Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Անկախութեան 75-Ամեակի Նշումը Մխիթարեան Վարժարանին Մէջ

Դեկտեմբեր 3, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

22 նոյեմբեր 2018-ին Լիբանան տօնեց իր անկախութեան 75-րդ տարեդարձը: Մխիթարեան վարժարանի աշակերտները այս առիթը նշեցին ամբողջ օրուան ընթացքին: Առաւօտ կանուխ անոնք այցելեցին լիբանանեան բանակի 11-րդ գունդի զօրանոցը, ուր ներկայ եղան բանակայիններու մարտական ներկայացումին, ինչպէս նաեւ իրենք ալ, իրենց կարգին, անոնց հրամցուցին Լիբանանն ու անոր ծառայող զինուորը գովերգող բանաստեղծութիւններ ու երգեր: Այս ուրախ առիթով Մխիթարեանի տնօրէն Ռիթա Պոյաճեանը զօրանոցի հրամանատարին յանձնեց Լիբանանի անկախութեան յոբելենական տարեդարձը շնորհաւորող յուշանուէր մը:

Ապա, վերադառնալէ ետք, աշակերտները Լիբանանի անկախութեան 75-ամեակը յաւերժացուցին դպրոցէն ներս մայրի ծառի տնկումով, որ խորհրդանիշն է մայրիներու երկիր Լիբանանին:

Իսկ օրուան աւարտին անոնք հանդէս եկան աշակերտական հանդիսութեամբ մը, որ սկիզբ առաւ լիբանանեան եւ հայաստանեան քայլերգներու ունկնդրութեամբ: Ապա բացման խօսքը արտասանեց արաբերէնի ուսուցիչ Ռոյ Ասաատը, որ ըսաւ. «Հայրենիքը հող չէ, ուր մենք կ՛ապրինք, այլ` այնպիսի էութիւն մը, որ կ՛ապրի մեր մէջ: Եւ չսխալեցաւ ան, որ ըսաւ, թէ Լիբանանը հայրենիքէ մը աւելին է, ան միասնութեան ուղերձ է բազմակարծութեան մէջ, յոյսի ուղերձ է թշուառութեան մէջ եւ խաղաղութեան ուղերձ է դաժան աշխարհին մէջ»: Ան իր խօսքը աւարտեց` ըսելով, որ Լիբանանը մեր բոլորինն է` իր ծովով ու իր ցամաքով, մաղթելով, որ այս անկախութիւնը հանգստութեան կեդրոն եւ նաւահանգիստ ըլլայ բոլոր լիբանանցիներուն համար, եւ անոնք մնան միշտ միաւորուած:

Այնուհետեւ հերթաբար բեմ բարձրացան մանկապարտէզէն մինչեւ 8-րդ կարգի բոլոր աշակերտները, որոնք ասմունքներով, երգերով, թատերական պատկերներով ու պարով արտայայտեցին իրենց սէրն ու յարգանքը` լիբանանեան հայրենիքին, անոր բանակին, հողին ու դրօշին հանդէպ:

Հանդիսութեան աւարտին խօսք առաւ տնօրէն Ռիթա Պոյաճեանը, որ աշակերտներուն ուշադրութեան յանձնեց, որ օրուան ընթացքին զօրանոց կատարած իրենց այցելութեամբ, ծառատնկումով եւ այս կոկիկ հանդիսութեամբ իրենք փառաւորեցին անկախութիւնը, որ հեշտութեամբ տրուող բան մը չէ, այլ պահանջած է բազում զոհողութիւններ, եւ լիբանանցիները կրցած են անոր տիրանալ` շնորհիւ իրենց հայրենիքին հաւատացող նուիրեալ անձերու: Լիբանանին ուղղուած լաւագոյն մաղթանքներով տօնակատարութիւնը հասաւ իր աւարտին:

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (3 Դեկտեմբեր 1968)

Յաջորդը

Մեսրոպեանը Լիբանանի Անկախութեան Տօնը Նշեց Բազմատեսակ Ձեռնարկներով

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?