
«Ինթըրֆաքս» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով յայտարարած է, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին չի ծրագրէր ուղղուիլ Լեհաստան` 27 յունուարին տեղի ունենալիք «Օշուից» համակեդրոնացման ճամբարի ազատագրման 70-ամեակի արարողութեան մասնակցելու համար:
«Նախագահի աշխատանքի ցանկին վրայ այդպիսի այցելութիւն նշանակուած չէ», ըսած է Փեսքով:
Ան նաեւ նշած է, որ Փութին պաշտօնական հրաւէր չէ ստացած: Փեսքով աւելցուցած է, որ հակառակ ատոր` իրենք մեծ կարեւորութիւն կու տան ամէն տեսակի յիշատակի արարողութիւններուն, առաւել եւս` Յաղթանակի 70-ամեակի տարուան ընթացքին: