Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ «Ետիոթ Ահրոնոթ»-ի. Ամերիկացիի Մը Կողմէ Աքսայի Մզկիթի Ականահարման Գործողութիւն Մը Ձախողութեան Մատնուած Է

Յունուար 10, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

010915Dome-of-the-rockԻսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ իսրայէլեան ներքին գաղտնի սպասարկութիւնը` Շապաքը, գործադրութենէն կարճ ժամանակ առաջ ձախողութեան մատնած է Աքսայի մզկիթի գտնուած վայրը ականահարելու ամերիկացի ներգաղթեալի մը ծրագիրը:

Օրաթերթը կը նշէ, որ գործողութեան կանխարգիլումը Իսրայէլին խնայած է ամբողջ Միջին Արեւելքի մէջ «մեծ հրդեհ» մը` աւելցնելով, որ Երուսաղէմի մէջ գտնուող ամերիկացի երեսունամեայ ներգաղթեալ Ատամ Լիվիքս սիոնական եւ քրիստոնէական ծայրայեղական խմբաւորումներու ցուցմունքով յարձակումը գործադրելու համար պատրաստած է երկու ծրագիր` առաջինը հրթիռով, իսկ երկրորդը` ականուած առանց օդաչուի թռչող սարքով մը:

Ըստ Շապաքի Լիվիքսի հարցաքննութեան փաստաթուղթերուն, վերջինս իր երազին մէջ տեսած է զայրացած ցուլ մը, որ պայթուցիկ նիւթերով բեռցուած կարգ մը կը քաշէ եւ արագութեամբ կ՛անցնի Երուսաղէմի հին փողոցներէն, մինչեւ որ կը հասնի Աքսայի մզկիթին գտնուած ժայռին եւ այդտեղ կը պայթի:

Շապաքի հետաքննիչներէն մէկը յայտնած է, որ Լիվիքս մեծ հպարտութեամբ այս երազը պատմած է` զայն նկատելով պատգամ մը, որովհետեւ իր աստղը ցուլն է:

Օրաթերթը կ՛աւելցնէ, որ Լիվիքսի «տեսիլքը» չէ իրականացած, որովհետեւ իսրայէլեան գաղտնի սպասարկութիւնը մէկուկէս ամիս առաջ ձերբակալած է զայն թելաւիւեան բնակարանի մը մէջ եւ անոր մօտ գտած զէնքեր, հրթիռի զինամթերք ու պայթուցիկ նիւթեր: Գաղտնի սպասարկութիւնը նաեւ անոր յարկաբաժինին մէջ ձերբակալած է սենեկակիցը` իսրայէլացի զինուոր մը, որուն ինքնութեան բացայայտումը դատարանը արգիլած է:

 

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Խստօրէն Կը Դատապարտէ Փարիզի Ահաբեկչական Արարքները Եւ Իր Ցաւակցութիւնը Կը Յայտնէ Ֆրանսայի Նախագահին

Յաջորդը

Ուաշինկթըն Համաս-Թուրքիա Յարաբերութիւններուն Նկատմամբ Մտահոգութիւն Կը Յայտնէ

RelatedPosts

Իսրայէլեան Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Կազայի Պատերազմին Վերջ Տալու Համաձայնութեան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Կազայի Պատերազմին Վերջ Տալու Համաձայնութեան

Հոկտեմբեր 11, 2025
Թրամփ Շնորհակալութիւն Յայտնեց Իրանին` Կազայի Համաձայնութեան Աջակցելուն Համար
Միջազգային

Թրամփ Շնորհակալութիւն Յայտնեց Իրանին` Կազայի Համաձայնութեան Աջակցելուն Համար

Հոկտեմբեր 11, 2025
Փութին. «Իսրայէլ Մեզմէ Խնդրեց Իրանին Փոխանցել Պատգամներ, Թէ Ճակատումով Հետաքրքրուած Չէ Եւ Կարգաւորման Յանձնառու Է»
Միջազգային

Փութին. «Իսրայէլ Մեզմէ Խնդրեց Իրանին Փոխանցել Պատգամներ, Թէ Ճակատումով Հետաքրքրուած Չէ Եւ Կարգաւորման Յանձնառու Է»

Հոկտեմբեր 11, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?