Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Խօսքը. Յեղաշրջման Ուղիով

March 25, 2016
| Զաւարեանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մեծ եղեռնէն ետք հայութեան տեղահանութիւնը պատճառ դարձաւ, որ ան ապրի օտարութեան մէջ: Անմիջական ներգաղթի մը փորձերը յաջող աւարտ չունեցան: Միեւնոյն ժամանակ Հայաստանի Հանրապետութեան ստեղծումը եւ անոր արագ քայքայումը ստեղծեցին տարբեր իրավիճակներ, որոնց ընթացքին Ցեղասպանութենէն ճողոպրած ժողովուրդին ճակատագիրը վերջնականապէս մնաց անորոշ: Բնական էր, գաղութներու կազմութիւնը եւ բարգաւաճումը նկատի ունենալով, որ դէպի երկիր Արեւմտահայաստան վերադարձը կը թուէր անկարելի, իսկ Հայաստանի վարչական մեքենան կը հալածէր սփիւռքահայը, ի մասնաւորի` անոր դաշնակցական զանգուածը:

Այդ իրավիճակը շարունակուեցաւ: Գաղութները  շարունակեցին բարգաւաճիլ ու զարգանալ:

Հիւրընկալ երկիրներու ընծայած կարելիութիւնները եւ դէպի Հայաստան կամ Արեւմտահայաստան վերադարձի անկարելիութիւնը ստեղծեցին այնպիսի իրավիճակ, որ աշխատասէր վերապրող հայը յաջողեցաւ ընտելանալ իր միջավայրին, բարգաւաճիլ անհատապէս: Ան սկսաւ ունենալ կայուն եկամուտ, հաստատուն գործ եւ տուն-տեղ: Այս անհատական զարգացումին յաջորդեց եւ յաճախ նպաստեց գաղութի կազմակերպումը եւ բնականաբար նոյն կայունութեան եւ հաստատման իրավիճակը ունեցաւ աւելի մեծ ծաւալով: Եղան ներդրումներ: Կառուցուեցան եկեղեցիներ, դպրոցներ, մշակութային կեդրոններ: Գաղութը շէնցաւ:

1988-էն ետք, սակայն, իրավիճակը փոխուեցաւ: Արդարեւ, Հայաստանի մէջ փոփոխութիւնները եւ աւելի ուշ անոր անկախացումը պատճառ եղան, որ կացութիւնը բոլորովին շրջուի:

Այսպէս, սփիւռքահայութիւնը կ՛ունենար առիթ` վերադառնալու հայրենիք եւ շէնցնելու զայն: Այդ տրամադրութիւնն  ալ  ստեղծուեցաւ: Արդարեւ, Դաշնակցութեան վերադարձը դէպի Հայաստան, անոր այդտեղ գործունէութիւնը եւ թիւի աճը լաւագոյն ապացոյցներն են այդ տրամադրութեան: Սակայն Դաշնակցութեան արտաքսումը Հայաստանէն եւ անոր անորոշ անցումային կացութեան մէջ ընկղմիլը պատճառ դարձան, որ այս տրամադրութիւնը սկսի փոխուիլ:

1997-ին Դաշնակցութեան հայրենիք վերադարձով քաղաքական բոլոր պատճառները կը չէզոքանային:

1997-էն արդէն անցած են 19 տարիներ, որոնց ընթացքին բնական է, որ եղած են որոշ թիւով հայրենադարձներ, բնական է, որ ըլլան սփիւռք-Հայաստան կապեր եւ համագործակցութիւն: Բայց մէկ բան յստակ է, որ 19 երկար տարիներու ընթացքին տակաւին ստեղծուած չէ ընդհանուր տրամադրութիւն: Տրամադրութիւն` ապրելու հայրենիքով, շէնցնելով հայրենիքը, ներդրումներ կատարելով այդտեղ` վերադառնալու հայրենիք: Խօսքը որոշ դասակարգի հայրենակիցներու մասին չէ միայն: Խօսքը այն տրամադրութեան մասին է, որ կը ստեղծուի բոլոր դասակարգերու մօտ:

Սուրիահայութեան իրավիճակը լաւագոյն ապացոյցն է, որ մենք այդ տրամադրութիւնը չունինք, իսկ տրամադրութեան գոյութեան պարագային անգամ մշակած չենք հայրենադարձութեան վերաբերեալ ծրագիրներ:

Միջին Արեւելքի անկայուն վիճակը մէկ կողմէ, իսկ միւս կողմէ` Հայաստանի ընձեռնած քաղաքական կարելիութիւնը մեր ուսերուն պարտք կը դնեն մշակելու հայրենադարձութեան նպաստող պայմաններ: Ճիշդ է, Հայաստանի տնտեսական վիճակը այսօր փայլուն չէ, արտագաղթի համեմատութիւնները շատ բարձր են, քաղաքական փտածութիւնը` համատարած, բայց վերջապէս մեզի առիթ կը տրուի հայրենիքը շէնցնելու: 1918-1920 ստեղծուած տրամադրութիւնը պէտք է վերստեղծուի այսօր: Այսօր չունինք Հայաստանը շէնցնելէ զատ  այլընտրանք: Այդ աշխատանքը պէտք է ըլլայ  հայրենիքը դարձնելով մեզմէ անբաժանելի մաս, իսկ անոր հարցերը` մեր սովորական առօրեան: Եթէ մենք կարողացանք գաղութները շէնցնել օտարութեան մէջ, պէտք է գտնենք  ձեւերը այդ աշխատանքը տեղափոխելու նաեւ Հայաստան: Իսկ այս մէկը կը կարօտի նոր աշխատելաձեւի մշակման: Արդարեւ, 20-րդ դարու վերջին տասնամեակէն ետք նոր փուլ մը սկսած է, իսկ մենք պէտք եղած կազմակերպուածութեամբ չենք դիմաւորած այդ փուլը:

Արդէն ժամանակն է, որ  գիտակցինք, թէ կը գտնուինք նոր փուլի մը մէջ եւ չշարունակենք պարզապէս վերարտադրել հին մարտավարութիւնները:

 

 

Նախորդը

Կարծիքներ` Հայաստան Ներգաղթի Եւ Պուրճ Համուտի Հայեցի Դիմագիծին Մասին

Յաջորդը

Անի Քաղաքը Կը Յիշենք, Կը Պահանջենք

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Զաւարեանական

Զաւարեանական. Մեր Խօսքը

October 28, 2025
Կարծիքներ Ու Տպաւորութիւններ   «Դաշնակցութիւնը Եւ Ուսանողութիւնը» Միջշրջանային Ուսանողական-Երիտասարդական Խորհրդաժողովին Մասին
Զաւարեանական

Կարծիքներ Ու Տպաւորութիւններ «Դաշնակցութիւնը Եւ Ուսանողութիւնը» Միջշրջանային Ուսանողական-Երիտասարդական Խորհրդաժողովին Մասին

October 28, 2025
Զաւարեանական. Մեր Խօսքը
Զաւարեանական

Զաւարեանական. Մեր Խօսքը

August 26, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.