Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեղա՛յ Ամենասուրբ Երրորդութեան

March 25, 2016
| Զաւարեանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄՀԵՐ ԳԱՎԼԱԳԵԱՆ

«Մեղա՛յ չարաբանութեան լեզուիս, եղայ հրէշի փաստաբանը, սատանայի գործակալը:

Պաշտպանեցի վատը, քաջալերեցի մոլարը, եղայ ականատես ու ձեռնածալ, արդարացուցի նենգ արարքը:

Ես կուրացայ փառքին առջեւ, յանձնեցի հոգիս աղէտին:

Կամքս չդիմադրեց խարդաւանանքի ուղիին:

Զրպարտեցի ընդունակը, քանզի տեսլականի մէջ չէի, քարկոծեցի պարկեշտը, վասնզի կարող էի:

Մեղա՛յ գողութեան ձեռաց` հեշտութեամբ կազմեցի հարստութիւն` մոռնալով, թէ ամէն հեքիաթ ունի վկայ եւ վերջաւորութիւն:

Իւրացուցի հալալը, իւրացուցի մատաղը, պահեցի իմ տանս եղբօրս արդար իրաւունքը:

Հաշտուեցայ ապօրինի հացի գաղափարին, բռնեցի քսակահատի ուղին:

Անպարտացուցի բիծ ստակը` զայն համարելով իմ ծառայութեանս հատուցումը:

Մեղա՛յ յանդգնութեամբ եւ երկչոտութեամբ` պատճառ եղայ ուրիշին, պատնէշ դարձայ կերտողին, աջ բազուկը քանդողին:

Անձս պատիւէս առաջ դնելով` սկզբունքներս ծախեցի փառքին ետեւէն սողալով: Ոտնակոխ ըրի ուսումս, կրթութիւնս, էութիւնս ու եղայ կոպեկի ծառան, անհեթեթին սրիկան` մոռնալով, թէ պատմութիւն պիտի մտնէ իմ անամօթ ազգանուն:

Մեղա՛յ տկարութեան հոգւոյս` շռայլութեան եւ ժլատութեան, արտաքինը եղաւ ինծի համար կարեւոր, զարդարեցի ինքզինքս ինչպէս կեղծաւոր մը:

Երեւոյթը դարձուցի առաջնահերթութիւն` կարծելով, թէ ինծի պիտի շնորհէ կարեւորութիւն:

Խաբկանքով պատսպարեցի ինքզինքս, չգիտակցելով` ի՛նչ տկար է բերդս:

Մեղա՛յ պոռնական խորհուրդով մտածումիս, զիս կուրացուց գահը, ուրանալ տուաւ հաւատքս: Խնկարկութեամբ խաբեցի երիտասարդը, որ հետեւի ինծի: Գործածեցի զինք ինչպէս զէնքի իմ փամփուշտս, այրեցի զինք, կաշկանդեցի նկարագիրը` անմեղ հաւատքի իր իտէալը:

Մեղա՛յ որկրամոլութեամբ եւ բղջախոհութեամբ`  ագահ հոգիս քանդեց մեծ ընտանիքս, անգութ կերպարս պղծեց ջրհորս, անիրաւ հասակս բարձրացաւ ինձմէ վեր, անհնար «տիպարս» եղաւ ժողովուրդի մը բռնատէր:

Մեղաւոր եմ ես, դարման չունիմ հաշտութեան, ոչ ալ`   փրկութեան:

Հորս խորունկ է, իսկ  ես անպարան, արիւնոտ է թթխմորս, հոգիս ալ սեւ, միայն ժպիտս գունաւոր մնաց` նենգաձեւ:

Աստուած գուցէ թողութիւն շնորհէ ինծի, սակայն պատմութիւնը պիտի ուրանայ զիս»:

Ծանօթ: Վերոյիշեալ խոստովանանքը իւրաքանչիւր անհատի խոստովանութիւնն է, որ պարտականութիւն եւ պատասխանատուութիւն ունի իր երկրին, ազգին, ժողովուրդին կամ ընկերութեան հանդէպ, սակայն մարդ արարածի փխրուն նկարագիրի տկարութիւններուն պատճառով շեղած է իր «վսեմութենէն»` բռնելով վատառողջ ու քանդիչ ուղիներ:

Նաեւ, կարգ մը արտայայտութիւններ, ներառեալ վերնագիրը, առնուած կամ ներշնչուած են Հայ առաքելական եկեղեցւոյ «Զղջման արարողութենէն»:

 

 

Նախորդը

Տեղեկատու

Յաջորդը

Կարծիքներ` Հայաստան Ներգաղթի Եւ Պուրճ Համուտի Հայեցի Դիմագիծին Մասին

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Զաւարեանական

Զաւարեանական. Մեր Խօսքը

October 28, 2025
Կարծիքներ Ու Տպաւորութիւններ   «Դաշնակցութիւնը Եւ Ուսանողութիւնը» Միջշրջանային Ուսանողական-Երիտասարդական Խորհրդաժողովին Մասին
Զաւարեանական

Կարծիքներ Ու Տպաւորութիւններ «Դաշնակցութիւնը Եւ Ուսանողութիւնը» Միջշրջանային Ուսանողական-Երիտասարդական Խորհրդաժողովին Մասին

October 28, 2025
Զաւարեանական. Մեր Խօսքը
Զաւարեանական

Զաւարեանական. Մեր Խօսքը

August 26, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.