Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տաւութօղլուի Հրաժարականը` Բացատրուած 10 Հարցումներով

Յունիս 17, 2016
| Զաւարեանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

1. Ո՞վ է Ահմեթ Տաւութօղլու:

Ահմեթ Տաւութօղլու Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան (ԱԲԿ)  ղեկավարն ու Թուրքիոյ վարչապետն էր օգոստոս 2014-էն մինչեւ մայիս 2016: Ան վարած էր այս պաշտօնները Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հրամանով, որովհետեւ այս վերջինը, որ ԱԲԿ-ի առաջին ղեկավարն էր, ղեկավարութեան 13-րդ տարուան ընթացքին` 2014-ին ընտրուեցաւ Թուրքիոյ նախագահ:

2. 20 ամիս այս պաշտօնները վարելէն ետք ինչո՞ւ կը հրաժարի Տաւութօղլու:

Ան կը հրաժարի, որովհետեւ Էրտողան այդպէս ուզեց: Հրաժարած օրը Տաւութօղլու ըսաւ. «Իմ որոշումովս չէ, որ կը հրաժարիմ, այլ պէտք է հրաժարիմ»: Ամբողջ Թուրքիան գիտէ արդէն, որ այդ «պէտքը» Էրտողանի մտածելակերպի փոփոխութիւնն էր, ան այլեւս Տաւութօղլուին այս պաշտօններու ատակ չէր նկատեր:

3. Ինչո՞ւ Էրտողան միտքը փոխեց եւ ուզեց Տաւութօղլուի հրաժարիլը:

Որովհետեւ, ըստ Էրտողանի, Տաւութօղլու «դաւաճանած» էր իրեն` արեւմտեան ուժերուն հետ համաձայնելով, բայց իրականութեան մէջ Տաւութօղլու Էրտողանին դաւաճանեց միայն այն ատեն, երբ ան փափաք յայտնեց, որ ԱԲԿ-ն դաշնակցի միւս երեք կուսակցութիւններուն` Ազգայնական շարժում կուսակցութեան (MHP), Հանրապետական ժողովուրդ կուսակցութեան (CHP) ու Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան (HDP) հետ` նոր կառավարութիւն մը կազմելու համար:

4. Ի՞նչ էր Էրտողանի կեցուածքը Տաւութօղլուի դաշնակիցներու կառավարութեան գաղափարին նկատմամբ:

Յունիս 2015-ի երեսփոխանական ընտրութիւնները չեղեալ նկատուեցան, եւ նոյեմբերին վերստին թուրք ժողովուրդը քուէարկութեան հրաւիրուեցաւ, այս անգամ այն նպատակով, որ ԱԲԿ-ն մեծամասնութիւնը շահի ձայներուն ու դաշնակցելու կարիքը չունենայ կառավարութիւն կազմելու համար:

5. Ինչո՞ւ Էրտողան դէմ էր համախմբական կառավարութեան գաղափարին:

Որովհետեւ այս ձեւով ԱԲԿ-ն մեծամասնութիւն պիտի չկազմէր խորհրդարանին մէջ եւ այսպիսով գրեթէ անկարելի պիտի ըլլար Էրտողանի գերագոյն երազին իրականացումը, որ է` սահմանադրութիւնը փոփոխութիւններու ենթարկել, որպէսզի Թուրքիա ունենայ նախագահական կառավարում, եւ Էրտողան ըլլայ Թուրքիոյ «սուլթանը» կամ, ինչո՞ւ չէ, վերականգնուած Օսմանեան կայսրութեան խալիֆան:

6. Ինչո՞ւ Տաւութօղլու այլեւս խոչընդոտ մըն էր եւ ոչ օգնական մը` Էրտողանի երազի իրականացման մէջ:

Որովհետեւ Տաւութօղլու այլեւս Էրտողանի հրամաններուն համապատասխան չէր առներ իր քայլերը, ան որոշ չափով դէմ էր կարգ մը ծայրայեղութիւններու, եւ այդ մէկը բացայայտուեցաւ, երբ յայտնեց իր պատրաստակամութիւնը միւս կուսակցութիւններուն հետ դաշնակցելու, եւ համաձայն չէր լրագրողներու ձերբակալութեան: Ինչպէս նաեւ Տաւութօղլու իր արտաքին դիւանագիտական յարաբերութիւններով նշանաւոր քաղաքական դէմք մըն է, այսինքն` Էրտողանին մրցակից անձնաւորութիւն մը:

7. Ի՞նչ պատահեցաւ Տաւութօղլուի հրաժարականէն ետք:

ԱԲԿ-ի արտակարգ ժողովը գումարուեցաւ եւ Պինալի Եըլտըրըմ` Էրտողանի հաւատարիմներէն մէկը եղաւ նորընտիր ղեկավարն ու վարչապետը: Եըլտըրըմ Տաւութօղլուի նման դիւանագէտ մը չէ, պարզապէս Էրտողանի ձեռքերուն մէջ խամաճիկ մըն է: Եւ այսպիսով Էրտողանի կշիռը բարձրացաւ կառավարութեան մէջ, եւ սաստկացաւ անոր ճնշումը Թուրքիոյ լրատուական միջոցներուն վրայ:

8. Արդեօք Էրտողանի իշխանութիւնը հզօրացա՞ւ այս ձեւով:

Ներքին իմաստով այո՛. փաստօրէն ԱԲԿ-ն կը վայելէ իր ինքնագլուխ իշխանութիւնը, եւ սեպտեմբերին նոր սահմանադրութիւն մը պիտի ներկայացնէ Թուրքիոյ ազգային ժողովին, սակայն երկրի ներքին բախումները խաղաղ ապագայ մը չեն խոստանար: Իսկ միջազգային գետնի վրայ  արեւմտեան երկիրները կը փորձեն Էրտողանի վրայ ճնշում բանեցնել միջազգային մամլոյ լրատուամիջոցներուն ճամբով` զայն ներկայացնելով որպէս քաղաքական դէմք մը եւ իրականութեան մէջ իր յայտարարութիւններն ալ մասամբ պատճառն են իր վատ համբաւին ճնշում կը բանեցուի նաեւ քիւրտերու հետ գաղտնի համաձայնութիւններով եւ Գերմանիոյ Հայոց ցեղասպանութիւնը ընդունող բանաձեւին անցնելով:

9. Տաւութօղլու իսկապէ՞ս դաւաճանեց Էրտողանին:

Ո՛չ, ընդհակառակը, անոր հրաժարականը ծրագրուած էր… Էրտողանի դէպի բացարձակ իշխանութիւն տանող ճամբան ճեղքելու համար աւելի նուազ հանրածանօթ վարչապետի մը կարիքը կար, որպէսզի Էրտողան կարենայ գրաւել միջազգային ուշադրութիւնը, առանց ոեւէ մրցակիցի:

10. Ի՞նչ է Տաւութօղլուի շահը այս հրաժարականին մէջ:

Իր վարչապետական օրերուն չպատահեցան սպասուած սահմանադրական եւ քաղաքական փոփոխութիւնները, որոնք պիտի արատաւորէին իր համբաւը: Եւ, ինչո՞ւ ոչ, իր հաւաքած գաղտնիքներով, յարաբերութիւններով եւ փորձառութեամբ կրնայ ըմբոստանալ եւ ազատօրէն խոչընդոտել Էրտողանի երազի իրականացումը:

Նախորդը

«Բառին Կեանքը Պահպանելով` Մենք Կը Պահպանենք Մարդկային Յարաբերութիւններու Աստուածահաճոյ Որակը» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Բանաստեղծ Սոնա Վան

Յաջորդը

Ազգային Ներհայեցողութիւն

RelatedPosts

Մեր Խօսքը
Զաւարեանական

Մեր Խօսքը

Ապրիլ 24, 2025
Վերադարձի Պահը Հասած Է
Զաւարեանական

Վերադարձի Պահը Հասած Է

Ապրիլ 24, 2025
Պայքարով Կերտուած Կեանք Մը
Զաւարեանական

Պայքարով Կերտուած Կեանք Մը

Ապրիլ 24, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?