Էրտողան Կը Քննադատէ Ահաբեկչութեան Դէմ Փարիզեան Քայլարշաւին Նեթանիահուի Մասնակցութիւնը
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի հետ Անգարայի մէջ տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ ինք դժուարութիւն ունի հասկնալու, թէ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու խղճի ի՛նչ հանգստութեամբ մեկնած է Փարիզ մասնակցելու համար ահաբեկչութեան դէմ եւ «Շարլի Էպտօ» երգիծական շաբաթաթերթի զոհերուն զօրակցելու քայլարշաւին: Ֆրանսայի քայլարշաւին Նեթանիահուի մասնակցութիւնը դիտելէն ետք իր զգացումին մասին հարցումի մը պատասախնելով`...




















