Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թարգմանչաց Տօնակատարութիւն Ազգային Միացեալ Վարժարանին Մէջ

Նոյեմբեր 12, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգային Միացեալ վարժարանի աշակերտները իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին հայ լեզուի առաջին ուսուցիչին եւ անոր աշակերտներուն` յարգելով անոնց անթառամ յիշատակը, անմահացնելով անոնց սուրբ գործը:

Ուրբաթ, 12 հոկտեմբեր 2018-ին նախակրթարանի դասարանները ունեցան արտադասարանային աշխատանքներ: Տարրական դասարանները տարբեր ձեռային աշխատանքներով եւ դիտելով տեսերիզներ` նուիրուած Մեսրոպ Մաշտոցի ու թարգմանիչներուն, ուխտեցին հաւատարիմ մնալ այդ վսեմ առաքելութեան: Միւս կողմէ` նախակրթարանի Դ, Ե, եւ Զ կարգերու աշակերտները խաղ-մրցումով մը վերանորոգեցին իրենց ուխտը` մրցումի առաջին փուլին հնչեցնելով հայ տառերու անունները, եւ ապա երկրորդ փուլին պատասխանելով այբուբենի գիւտին եւ Թարգմանչաց աշխատանքներուն վերաբերեալ հարցումներու: Մրցումի դադարներու ընթացքին հայ լեզուի նուիրուած ասմունքներ լեցուցին մթնոլորտը հպարտութեան դոփիւններով: Աշակերտները երդուեցին հայ մնալ, շարունակել պայքարը եւ դառնալ այբուբենի պաշտպան զինուորները` ասմունքելով Համօ Սահեանի «Մեր լեզուն», Խաչիկ Դաշտենցի «Հայերէն» եւ Մուշեղ Իշխանի «Հայ լեզուն տունն է հայուն» բանաստեղծութիւնները:

Միջնակարգ եւ երկրորդական բաժիններու աշակերտութիւնը եւս իր  կարգին յատուկ ձեռնարկով մը նշեց Սրբոց Թարգմանչաց տօնը երկուշաբթի, 15 հոկտեմբեր 2018-ին:

Քայլերգներու ունկնդրութենէ ետք ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց երկրորդականի բաժնի աշակերտ Ժիրայր Քէշիշեանը, որ ողջունեց ներկաները եւ ըսաւ. «Հայոց տառերու հրաշափառ գիւտին յաջորդած թարգմանչական աշխատանքը, ապա հայոց դպրութեան սկիզբն ու հետագային գրականութեան ծաղկումն ու հարստացումը մեր ժողովուրդը զինեցին ինքնապաշտպանական այնպիսի միջոցներով, որոնց շնորհիւ` մինչեւ այսօր կը մնանք անխոցելի արտաքին մշակութասպան սպառնելիքներուն դիմաց: Մեր անգիր բանարուեստի փլատակներուն վրայ Մաշտոց հիմնեց մեր դպրութիւնն ու քերթողութիւնը»:

Ապա տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին երկու բաժանմունքներու աշակերտները` ասմունքելով Ժաք Ս. Յակոբեանի «Խօսէ հայերէն», «Միայն մէկ գիր» բանաստեղծութիւնները, երգելով «Մեր լեզուն» երգը, նուագելով Կոմիտասի «Քելէ-քելէ»-ն, պատմելով գիրերու գիւտը եւ դիտելով այբուբենի տառերուն յատուկ տեսերիզ մը, ինչպէս նաեւ` տեղեկութիւններ տալով հայերէն տպուած առաջին գիրքին, Յակոբ Մեղապարտին եւ առաջին տպարաններուն մասին :

Ձեռնարկի աւարտին օրուան պատգամը յղեց հայր Զարեհ վրդ. Սարգիսեանը: Ան անդրադարձաւ մեր պատմութեան այն ժամանակաշրջանին, երբ հայութիւնը ինքնութիւնը կորսնցնելու վտանգին մէջ էր, եւ հրատապ հարց էր գիրերու ստեղծումը: «Մաշտոց լծուեցաւ այդ աշխատանքին: Ան իր վրայէն հանելով աշխարհականի տարազը եղաւ հոգեւորական ու իր առաքելութեան ընթացքին գիտակցեցաւ գիրերու ստեղծումին հրամայականին: Հարկ է անոր կատարած մեծ աշխատանքը գնահատել` գնահատելով նաեւ իր աշակերտները, որոնց տաժանակիր աշխատանքին շնորհիւ` մենք ունեցանք մեր հայերէն տառերը»: Հայր սուրբը աշակերտութեան ուշադրութեան յանձնեց` ըսելով. «Որպէս Ազգային Միացեալ վարժարանի աշակերտներ` պէտք է գիտակցութեամբ ընդունիք այս դէպքը, մեր ինքնութիւնը պահելու համար միշտ խօսիք հայերէն, մնաք հաւատարիմ Մաշտոցին եւ` աշակերտներուն: Իւրաքանչիւր աշակերտ պէտք է պահպանէ եւ տարածէ իր մայրենի լեզուն` զայն գործածելով, որովհետեւ հայը ունի վեհ պատմութիւն եւ պէտք է վսեմ պահել այդ պատմութիւնը»:

Աշակերտները միասնաբար ուխտեցին հաւատարիմ մնալ դարաւոր անցեալի մաշտոցեան նշխարներուն ու զօրանալ թարգմանչաց սերունդի զօրութեամբ:

Նախորդը

Սրբոց Թարգմանչաց Տօնը Մեսրոպեանի Մէջ

Յաջորդը

Ճամբայ Բանանք Մե՛նք

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?