Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼՕԽ. Տոքթ. Կարապետ Չպուքճեան Ներկայացուց «Թոքերու Քրոնիք Խցանում» Նիւթը

November 26, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին, չորեքշաբթի, 21 նոյեմբեր 2018-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին մեկնարկը կատարուեցաւ դասախօսութեանց շարքին:

ՀՕՄ-ի քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբի անունով ներկաները ողջունեց տոքթ. Սիրուն Վարդապետեանը` նշելով, որ ԼՕԽ-ի յանձնախումբերուն մէջ ներարուած են երիտասարդ ուժեր, ինչ որ ԼՕԽ-ի առաքելութիւնը կը պահանջէ` պատրաստել երիտասարդ սերունդ մը` գործունէութիւնը շարունակելու համար: Ապա ան հրաւիրեց ընդհանուր մարմինի բժիշկ տոքթ. Կարապետ Չպուքճեանը՝ ներկայացնելու «Թոքերու քրոնիք խցանում» նիւթը:

Տոքթ. Կարապետ Չպուքճեանը իր դասախօսութեան սկիզբը յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ կան շատ մը ազդակներ, որոնք կ՛ազդեն թոքերու վրայ ու կը զարգացնեն այս հիւանդութիւնը:

Ան սահիկներու ցուցադրութեամբ անդրադարձաւ շնչառական համակարգին եւ գործընթացին, ապա խօսեցաւ թոքերու հիւանդութեան մասին` նշելով, որ Սի.Օ.Փի.Տի.-ն դանդաղ ու տարիներու ընթացքին յառաջացող թոքերու հիւանդութիւն մըն է, որ կը հասցնէ շնչառութեան հաւասարութեան պակասին:

Ան դիտել տուաւ, որ առողջապահութեան միջազգային նախարարութեան ուսումնասիրութիւնը` այս հիւանդութեան յառաջացման պատճառներուն մասին, հետեւեալ տոկոսային համեմատութիւնը կը ներկայացնէ. 38 տոկոս ծխողներ, 20 տոկոս  տղամարդիկ, 15 տոկոս շատ ցայտուն նշաններ (նիհարութիւն, շրթունքները կապոյտցած),  տնտեսական դժուար վիճակի  մէջ գտնուող եւ լաւ սնունդ չստացող մարդիկ, մահուան տոկոսի բարձրացում` ապականումի իբրեւ հետեւանք, այն նորածինները, որոնք անհրաժեշտ ծանրութեամբ չեն ծնիր, թոքախտաւոր անձեր, որոնք հետագային նաեւ կը ծխեն, նաեւ` ժառանգական գործօնը:

Այս հիւանդութեան արագ զարգացման պատճառներուն անդրադառնալով` բժիշկը նշեց ծխախոտը եւ ծուխը առհասարակ` իր բոլոր տեսակներով, Լիբանանի մէջ կլկլակի չափազանց գործածութիւնը, հիւանդին թերսնումը:

Մեր թոքերը 24 ժամ սթրեսի մէջ են ծուխերու, ապականումի, տնտեսական, շրջապատին մէջ գտնուող վարակներուն եւ օդի փոփոխութեան պատճառներով:

Այս հիւանդութեան ախտանշաններ են` թոքերէն արտադրուած թանձր հեղուկը, կարճ շնչառութիւնը, շրթունքներու ներս քաշուիլը, արագ յոգնութիւնը, թոքերու բորբոքումը, ոտքերու ուռեցքը, հազը, հանգիստ չքնանալը եւ նիհարնալը:

Տոքթ. Չպուքճեանը խօսեցաւ նաեւ Սի.Օ.Փի.Տի.-ի դասակարգումին համեմատական պատկերին մասին: Եթէ թոքերու հիւանդութիւնը հասնի 80 տոկոսի, ապա նոր  թոք պիտի ցանուի (transplantation):

Թոքերու քննութեան համար սփիրումեթր քննութիւնը կայ, որուն միջոցով կարելի կ՛ըլլայ գիտնալ հիւանդութեան աստիճանը:

Բժիշկը խօսեցաւ նաեւ ազմային եւ Սի.Օ.Փի.Տի.-ի տարբերութեան մասին: Ազման եւ Սի.Օ.Փի.Տի.-ն իրարու նման են, առաջինին պատճառը գերզգայնութիւնն է, իսկ երկրորդինը` ծուխը: Նոյն նշանները կան երկու հիւանդութիւններու պարագային:

Ան նաեւ յիշեց այն ազդակները, որոնցմէ պէտք է խուսափիլ` սիկար, ծխախոտ, կլկլակ, անուշահոտ ու սփրէյներ, ինքնաշարժներու ծուխ, նշելով, որ օդի փոփոխութեան պարագային, մարմինը պաշտպանել շատ տաքէն ու սաստիկ ցուրտէն:

Ան աւելցուց, որ Սի.Օ.Փի.Տի.-էն բուժուելու համար պէտք է շնչառական յատուկ մարզանքներ կատարել, օրական կէս ժամ մարզանք ընել, հսկել մեր ուտելիքներուն` սննդականոնի հետեւելով, ոչ թէ նիհարնալու, այլ լաւ սնանելու համար, լաւ ջուր խմել, չինական բուժումի հետեւիլ, կենսանիւթ Տի առնել, ուտելիքը չչափազանցել, վարակներէ հեռու մնալ:

Սի.Օ.Փի.Տի. ունեցող հիւանդը ձմրան պէտք չէ հիւանդներու այցելէ, ձեռքսեղմումէ ետք պէտք է լուացուի, շատ ջուր խմէ, հեռանայ ծխողներէ, խուսափի սփրէյներէ, հեռու մնայ խճողուած միջավայրերէ:

Դասախօսութեան աւարտին ներկաները հարցումներ ուղղեցին դասախօս բժիշկին:

Այնուհետեւ, որպէս նորութիւն, սննդագէտ Սարին Շէկեան հակիրճ կերպով ներկայացուց շաքարախտի հիւանդութիւնը` նկատի ունենալով, որ նոյեմբերին կը զուգադիպի Շաքարախտի միջազգային օրը:

 

Նախորդը

Լիբանանի Անկախութեան 75-ամեակի Նշում` Ազգային Միացեալ Վարժարանին Մէջ

Յաջորդը

Մետասաներորդ Ժամը Եւ Մենք

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

May 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.