Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Շարլի Էպտօ»-ի Սպանդին Կասկածեալ Եղբայրները Սպաննուեցան. «Ֆրանսա Ահաբեկչութեան Դէմ Պատերազմի Մէջ Է Եւ Ոչ Թէ Որեւէ Կրօնի» Ըսաւ Ֆրանսայի Վարչապետը

Յունուար 10, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

010915ParisՄինչ ֆրանսական ոստիկանութիւնը հիւսիսային Ֆրանսայի մէջ պաշարեց «Շարլի Էպտօ» շաբաթաթերթին մէջ կատարուած սպանդին հարցով կասկածեալները, զինեալ մը Փարիզի մէջ հրէական կերակուրներ ծախող հանրախանութի մը մէջ պատանդներ բռնեց: Կը հաղորդուի, որ ան հինգշաբթի օր Փարիզի մէջ կին ոստիկան մը սպաննած զինեալն է:

Փարիզէն 35 քիլոմեթր հիւսիս-արեւելք գտնուող Տամարթեն-ան-Կոելի մէջ «Շարլի Էպտօ»-ի հարցով կասկածեալները եւս պատանդներ բռնեցին: Իսլամական զինեալները դիրք բռնեցին փոքր տպագրատան մը մէջ եւ յայտարարեցին, որ պատրաստ են մեռնելու:

Ֆրանսայի ներքին գործոց նախարար Պեռնար Քազենէօվ հաստատեց, որ զինեալները ուրբաթ օրուընէ ի վեր փնտռուած զինեալներն են եւ պիտի «վնասազերծուին»:

Ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը լրագրողներուն յայտնեց, որ երկու եղբայրներէն մէկը` Սայիտ Քուաշին «քանի մը ամիս» Եմէնի մէջ Քայիտայի մէկ ճամբարին մէջ մարզուած է: Ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ամերիկացի պաշտօնատար մը «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթին յայտնեց, որ Սայիտ եւ իր փոքր եղբայրը` դատապարտեալ ահաբեկիչ Շերիֆ Քուաշի յարձակումէն առաջ դէպի Միացեալ Նահանգներ թռիչք կատարելէ արգիլուած անձերու ցանկին վրայ էին:

Կը հաղորդուի, որ «Շարլի Էպտօ»-ի դէմ յարձակում կատարողները բացագանչած են` «Մենք Եմէնի Քայիտան ենք»:

Աւելի ուշ, ոստիկանութիւնը երկու վայրերն ալ ներխուժեց` սպաննելով պատանդներ բռնած զինեալները: Ըստ տեղեկութեանց, ոստիկանութեան ներխուժումէն առաջ չորս պատանդներ սպաննուած են: Չորս այլ պատանդներ գործողութեան ընթացքին ծանրօրէն վիրաւորուեցան, սակայն 15 ուրիշներ փրկուած են:

Կը կարծուի, որ հրէական հանրախանութին մէջ գտնուող զինեալը «Շարլի Էպտօ»¬ի դէպքին առնչակից երկու եղբայրներուն հետ կապ ունի:

Գործողութեան ընթացքին երկու ոստիկաններ վիրաւորուած են:

Ֆրանսայի իսլամական գլխաւոր համադաշնակցութիւնները ֆրանսական 2300 մզկիթներու իմամներուն կոչ ուղղեցին «առաւելագոյն խստութեամբ դատապարտելու բռնարարքը եւ ահաբեկչութիւնը»:

Ֆրանսայի վարչապետ Մանուէլ Վալս յայտարարեց, որ Ֆրանսա ահաբեկչութեան դէմ պատերազմի մէջ է եւ ոչ թէ որեւէ կրօնի` նշելով. «Այս սպառնալիքը դիմակայելու համար անկասկած նոր միջոցառումներ անհրաժեշտ պիտի ըլլան»:

Վալս Ֆրանսայի ներքին գործոց նախարարութեան մէջ ժողովի մը ընթացքին յայտարարեց. «Մենք ահաբեկչութեան դէմ պատերազմի մէջ ենք եւ ոչ թէ որեւէ կրօնի կամ քաղաքակրթութեան»:

Ֆրանսայի ծայրայեղ աջակողմեան Ժողովրդային ճակատ կուսակցութեան ղեկավար Մարին Լը Փեն Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտին կոչ ուղղեց` Շենկեն մուտքի արտօնագիրները սառեցնելու:

Հոլլանտ յայտնեց, որ Ֆրանսա «Շարլի Էպտօ» պարբերաթերթին դէմ կատարուած յարձակումին պատճառով ցնցումի ենթարկուած է: «Մենք որոշեցինք երկրին մէջ տիրող ներկայ կացութիւնը դիմակայելու համար յաւելեալ ուժեր օգտագործել», նշեց ան:

Փարիզի Մէջ Նախարարական
Միջազգային Ժողով

Միացեալ Նահանգներու արդարադատութեան նախարարութենէն պաշտօնատար մը յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու արդարադատութեան նախարար Էրիք Հոլտըր «Շարլի Էպտօ»-ի դէմ կատարուած յարձակումէն ետք պիտի ուղղուի Փարիզ` մասնակցելու համար Ֆրանսայի ներքին գործոց նախարար Պեռնար Քազանովի հրաւէրով կիրակի, 11 յունուարին գումարուելիք նախարարներու մակարդակի վրայ միջազգային ժողովին:

«Ժողովը պիտի գումարուի Ֆրանսայի ներքին գործոց նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ եւ պիտի անդրադառնայ ահաբեկչական սպառնալիքներուն, օտար զինեալներու դիմակայման եւ բիրտ ծայրայեղականութեան կանխարգիլման կարելիութեանց», ըսաւ պաշտօնատարը:

Միւս կողմէ, «Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Ֆրանսայի երեսփոխանական ընտրութիւններուն առաջին հանգրուանը տեղի պիտի ունենայ 22-23 մարտին:

Անգարա Օժանդակութիւն
Կ՛առաջարկէ Փարիզի

«Թըրքիշ Տէյլի Նիուզ» հաղորդեց, որ Ֆրանսայի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Հաքքը Աքիլ յայտնած է, որ Թուրքիա Ֆրանսային պաշտօնապէս առաջարկած է համագործակցիլ «Շարլի Էպտօ» շաբաթաթերթին դէմ տեղի ունեցած յարձակումի հետաքննութեան եւ պատրաստակամութիւն յայտնած որեւէ տեսակի պետական աջակցութիւն տրամադրելու:

Դեսպանը «Թըրքիշ Տէյլի Նիուզ»-ին յայտնած է, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու 7 յունուարի ուշ գիշերին Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւսի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին աջակցութեան վերոնշեալ պատգամը փոխանցած է:

Դիւանագիտական աղբիւրներ «Թըրքիշ Տէյլի Նիուզ»-ին յայտնած են, որ Ֆրանսա ողջունած է թրքական առաջարկը: Աղբիւրները աւելցուցած են, որ Անգարայի առաջարկը համապարփակ էր եւ կը ներառէր թէ՛ քաղաքական, թէ՛ տեղեկահաւաքի միջոցներ:

Ֆրանսայի մէջ Թուրքիոյ դեսպանը յայտնած է, որ ճգնաժամի լուծման ձեւը պիտի որոշէ, եթէ ֆրանսական եւ եւրոպական հասարակութեան մէջ ճեղքեր պիտի յառաջանա՞ն, թէ՞ ոչ` աւելցնելով, որ կառավարութիւնները «պէտք չէ բեւեռացման առաջնորդող քաղաքականութիւններ արտօնեն»:

«Ահաբեկչութիւնը անարդարանալի է», ըսած է ան` միեւնոյն ժամանակ ցաւ յայտնելով «Եւրոպայի մէջ աճ արձանագրող իսլամատեացութեան եւ օտարատեացութեան» համար:

 

 

Նախորդը

Ուաշինկթըն Քուպայի Հետ Առաջին Պաշտօնական Բանակցութեանց Թուականը Կը Յայտարարէ

Յաջորդը

Ժընեւի Մէջ Իրանի Հետ Բանակցութիւններուն Մէջ Ամերիկեան Պատուիրակութիւնը Պիտի Գլխաւորէ Ուինտի Շըրմըն

RelatedPosts

Այսօր Շարմ Շէյխի Մէջ Կազայի Խաղաղութեան Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Շարմ Շէյխի Մէջ Կազայի Խաղաղութեան Վեհաժողով

Հոկտեմբեր 13, 2025
Թրամփ. «Նոպելեան Մրցանակը Ստացած Անձը Ինծի Հեռաձայնեց Եւ Ըսաւ. Որ Զայն Ի Պատիւ Ինծի Կ՛ընդունի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Նոպելեան Մրցանակը Ստացած Անձը Ինծի Հեռաձայնեց Եւ Ըսաւ. Որ Զայն Ի Պատիւ Ինծի Կ՛ընդունի»

Հոկտեմբեր 13, 2025
Արիւնալի Մարտեր Փաքիստան-Աֆղանիստան Սահմանին Վրայ, Կան Տասնեակ Մը` Զոհեր Երկու Կողմերէն
Գլխաւոր լուրեր

Արիւնալի Մարտեր Փաքիստան-Աֆղանիստան Սահմանին Վրայ, Կան Տասնեակ Մը` Զոհեր Երկու Կողմերէն

Հոկտեմբեր 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?