Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սիրելի Ընկերոջս

Յունուար 15, 2016
| Զաւարեանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այսու կու գամ քանի մը տեսակէտեր պարզաբանելու «Ընկերը եւ Դաշնակցութիւնը» վերնագիրով Նժդեհ Մկրտիչեանի յօդուածին շուրջ, որ հրատարակուեցաւ 11 դեկտեմբեր 2015 թուականին «Ազդակ» օրաթերթի Զաւարեանական էջին մէջ:

«Ընկեր» բառին արմատներէն սկսելով` ընկեր «միասին ուտելու» գաղափարն է, հաց ու աղ բաժնեկցիլն է, սեղանակից ըլլալն է, որ ինքնին հին խորհրդապատկեր մըն է:

Ընկերը այն անձն է, որ կը հպարտանաս, ընկերը այն անձն է, որուն կը վստահիս: Հպարտութիւն է իսկական ընկերներ ունենալը եւ ոչ բազմաթիւ, հետեւաբար հարկ է որակական այդ «բախտաւորութիւնը» ունենալ, եւ ոչ քանակական:

Կարելի է հպարտանալ ընկերով, որուն սիրտն ու հոգին մաքուր է, եսասիրական ոչ մէկ ձգտում ունի, գիտէ տալ ու գիտէ ստանալ եւ ոչ առնել կամ պահանջել: Գիտէ ներել ու գիտէ սիրել եւ ոչ շահագործել:

Ընկերդ այն է, որ անշահախնդիր կը մտածէ, ընկերդ այն է, որ տալիք ունի, բայց առնելիք չունի: Ընկերդ այն է, որ արդարադատ գիտակցութիւն ունի եւ յանդգնութիւնը` ճշմարիտ ըլլալու:

Եւ երբ ընկեր բառին եւ ընկերասիրութեան իմաստն ու պատկերներուն մասին կը խօսիս, անկարելի է անտեսել վերոյիշեալներուն խորհուրդը:

Սակայն «ընկեր» բառը իմաստազուրկ կ՛ըլլայ, երբ առանց արժեւորելու անձը ընկեր բառը իբրեւ գոյական գործածես անոր համար: Երբ կ՛ընդհանրացնես «ընկեր» կոչումը, այդ բառը  կը դառնայ պարզ եւ սովորական իմաստով գործածուող գոյական մը:

Ընկեր` հարազատ բառ մը, սրտաբուխ իմաստով, որուն իւրաքանչիւր անձ արժանի պէտք է դառնայ:

Առ այդ, պատիւն ու արժանապատուութիւնն է, որ պարտականութիւն կը դնեն մեր ուսերուն:

Յեղափոխական քու ընկերդ յառաջադէմն է ու հեռատեսը: Գաղափարի քու ընկերդ անշահախնդիր ու մաքուր միտք ունեցող, համեստ ու գիտակից  անձն է: Պայքարի ընկերդ  այն է, որ քու կողքիդ կը պայքարի եւ ոչ թէ ետեւդ պահուըտած է. իսկ քու կռիւի ընկերդ այն է, որ քու եւ քու իրաւունքիդ պահպանման ու վերահաստատման համար կը կռուի:

Ընկեր ըլլալը, սիրելէ եւ յարգելէ շատ աւելին «կը պարտադրէ». անիկա կը պարունակէ նուիրապետութիւն ու յանդգնութիւն, կը սնուցանէ ճշմարտութիւն եւ անկեղծութիւն:

Առ այդ, ընկերասիրութիւն մը  չի նուազիր, այլ կը դադրի: Կը դադրի, երբ «ընկերը» ընկերոջ կը դաշունահարէ, երբ «ընկերը» իր անձն ու փառքը ընկերոջմէ կը գերադասէ: Ան կը վտանգուի, երբ «ընկերը» ընկերոջ միջոց կը տեսնէ, եւ ոչ ուղեկից: Ընկերասիրութիւնը կը դադրի, երբ «ընկերը» իր անձնական յառաջխաղացքը ընկերոջմէ աւելի կ՛արժեւորէ:

Ընկերասիրութիւնը կ՛անհետանայ, երբ խտրականութիւն եւ զատորոշում տեղի կ՛ունենայ ընկերներուն միջեւ:

Խորքին մէջ մարդ ընկեր չի կորսնցներ, այլ կը գիտնայ, թէ իսկականները որո՛նք են. քանի երբ ընկերութիւն մը աւարտի, այդ կը նշանակէ, թէ երբեք չէր սկսած:

Ընկերասիրութիւն կը նշանակէ համակրանք ամէն ինչէ աւելի, համակրանք անձին, աշխատելաձեւին եւ մտածելակերպին հանդէպ:

Իւրաքանչիւր անձ պէտք է արժեւորէ իր եւ ընկերոջ ընկերասիրութիւնը, եթէ անոնք իսկական ընկերներ են անշուշտ:

Ընկերութիւնը տիրոջ ու ծառայի յարաբերութիւն չէ: Հաւատարմութիւնը, ինչպէս նաեւ ընկերասիրութիւնը երկուղի ճամբաներ են: Կարելի է իսկական հաւատարիմ ընկերներ ունենալ լոկ հաւատարմութիւն ապացուցանելով, արժեւորելով ատակը, զինք զանազանելով անպատկառէն, զայն դասելով հաւասար:

Առ այդ, պէտք ունինք ընկերներու, որոնց «քննադատութիւնները» շինիչ են. պէտք չունինք անոնց, որոնք պառակտումներու պատճառ կը դառնան:

Պէտք ունինք ընկերներու, որոնք պատրաստ են կազմելու մէկ բռունցք, սակայն արդար գործի բռունցք, որ եթէ անկաշառ ձեռքերով չկազմուի, կը պղծուի ու կը նեխի:

Առ այդ, խոցելի ընկերներու կարիքը չունինք մենք, ոչ ալ տզրուկ ձրիակերերու. կեղծաւորներու կարիք չունինք մենք, ոչ ալ շողիքաւոր սովահարներու:

Կարիք ունինք ընկերներու, որոնք «ես»-էն անդին կը մտածեն, անհաշիւ խոնարհելէն աւելի գիտեն, արդար ու ազատ դատողութեան եւ որոշումի տէր անձեր են:

Պէտք չունինք խոստմնազանց հրետոռներու, այլ ուղղամիտ ու համեստ գործօն տարրերու:

***

Փնտռենք մեր անձին խորքերը, գտնենք առաքինութեան, համեստութեան, արդարադատութեան եւ անկեղծութեան գաղափարներն ու ըմբռնումները:

Դուրս գանք մեր ճահիճներէն ու քայլ պահենք ժամանակի յառաջադէմ հոսանքին հետ եւ վերականգնենք մեր այժմէականութիւնը, վերականգնենք մեր հաւատքը  եւ մեր առարկայական մտածելակերպը:

Չհետեւինք անձերու, չհետեւինք անոնց որոնք միայն կը զմայլին իրենք իրենցմով, որոնք պահակներն են իրենց սուտերուն եւ կեղծիքներուն:

Միանանք իրաւունքի ու արդարութեան, պայքարի ու համեստութեան ռահվիրաներուն:

Ընկերդ` ՄՀԵՐ ԳԱՎԼԱՔԵԱՆ

Նախորդը

«Աղջիկները Եւ Տղաքը Պէտք Է Առաջնորդուին Մալալա Եուսաֆզայի Պայքարով Եւ Յանձնառութեամբ»

Յաջորդը

Կարծիքներ` ՀՅԴ-Ի Յառաջիկայ Մարտահրաւէրներուն Եւ Ուղղութիւններուն Մասին

RelatedPosts

Զաւարեանական. Մեր Խօսքը
Զաւարեանական

Զաւարեանական. Մեր Խօսքը

Օգոստոս 26, 2025
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Երիտասարդական Եւ Ուսանողական Համահայկական 12-րդ Բանակումը
Զաւարեանական

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Երիտասարդական Եւ Ուսանողական Համահայկական 12-րդ Բանակումը

Օգոստոս 26, 2025
Մհեր Ջուլհաճեանի Տիպարը
Զաւարեանական

Մհեր Ջուլհաճեանի Տիպարը

Օգոստոս 26, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?