Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պայքարը Կը Շարունակուի՛

Ապրիլ 29, 2016
| Զաւարեանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՐԱԿ Թ. ԱՒԵՏԱՆԵԱՆ

26325698930_bfc075775a_o

Հայոց ցեղասպանութեան 101-րդ ամեակի ոգեկոչման անգամ մը եւս եկանք հսկումով պատուելու մեր անմեղ նահատակներու յիշատակը: Նահատակներ, որոնք այլեւս միմիայն թուրքի սուրին զոհերը չեն, այլ` նահատակներ, որոնք միացան մեր ազգային հոգեւոր կեանքի սուրբերու դասին:

Այս տարի հաւաքուեցանք փաստելու համար, որ 100-ամեակով ոչ մէկ բան վերջ գտաւ: Ընդհակառակն, մենք կը շարունակենք մեր պահանջատիրական աշխատանքը նո՛յն թափով եւ նո՛յն եռանդով:

Այլեւս երկրորդական է խօսիլ, թէ 1915-ին ճիշդ ի՛նչ պատահեցաւ, թէ` ճիշդ ինչպէ՛ս մեր մտաւորական խաւը սպանութեան ենթարկուեցաւ, կամ` ինչպիսի՛ ահաւոր մարդկային, նիւթական, մշակութային եւ մտաւորական վնասներ կրեց հայ ժողովուրդը Ցեղասպանութեան պատճառով:

Այս բոլորը գիտենք եւ պէտք է գիտնանք, որովհետեւ տեղեկացուածութիւնը պահանջատիրութեան առաջին քայլն է:

Սակայն պէտք է ըսել եւ կրկնել, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը տակաւին կը շարունակուի: Թրքական կառավարութեան մերժողական քաղաքականութիւնը կը շարունակէ Ցեղասպանութիւնը: Թուրքը կը շարունակէ տարբեր ձեւերով հայութեան սիսթեմաթիկ վնասներ հասցնելու իր արշաւը: Այդ մէկը մենք փաստեցինք պատմութեան տարբեր փուլերու ընթացքին:

Հայոց ցեղասպանութիւնը վերջ չգտաւ 1918-ին կամ 1923-ին:

Հայոց ցեղասպանութիւնը շարունակուեցաւ Աթաթուրքի բռնատիրական եւ փոքրամասնութիւններու ճնշման քաղաքականութեամբ:

Հայոց ցեղասպանութիւնը շարունակուեցաւ, երբ Թուրքիոյ տարածքին գտնուող 2500 վայր կամ փողոց կրեց Թալէաթ փաշայի, Ճեմալ փաշայի, եւ Էնվեր փաշայի անունները` իբրեւ ազգային հերոսներու:

Հայոց ցեղասպանութիւնը շարունակուեցաւ, երբ Պոլսոյ մէջ ճշմարտութեան եւ պահանջատիրութեան  գրիչը` «Ակօս»-ի խմբագիր Հրանդ Տինք սպաննուեցաւ, Թուրքիոյ պետութեան  գիտակցութեամբ եւ գործակցութեամբ:

Հայոց ցեղասպանութիւնը շարունակուեցաւ, երբ Թուրքիոյ բանակին մէջ ծառայող հայազգի զաւակ Սեւակ Պալըքճըն սպաննուեցաւ իր իսկ զինակիցներու ձեռամբ:

Հայոց ցեղասպանութիւնը շարունակուեցաւ Հայաստանի եւ Արցախի սահմանային շրջափակումներով:

Հայոց  ցեղասպանութիւնը շարունակուեցաւ, երբ անցեալ ամիսներուն Թուրքիոյ կառավարութիւնը գրաւեց Տիգրանակերտի քրիստոնեայ եկեղեցիները` անոնց մէջ ըլլալով Հայ առաքելական Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին:

Հայոց ցեղասպանութիւնը շարունակուեցաւ եւ փաստօրէն կը շարունակուի ամէն օր Արցախի սահմանին վրայ` զինադադարի ազերիական խախտումներով:

1915-ի Հայոց ցեղասպանութիւնը պէտք չէ դիտել իբրեւ Հայկական հարց, այլ` իբրեւ մարդկութեան դէմ ոճիր: Ոճիր մը, որ պէտք չէ անպատիժ մնար: Հոսկէ մեկնած, մէկուկէս միլիոն նահատակներու, բռնաբարուող աղջիկներու եւ կիներու, բռնի ուժով թրքացած եւ քրտացած մանուկներու ցաւի ու տանջանքի վրէժը լուծեց «Նեմեսիս» գործողութիւնը:

«Նեմեսիս» գործողութեամբ հայ արդարադատ բազուկները պատժեցին Ցեղասպանութիւնը մտայղացող եւ կազմակերպող խաւը: Եւ այսպէս, Սողոմոն Թեհլիրեան, Արշաւիր Շիրակեան, Արամ Երկանեան, Միսաք Թորլաքեան եւ ուրիշներ ահաբեկեցին` Թալէաթ փաշան, Պեհպուտ Խան Ճիվանշիրը, Սայիտ Հալիմ փաշան, Պեհաէտտին Շաքիրը, Ճեմալ Ազմին եւ ուրիշներ:

Հայ դատի նուիրեալները նաեւ պատժեցին Լիբանանի եւ Սուրիոյ ժողովուրդի արիւնը ծծած Ճեմալ փաշան:

Տէր Զօրի անապատէն փրկուած մեր ժողովուրդին համար Սուրիան եւ Լիբանանը եղան վերապրումի վայրեր:

1915-ին տեղահանուած հայութիւնը հասաւ Լիբանան որպէս գաղթական եւ դարձաւ երկրին հիմնադիր քաղաքացի:

1915-ին հալածուած հայութիւնը հասաւ Լիբանան` բոպիկ ու ծարաւ ու այս երկրին մատուցեց արուեստի ու արհեստի բարձր որակ:

1915-ի ջարդուած հայութիւնը հասաւ Լիբանան` մահէ եւ կոտորածէ ճողոպրած ու լաւագոյն օրինակը դարձաւ կեանքի ու վերածնունդի:

Իսկ թո՞ւրքը:

Թուրքին քաղաքականութիւնը մնաց նոյնը: Փոխեց իր դիմակը, բայց պահեց իր էութիւնը: Օսմանցին կոչուեցաւ թուրք, սուլթանը եղաւ նախագահ կամ վարչապետ, իսկ Թալէաթը եղաւ Քեմալ, Էրտողան եւ Ալիեւ…

Թուրքիան ոչ միայն կը շարունակէ 1915-ի իր գործած ոճիրը ուրանալ, այլ նաեւ առիթ չի փախցներ նորանոր ջարդեր եւ վնասներ հասցնել հայութեան:

2 ապրիլ, 2016-ի լուսցող գիշերը կարծէք 24 ապրիլ, 1915-ի լուսցող գիշերն էր:

Թուրք-ազերիական բանակը, խախտելով 1994-ի զինադադարի համաձայնութիւնը, յարձակեցաւ Արցախի խաղաղ բնակչութեան վրայ: Չորս օր երկարող այս անակնկալ պատերազմի ընթացքին թշնամին գործածեց արդիական եւ ծանր զէնքեր` հայ գիւղացիին, զինուորին, ծերունիին եւ մանուկին դէմ:

Մենք անգամ մը եւս ականատես եղանք թուրք բարբարոսական յարձակումի մը եւ միջազգային ընտանիքի լուռ անտարբերութեան: Կարծէք 1915 էր նորէն…

2016-ի արցախեան պատերազմին սակայն չուշացաւ Ղարաբաղեան Նեմեսիսը:  Յարձակումներու նոյն պահուն իսկ Արցախի հայոց բանակը հերոսական հակահարուած տուաւ, պաշտպանեց հայրենի հողը, պապենական տունը եւ առիւծածին ժողովուրդը եւ ետ քշեց թշնամիին զօրքերը:

Արցախի այս վերջին պատերազմով մեր հզօր բանակը փաստեց, որ մենք տակաւին 1918-ի եւ 1988-ի ազատատենչ ժողովուրդն ենք:

Արցախի բանակը փաստեց, որ մենք մայիս 28-ի յաղթանակը կերտողներու շառաւիղներն ենք, որ մենք Արցախ ազատագրող կտրիճ ազատամարտիկներու` Թաթուլներու, Կարօտներու, Դուշմաններու, Մհերներու եւ Վիգէններու հայրենասիրութեամբ ոգեւորուած ժողովուրդն ենք:

Մենք Հայ դատի արդար լուծման ու հայ ազգի իրաւունքներու ամբողջական տիրացման պահանջատէր զինուորներն ենք: Եւ պէտք է պահանջատէր մնանք:

Զարմանալի կը թուի մեզի, որ 20-րդ դարու առաջին Ցեղասպանութիւնը, որ կատարելապէս կ՛ամբողջացնէ միջազգային օրէնքի ցեղասպանութեան սահմանումը, տակաւին հարցականի տակ կը դրուի կարգ մը պետութիւններու կողմէ, նոյնիսկ` լիբանանեան քաղաքական որոշ հոսանքներու կողմէ: Այս տատամսումի պատճառը բնականաբար այլ հաշիւներ ու շահեր են` արդարութեան հաշուոյն:

Զարմանալի կը թուի մեզի, որ արդէն 20 տարիէ գործող ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը տակաւին չկարողացաւ Ազրպէյճանը առաջնորդել դէպի Արցախի հարցի լուծման խաղաղ տարբերակ:

Զարմանալի կը թուի մեզի համար որ Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը տակաւին չէ ճանչցած Արցախի ժողովուրդի  ինքնորորշման իրաւունքը, երբ Արցախը կամբողջացնէ ՄԱԿ-ի իսկ պահանջած բոլոր պայմանները:

Զարմանալի կը թուի մեզի, որ Թուրքիան տակաւին Եւրոխորհուրդի անդամ դառնալու թեկնածու է, երբ կը շարունակէ ճնշել իր իսկ ժողովուրդի խօսքի ու աղօթքի ազատութեան արդար իրաւունքին վրայ, կը բանտարկէ լրագրողներ եւ արգելքներ կը դնէ համացանցի ընկերային ցանցերու ազատ գործածման վրայ:

Զարմանալի կը թուի մեզի, որ միջազգային ընտանիքը տակաւին չէ դատապարտած Էրտողանի կառավարութիւնը` անոր ունեցած ուղղակի ներդրումին` Սուրիան մխրճելու ներքին ահռելի պատերազմի մէջ, եւ` շարունակելով օժանդակել ծայրայեղականներուն թէ՛ սահմանային անցք տրամադրելով, թէ՛ ֆինանսաւորումի իմաստով եւ թէ՛ բուժումի ու դեղորայքի ծառայութեամբ:

Միջազգային ընտանիքը պէտք է հասկնայ, որ ինք բարոյական պարտականութիւն ունի ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը: Ազրպէյճանի փեթրօ-տոլարները եւ Թուրքիոյ աշխարհաքաղաքական դրուածքը պէտք չէ պղտօրէն մեր համամարդկային սկզբունքները:

Այս բոլորը մեզի համար անգամ մը եւս կը յստակացնեն, որ մեր միակ դաշնակիցը մենք ենք, եւ պէտք է վստահիլ միայն մեր ուժերուն վրայ:

Ըլլալու համար ուժեղ ու զօրաւոր` հայրենասիրութիւնը առանձինն բաւարար չէ: Պէտք է ունենալ միասնական ոգի եւ ըլլալ մէկ մարմին, մէկ բռունցք եւ մէկ հարուած:

Մէկ մարմին, մէկ բռունցք եւ մէկ հարուած ըլլալ` ո՛չ միայն կը նշանակէ համախմբուած հայութիւն ըլլալ, այլ նաեւ` հասնիլ ու զօրակցիլ հայերու, որոնք կը գտնուին աշխարհի տարբեր անկիւններուն, սկսելով մեր հայրենակիցներէն Հայաստանի եւ Արցախի մէջ, հասնելով մինչեւ մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն Պոլսոյ, Համշէնի եւ Թուրքիոյ ամբողջ տարածքին մէջ:

Ինչպէս յեղափոխաշունչ Ռուբէնը մեզի կը պատգամէ` «Պայքարէն յոգնածը պիտի մահանայ, պայքարի եռանդով լեցուածն է, որ պիտի ապրի եւ պիտի տիրէ»: Ուրեմն համազգային մեր պայքարը շարունակենք մղել միասնական ոգիով: Քաղաքական, լրատուական, մտաւորական եւ մարտական մեր պայքարը մղենք յաղթանակի տեսլականով: Ազգովին շարունակենք մեր պայքարը մինչեւ վերջ, մինչեւ «Ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստան»-ի լուսաշող առաւօտը:

 

 

 

Նախորդը

«Ղարաբաղը Ձեզ Համար Սոսկ Տարածք Է, Մեզ Համար Սուրբ Հայրենիք»

Յաջորդը

Հայաստանեան Անկիւն. «Ուրուական» Դարձող Բերդ-Ամրոցը

RelatedPosts

Մեր Խօսքը
Զաւարեանական

Մեր Խօսքը

Ապրիլ 24, 2025
Վերադարձի Պահը Հասած Է
Զաւարեանական

Վերադարձի Պահը Հասած Է

Ապրիլ 24, 2025
Պայքարով Կերտուած Կեանք Մը
Զաւարեանական

Պայքարով Կերտուած Կեանք Մը

Ապրիլ 24, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?