Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Համակեցութեան Արժէքները Գերակշիռ Պիտի Մնան Ֆրանսական Ընկերութեան Մէջ» Կ՛ըսէ Հոլլանտ

Յունուար 14, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ֆրանսուա Հոլլանտ
Ֆրանսուա Հոլլանտ

Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ յայտնեց, որ «Ֆրանսայի դէմ վերջին յարձակումները անարդարանալի են»:

Ան շեշտեց, որ «համակեցութեան արժէքները գերակշիռ պիտի մնան ֆրանսական ընկերութեան մէջ»` նշելով. «Ֆրանսա միշտ ծայրայեղականութեան դէմ պիտի ըլլայ»:

«Շարլի Էպտօ» երգիծական շաբաթաթերթի զոհերու յուղարկաւորութեան ընթացքին իր խօսքը երկրին բնակչութեան ուղղելով Հոլլանտ ըսաւ. «Դուք հասարակական ուժերն էք եւ այդ է այն ուժը, որ կ՛ուզենք յարգել եւ ճանչնալ»` աւելցնելով. «Ասիկա չի նշանակեր, որ սպառնալիքը վերջ գտած է, ատիկա երբեմն կը մօտենայ եւ երբեմն կը հեռանայ, եւ ֆրանսական բանակն է, որ պիտի կռուի այդ սպառնալիքը փոքրացնելու համար, եւ այդ էր, որ ըրինք, երբ անվտանգութեան ապահովման համար 10 հազար զինուոր տեղակայեցինք»:

Ֆրանսայի նախագահը կոչ ուղղեց զգուշութեամբ գործելու եւ ո՛չ հակասեմական ու հակաիսլամական արարքները ընդունելու, ո՛չ ալ` մասնաւորաբար Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ գտնուող ժիհատականներուն հետ մեղմ վարուելու: «Միասնականութիւնը Ֆրանսայի ուժն է, համախմբուելու ուժը, որ կը ներկայացնէ ֆրանսացիները, անոնց միութիւնը եւ աջակցութիւնը, երբ անոնց սկզբունքները կը վտանգուին, որովհետեւ ֆրանսացիներ ենք», ըսաւ ան:

Ֆրանսայի վարչապետ Մանուէլ Վալս երէկ յայտարարեց. «Մենք ծայրայեղական իսլամութեան դէմ պատերազմի մէջ ենք»:

Ֆրանսայի Մէջ Ամէնէն Փնտռուած Կինը
Պահուըտած Է Թուրքիոյ Մէջ

Բրիտանական «Տէյլի Մէյլ» օրաթերթին կայքը կը հաղորդէ, որ օրեր առաջ Փարիզի մէջ հրէական հանրախանութի մը դէմ ահաբեկչութիւն գործած եւ 5 մարդ սպաննած ժիհատական Ահմետի Քուլիպալիի այրին, որ կը գտնուի հետախուզման մէջ, պահուըտած է Թուրքիոյ մէջ:

26-ամեայ Հայաթ Պումետիեն Պոլիս հասած է ամուսնոյն իրագործած յանցանքէն մէկ շաբաթ առաջ: Ըստ օրաթերթին, Ֆրանսայի մէջ ամէնէն փնտռուող կինը, որ կը նկատուի հրէական հանրախանութին դէմ յարձակումին մեղսակիցը, ներկայիս կը պատրաստուի Թուրքիայէն անցնելու Սուրիա:

Թրքական իշխանութիւնները հրապարակած են տեսագրութիւն մը, որուն մէջ կ՛երեւի, թէ ինչպէ՛ս 26-ամեայ կինն ու ոմն Մեհտի Սապրի Պելհուսի իրենց անցագիրները կը յանձնեն սահմանային ծառայութեան աշխատակիցներուն, որոնք փաստաթուղթերը կը կնքեն ու կը վերադարձնեն տէրերուն:

Նշենք, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Միւլութ Չաւուշօղլու երկուշաբթի օր յայտարարեց, որ Պումետիեն հինգշաբթի օրուընէ ի վեր Սուրիա կը գտնուի:

Անգարայի Քաղաքապետ. «Շարլի Էպտօ»-ի Դէմ
Յարձակումին Ետին Կը Կանգնի
Իսրայէլեան Գաղտնի Սպասարկութիւնը»

Անգարայի քաղաքապետ Մելիհ Կէօքճեք Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան երիտասարդական մասնաճիւղերու չորրորդ ընդհանուր ժողովին ընթացքին յայտնեց, որ «Շարլի Էպտօ»-ի դէմ յարձակումին ետին կը կանգնի իսրայէլեան գաղտնի սպասարկութիւնը: Ան նշեց, որ ֆրանսական կառավարութեան` Պաղեստինը իբրեւ պետութիւն ճանչնալու թղթածրարին աջակցելու որոշում որդեգրելը նեղութիւն պատճառած է Իսրայէլի, ինչ որ զայն մղած է Փարիզի մէջ այսպիսի քայլ մը առնելու:

«Իսրայէլ չ՛ուզեր, որ Պաղեստինի պետութեան ճանաչման թղթածրարը Եւրոպայի մէջ զարգանայ, ուստի անոր գաղտնի սպասարկութիւնը այս յարձակումները կը գործէ` եւրոպացիներուն մօտ իսլամութեան եւ իսլամներուն նկատմամբ թշնամութիւնը աճեցնելու», ըսաւ ան:

Անգարայի քաղաքապետը նշեց, որ դէպքերէն ետք Ֆրանսայի մէջ աւելի քան 50 մզկիթի եւ իսլամներուն յատուկ վայրերու դէմ յարձակումներ կատարուած են, սակայն միջազգային հանրային կարծիքին առջեւ չեն ցուցադրուիր:

Լաւրով. «Փարիզի Յարձակումը Գործողները
Սուրիոյ Մէջ Արեւմուտքին Աջակցութիւնը
Վայելած Ահաբեկիչներէն Են»

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, որ «Փարիզի մէջ «Շարլի Էպտօ» թերթին դէմ ահաբեկչական յարձակումը գործադրեցին ահաբեկիչներ, որոնք անդամ էին Սուրիոյ մէջ Արեւմուտքին աջակցութիւնը վայելած ահաբեկչական խմբաւորումներուն»` նշելով. «Ահաբեկիչները ահաբեկչութեան արուեստին մէջ հմտացան Սուրիոյ մէջ»: Ան զգուշացուց, որ ահաբեկչական գործունէութիւնը սահմաններ չի ճանչնար:

Միւս կողմէ, նշենք, որ ԱՖՓ հաղորդեց, որ Պուլկարիոյ մէջ ձերբակալուած է ֆրանսացի մը, որուն շուրջ այն կասկածը կայ, թէ Փարիզի մէջ յարձակումները գործադրած ահաբեկիչներուն հետ կապ ունի:

Եգիպտոսի Տար Ֆաթուան երէկ «Շարլի Էպտօ» երգիծական շաբաթաթերթը զգուշացուց այսօր հրապարակուելիք իր թիւին մէջ Մոհամետ մարգարէն վարկաբեկող ծաղրանկարներ հրատարակելէ:

 

Նախորդը

Ուաշինկթըն. «Հակառակ Իր Օրինականութիւնը Կորսնցուցած Ըլլալուն` Ասատ Պէտք Է Ներկայ Ըլլայ Բանակցութիւններուն»

Յաջորդը

Էրտողան Կը Քննադատէ Ահաբեկչութեան Դէմ Փարիզեան Քայլարշաւին Նեթանիահուի Մասնակցութիւնը

RelatedPosts

Փենթակոն Սուրիոյ Մէջ Թիրախներ  Հարուածած Է Եւ Զգուշացուցած.  «Ոչ Մէկ Խմբաւորում Անպատիժ Պիտի Մնայ»
Միջազգային

Փենթակոն Սուրիոյ Մէջ Թիրախներ Հարուածած Է Եւ Զգուշացուցած. «Ոչ Մէկ Խմբաւորում Անպատիժ Պիտի Մնայ»

Մարտ 25, 2023
Քոպրինեց. «Ռուսիան Մտադիր Չէ Կորսնցնել Յետխորհրդային Տարածքի Տագնապներու  Լուծման Գործին Մէջ Յառաջատար Դերը»
Միջազգային

Քոպրինեց. «Ռուսիան Մտադիր Չէ Կորսնցնել Յետխորհրդային Տարածքի Տագնապներու Լուծման Գործին Մէջ Յառաջատար Դերը»

Մարտ 25, 2023
Սէուտական Արաբիան Իրանէն Խնդրած Է  Միջնորդել Եմէնի Ճգնաժամի Լուծման
Միջազգային

Սէուտական Արաբիան Իրանէն Խնդրած Է Միջնորդել Եմէնի Ճգնաժամի Լուծման

Մարտ 25, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In