վարիչ Էլիզապէթ Չուլճեանը, որ ներկայացուց Ուաշինկթընի եւ Միացեալ Նահանգներու տարբեր տարածքներու մէջ գործող Հայ դատի յանձնախումբերու աշխատանքային ծիրը: Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբի Օթթաուայի գրասենեակի գործավար Սեւակ Պելեանը խօսեցաւ Քանատայի մէջ կատարուող աշխատանքներուն մասին: Խօսք առաւ նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ Հայ դատի Կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը, որ ներկայացուց Հայ դատի աշխատանքներու աշխարհաքաղաքական ընդհանուր ծիրը:
Հանդիսութեան ներկայ էր Քանատայի խորհրդարանի անդամ Ճօ Փեսչիսոլիտոն: Նուիրահաւաքի ընթացքին 62 հազար տոլար հանգանակուեցաւ Հայ դատի յանձնախումբի աշխատանքներուն համար: Քանատայի տարածքին Հայ դատի յանձնախումբին ի նպաստ նուիրահաւաքի հանդիսութիւնները պիտի շարունակուին:



