Շաբաթ, 3 նոյեմբեր 2018-ին տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի սկաուտական 2018-2019 տարեշրջանի վերամուտի պաշտօնական արարողութիւնը:
Սկաուտները եւ մասնաճիւղի շեփորախումբը իրենց երթը սկսան Մըզհերի Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին նուիրուած «Մայիս 28» պողոտայի յուշարձանէն: Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արք. Ալեէմեզեանը եւ մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Կարօ Պէրպէրեանը յուշարձանին առջեւ զետեղեցին ծաղկեպսակ մը, անկէ ետք առաջնորդ սրբազանը տուաւ իր օրհնութիւնը:
Ապա սկաուտական խումբերը (267 սկաուտներ), մասնաճիւղային շեփորախումբին հզօր ու տպաւորիչ նուագի առաջնորդութեամբ, ջահերով տողանցեցին դէպի Մըզհերի «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիր` եւ բարձրացան համալիրի ՀՄԸՄ-ի յարկը, ուր տեղի ունեցաւ դրօշակի արարողութիւն եւ աստիճանատուչութիւն:
Խօսք առաւ ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի Սկաուտական խորհուրդի ատենապետ Թալին Փափիրեանը, որ նշեց. «2018 թուականը իւրայատուկ թուական մըն էր ՀՄԸՄ-ի համար, որովհետեւ այս տարի նշեցինք ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակը` Համա-ՀՄԸՄ-ական բանակումով, զանազան ձեռնարկներով եւ մասնաճիւղի տարեկան բանակումով: Իսկ այսօր 2018-2019 տարեշրջանի աշխատանքներուն բացումը կը յայտարարենք: Այսօրուան մեր սկաուտներուն յայտագիրը կը միացնէ պատմութիւնն ու մշակոյթը` ՀՄԸՄ-ի յարկին տակ, անգամ մը եւս ցոյց տալու, որ մեր սկաուտները տէրն են ու տէրը կը մնան մեր պատմութեան, մեր մշակոյթին եւ մեր արժէքներուն»:
ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի վարչութեան խօսքը արտասանեց Հեղնար Եղիայեանը, որ ըսաւ. «Ամէն տարուան պէս, այս տարի ալ մասնաճիւղին Սկաուտական խորհուրդը եւ խմբապետական կազմը յատուկ ձեւով կը նշեն վերամուտը, որպէսզի նոր թափով սկսի տարեշրջանը, եւ այս խանդավառութիւնը տեւէ ամբողջ տարին, մինչեւ` ամրան մասնաճիւղային ընդհանուր բանակումը:
Վարչութիւնը շատ բարձր կը գնահատէ սկաուտներուն` մոկլիներէն մինչեւ երէց պարմանուհիներ, խմբապետներուն, սկաուտական խորհուրդին, ինչպէս նաեւ ձեր, սիրելի՛ ծնողներ, յարատեւ աշխատանքը` վառ պահելու սկաուտական «Մի’շտ պատրաստ» նշանաբանը եւ ՀՄԸՄ-ի «Բարձրացի’ր, բարձրացո՛ւր» նշանաբանը:
Որպէս վարչութիւն` կը գիտակցինք մեր պատուաբեր միութեան ժառանգորդները ըլլալուն բարձր պատասխանատութեան եւ 100-ամեակի առիթով կը խոստանանք պահել մեր պատուաբեր անցեալը` միշտ ուղղուելով դէպի յաղթական ապագայ»:
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային սկաուտական խորհուրդին խօսքը արտասանեց ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային ընդհանուր խմբապետ Վարդուկ Ֆըռնըզլեանը: Ան բարձր գնահատեց սկաուտներուն աշխատանքն ու ճիգերը` անդրադառնալով, որ անոնք գիշերը լուսցուցին` պատրաստելու օրուան ձեռային աշխատանքներն ու յայտագիրը: Բարձր գնահատեց ծնողներուն մղիչ դերը` իրենց զաւակները վստահելով ՀՄԸՄ-ին, որ նկարագրեց որպէս «երկրորդ տուն եւ երկրորդ դպրոց», որ կը պատրաստէ վաղուան հայը, պատասխանատուն, ղեկավարը եւ տիպար հայ քաղաքացին: Յաջողութիւն մաղթեց սկաուտներուն եւ պատասխանատուներուն նոր տարեշրջանին համար:
Ապա առաջնորդը իր հայրական պատգամին մէջ արտայայտեց իր ուրախութիւնը եւ գոհունակութիւնը` մասնակցելու սկաուտներու արարողութեան: Ան անդրադարձաւ ՀՄԸՄ-ի հայապահպանման եւ դաստիարակչական հիմնական դերին եւ ընդգծեց, որ այդ պահուն սկաուտներու եւ ներկաներու համախմբումը ՀՄԸՄ-ի յարկին մէջ եւ ոչ այլուրեք խորհրդանիշ է ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցած կարեւորութեան հայ գաղութէն ներս: Սրբազան առաջնորդը սկաուտներուն մաղթեց, որ երբ մեծնան, եւ իւրաքանչիւրը իր նախընտրած ասպարէզին մէջ հանրածանօթ ըլլայ, յաջողութիւններու հասնի եւ հայուն անունը միշտ բարձր պահէ, ինչպէս Շարլ Ազնաւուր իր յաջողութիւններուն ընդմէջէն ամբողջ աշխարհին հայութեան մասին ծանօթացուց:
Գեղեցիկ գեղարուեստական յայտագրի մը ընդմէջէն սկաուտական խումբերը անդրադարձան Շարլ Ազնաւուրի աշխատանքին եւ ստեղծագործութիւններուն: Անոնք յայտագիրը փակեցին Շարլ Ազնաւուրի «Pour toi, Arménie» երգի մասնաճիւղային հաւաքական յուզիչ կատարողութեամբ: