Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Շարլի Էպտօ»-ի Ջարդին Կասկածեալները Վառելանիւթի Կայարան Մը Կողոպտած Են

Յունուար 9, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

010815_ParisՖրանսական «Շարլի Էպտօ» պարբերաթերթին դէմ կատարուած յարձակումին երկու գլխաւոր կասկածեալները հիւսիսային Ֆրանսայի մէջ վառելանիւթի կայարան մը կողոպտած են:

Ֆրանսական լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ անոնք հրացանաձգութիւն կատարելէ ետք Էսն շրջանի Վիլ-Քոթերէ քաղաքին ճամբուն վրայ  գտնուող կայարանէն կերակուր եւ վառելանիւթ գողցած են:

Ըստ կայարանի պատասխանատուին, կողոպուտը կատարողները կը համապատասխանեն երկու կասկածեալներու նկարագրութեան եւ զինուած էին քալաշնիքովներով եւ նռնականետերով: Անոնք վայրէն Փարիզի ուղղութեամբ հեռացած են «Ռենօ Քլիօ» տիպի ինքնաշարժով մը, որ կը համապատասխանէ «Շարլի Էպտօ»-ի խմբագրատան դէմ կատարուած յարձակումէն ետք կասկածեալներուն գրաւած ինքնաշարժին:

Ըստ ֆրանսական «Պէ.Էֆ.Էմ.Թէ.Վէ.»-ի, ոստիկանութիւնը մայրաքաղաք առաջնորդող բոլոր ճամբաները հսկողութեան տակ առած է:

Մինչ եկեղեցիներու զանգերը ղօղանջեցին, ամբողջ Ֆրանսան երէկ կէսօրին մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեց երգիծական պարբերաթերթին գրասենեակին դէմ կատարուած յարձակումին զոհ գացած 12 անձերու յիշատակը: Երէկուան ազգային սուգի օրը Ֆրանսայի մէջ անցնող 50 տարիներուն ընթացքին իր տեսակին մէջ հինգերորդն է:

Նշենք, որ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ երէկ Էլիզէի պալատին մէջ խորհրդակցական հանդիպում մը ունեցաւ նախկին նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի հետ:

Մինչ այդ, «Շարլի Էպտօ»-ի փաստաբան Ռիշար Մալքա հաստատեց, որ պարբերաթերթին յառաջիկայ շաբթուան թիւը լոյս պիտի տեսնէ ճշդուած օրը` չորեքշաբթի, սակայն փոխան 60 հազար օրինակին` մէկ միլիոն օրինակով:

Պարբերաթերթին դէմ յարձակումէն ետք իսլամներու դէմ վրէժխնդրական յարձակումներ տեղի ունեցան: Հարաւային Օտ շրջանի Փորլանուվել քաղաքին մէջ իսլամական նամազի սենեակի մը դէմ հրացանաձգութիւն կատարուեցաւ, հարաւային Վոքլուզ շրջանի Քարոմպ քաղաքին մէջ իսլամ ընտանիքի մը ինքնաշարժին վրայ կրակ բացուեցաւ, իսկ արեւմտեան Ֆրանսայի Լը Ման քաղաքին մէջ գիշերանց մզկիթի մը դէմ կեղծ ձեռնառումբեր նետուեցան, կեդրոնական Ֆրանսայի Փուաթիէ քաղաքին մէջ մզկիթի մը դուռին վրայ «Մահ արաբներուն» գրուած է, իսկ կեդրոնական Ֆրանսայի Վիլֆրանշ-Սիւր-Մեր քաղաքին մէջ մզկիթի մը քով գտնուող խորովածի խանութ մը ականահարուեցաւ:

Միւս կողմէ, Փարիզի հարաւը գտնուող Մոնրուժի մէջ զինեալ մը սպաննեց ոստիկանուհի մը: Զինեալը փախուստի ժամանակ նաեւ վիրաւորեց այլ անձ մը: Յստակ չէ, եթէ այս յարձակումը կապ ունի գլխաւոր կասկածեալներ Շերիֆ եւ Սաայիտ Քուաշիներու հետապնդման հետ:

Ֆրանսայի ներքին գործոց նախարար Պեռնար Քազենէօվ զգուշացուց Մոնթրուժի մէջ արշալոյսին տեղի ունեցած հրացանաձգութենէն ետք աճապարուած եզրակացութիւններ կատարելէ:

Նախորդը

Ուաշինկթըն. «Պաղեստինը Միջազգային Քրէական Ատեանին Անդամակցելու Իրաւասութիւն Չունի»

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Թրամփ. «Կազայի Շուրջ Մեր Բանակցութիւնները  Կը Շարունակուին, Եւ Կը Յուսանք Յառաջիկայ  Շաբթուան Ընթացքին Բանի Մը Հասնիլ»
Միջազգային

Թրամփ. «Կազայի Շուրջ Մեր Բանակցութիւնները Կը Շարունակուին, Եւ Կը Յուսանք Յառաջիկայ Շաբթուան Ընթացքին Բանի Մը Հասնիլ»

Յուլիս 15, 2025
Սուէյտայի Մէջ Զինեալ Բախումներ  30 Զոհ Եւ 100 Վիրաւոր Կը Պատճառեն
Միջազգային

Սուէյտայի Մէջ Զինեալ Բախումներ 30 Զոհ Եւ 100 Վիրաւոր Կը Պատճառեն

Յուլիս 15, 2025
Թրամփ Փութինին Ուքրանիոյ Պատերազմը  Դադրեցնելու 50 Օրուան Պայմանաժամ Կը Ճշդէ
Միջազգային

Թրամփ Փութինին Ուքրանիոյ Պատերազմը Դադրեցնելու 50 Օրուան Պայմանաժամ Կը Ճշդէ

Յուլիս 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?